«Կը շնորհաւորենք Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Ուաշինկթընի մէջ խաղաղութեան ուղղութեամբ ձեռնարկուած համարձակ քայլերուն համար: Կը գնահատենք Միացեալ Նահանգներու նախագահին դերը այս յառաջընթացը ապահովելու հարցին մէջ», այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի:
«Ինչպէս ես ըսած եմ (Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ) Ճէյ Տի Վենսին, Բրիտանիան պատրաստ է աջակցելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, որովհետեւ երկու կողմերն ալ կը կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները», գրած է Լամի: