Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Միջեւ Ստորագրուած Հռչակագիրին Բնագիրը

August 11, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան մէջ կայացած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպման ընթացքին ստորագրուեցաւ Ազրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ միացեալ հռչակագիր մը` Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքներուն մասին:

Ստորեւ` հռչակագիրին բնագիրը.

«Մենք` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, 8 օգոստոս 2025-ին` հանդիպելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, կը հռչակենք հետեւեալը.

«1.- Մենք եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Ճ. Թրամփ ականատես եղանք Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի համաձայնեցուած բնագիրի նախաստորագրութեան` կողմերու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ: Ըստ այդմ, մենք ընդունեցինք համաձայնագիրի ստորագրութիւնը եւ վերջնական վաւերացման հասնելու ուղղութեամբ հետագայ գործողութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեցինք մեր երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պահպանման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը:

«2.- Մենք ականատես եղանք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ Եւրոպայի մէջ ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ուղղուած` ԵԱՀԿ Մինսքի գործընթացի եւ կից կառուցակարգերու լուծարման վերաբերեալ միացեալ դիմումի ստորագրութեան: Մենք կոչ կ՛ուղղենք ԵԱՀԿ բոլոր մասնակից պետութիւններուն` ընդունելու այս որոշումը:

«3.- Մենք վերահաստատեցինք ներպետական, երկկողմանի եւ միջազգային փոխադրութիւններու համար երկու երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութիւններու ուղիներու բացման կարեւորութիւնը` հիմնուած պետութիւններու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան յարգման վրայ, տարածաշրջանին մէջ ու անոր դրացնութեամբ խաղաղութիւնը, կայունութիւնն ու բարգաւաճումը խթանելու նպատակով: Այս ջանքերը պիտի ներառեն Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով անխոչընդոտ հաղորդակցութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան համար միջազգային ու ներպետական հաղորդակցութեան փոխադարձ առաւելութիւններով:

«4.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի աշխատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ փոխադարձաբար համաձայնեցուած երրորդ կողմերու հետ` Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ «Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» («Trump Route for International Peace and Prosperity» (TRIPP) հաղորդակցութեան ծրագիրի իրականացման շրջանակը սահմանելու նպատակով: Մենք կը հաստատենք մեր վճռականութիւնը բարեխղճօրէն ձեռնարկելու բոլոր միջոցներուն` սոյն նպատակին կարելի եղածին չափ արագ կերպով հասնելու համար:

«5.- Մենք կ՛ընդունինք անցեալի հակամարտութեամբ չկանխորոշուած, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան ու 1991-ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համապատասխան պայծառ ապագայի ուղի նախանշելու անհրաժեշտութիւնը: Մարդկային անասելի տառապանքներ պատճառած հակամարտութենէն ետք մեր ժողովուրդներուն համար ստեղծուած են վերջապէս բարի դրացիական յարաբերութիւններու սկսելու պայմաններ` հիմնուած միջազգային սահմաններու անքակտելիութեան եւ տարածքներ ձեռք բերելու նպատակով ուժի կիրարկման անթոյլատրելիութեան սկզբունքներուն վրայ: Այս իրողութիւնը, որ ենթակայ չէ եւ երբեք պէտք չէ ենթակայ ըլլայ վերանայման, ճամբայ կը հարթէ մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ թշնամութեան էջը փակելու համար: Մենք վճռականօրէն կը մերժենք ու կը բացառենք վրէժխնդրութեան որեւէ փորձ ներկայիս եւ ապագային:

«6.- Մենք կ՛արտայայտենք մեր համոզումը, որ այս վեհաժողովը ամուր հիմք է փոխադարձ յարգանքի եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան յառաջմղման համար:

«7.- Մենք խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Ճ. Թրամփին այս կարեւոր վեհաժողովի հիւրընկալութեան եւ ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ իր նշանակալի ներդրման համար:

«Սոյն հռչակագիրը ստորագրուած է 2025-ի օգոստոս 8-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ»:

 

Նախորդը

Վելայաթի. «Իրան Պիտի Արգելակէ Կովկասի Ամերիկեան Միջանցքը»

Յաջորդը

Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ Ու Ազրպէյճան Ստորագրեցին Միացեալ Հռչակագիր` «Թրամփի Ուղի»-ին Վերաբերեալ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.