«Այսօր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթը յստակ եւ բացայայտօրէն կը յայտարարէ մեր մտադրութիւնները», Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Անիկա կը յայտարարէ, որ մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք, մենք կապեր եւ հաղորդակցութիւն կ՛ուզենք: Մենք երկիրներու միջեւ համարկում կ՛ուզենք», ըսած է Ալիեւ: