«Իրան պիտի արգելակէ Կովկասի ամերիկեան միջանցքը` Ռուսիոյ հետ միասին կամ առանց Ռուսիոյ», մեկնաբանելով Ուաշինկթընի մէջ եռակողմ հռչակագիրի ստորագրութիւնը շաբաթ օր «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդական, նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Վելայաթին:
«Կովկասը աշխարհի ամէնէն զգայուն աշխարհաքաղաքական կէտերէն մէկն է, եւ այդ անցումը ոչ թէ Թրամփի սեփականութիւնը պիտի դառնայ, այլ գերեզմանի պիտի վերածուի Թրամփի վարձկաններուն համար», ըսած է իրանցի պաշտօնեան:
Վելայաթիի համաձայն, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ստեղծումը կը փոխէ շրջանին մէջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, կը յանգեցնէ սահմաններու փոփոխութեան եւ միտուած է Հայաստանի մասնատման»: