Տխուր է ըսել, որ ազգային մեր պարունակը, մանաւանդ վերջին տարիներուն, մխրճուած է հակասութիւններու տիղմին մէջ, յանձնուած` իր իսկ ստեղծած քմայքին ու այլամերժի վերաբերումներուն, որոնք տակաւ կը խորանան, կ՛այլասերեն շրջապատ մը ամբողջ, աւելի՛ն. ներազգային կեանքի մէջ թշնամական որոգայթներու պատճառ կը դառնան:
Այո՛, տեսականի որոգայթներու, որոնք առաջին հերթին կը միտին պառակտել, բարոյալքել ազգը, ապա` ջլատել պետական ներուժը, որ միակ եւ անփոխարինելի արժեհամակարգն է, որով հայն ու Հայաստանը պիտի կարենան դիմակայել, տոկալ, պաշտպանել եւ ապահովել սերունդներու շարունակականութիւնը, հայու տեսակը:
Թէ ինչո՛ւ շեշտը կը դրուի ազգային միասնականութեան եւ քաղաքական մտքի լրջութեան վրայ, պարզապէս որովհետեւ աշխարհաքաղաքական ոլորապտոյտ եւ խենեշ վարքագիծերը տանուլ կու տան ու պիտի տան փոքր ազգերը, պետութիւններն ու ազգային շունչ ու ոգի սնուցող հասարակութիւնը:
Արդ, ներկայ օրերու մարտահրաւէրը, մանաւանդ յարափոփոխ պայմաններու եւ պատերազմական թոհուբոհին մէջ, ազգային պարունակի հզօրացումն է, առաւել բիւրեղացումը, պետականութեան հիմքերուն ուժեղացումը, որովհետեւ առանց այս ու նմանատիպ պատկերացումներու, մօտեցումներու եւ կեցուածքներու, հայութիւնն ու հայոց պետականութիւնը դժուար թէ կարենան համոզիչ դերակատարութիւն եւ խօսք ունենալ մարդկութիւնը ղեկավարող որոշիչ պետութիւններու հարթակներուն վրայ:
Խօսքը կը վերաբերի նորակազմ աշխարհահամակարգին, որ սկսած է ընթացք առնել, տարածուիլ, ահ ու սարսափի, սոսկալի աւերումներու եւ ցեղային զտումներու մթնոլորտ ստեղծել, իր լրումին հասցնելու միջպետական խօլ մրցակցութիւնն ու իրար յօշոտելու վարքագիծը:
Ընդգծուածին ամենավաւերական յարացոյցը պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնն է, որ տեղի կ՛ունենայ համայն մարդկութեան լպիրշ եւ սեւաթոյր հայեացքներուն ներքեւ:
Ա՛լ ինչ խօսք Միջին Արեւելքին մասին, որուն քարտէսագրումը կը կատարուի արեամբ եւ պետականաքանդ գործողութիւններով:
Աւելի՛ն. սահմռկեցուցիչը այն է, որ, այսպէս կոչուած, քաղաքակիրթ աշխարհը թաղուած է հաճոյապաշտութեան մէջ, վաճառած խիղճ ու մարդկայնութիւն, ենթակայ է դարձեր ուժեղի կամքին ու կը շարունակէ սին քարոզներ եւ յորդորներ հրամցնել շուրջբոլոր` ինքնարդարացման լղրճուն վարքագիծ որդեգրելով:
10 օգոստոս 1920:
Իր կարգին, հայ գրողը, հրապարակագիրը, մտաւորականն ու պետական այրը կրնան հարց տալ իրենք իրենց, ի տես համաշխարհային կատարուածին, թէ արդեօք Սեւրի դաշնագիրը, որ հայութեան երբեմնի մեծագոյն քաղաքական իրագործումն էր, ցարդ կը շարունակէ՞ հոգեզինել, խրախուսել մեզ` հաւաքաբար, թէ՞ «փոշիացած», «հիւծած» եւ ժամանակավրէպ դարձած փաստաթուղթ մըն է, որուն մասին խօսիլը, գրելն ու անոր մասին անդրադառնալը, մի տեսակ քաղաքական միամտութիւն է, խեղճութիւն:
Բայց չէ՞ որ հայ մտաւորականի գրիչով արձանագրուած է. «Խեղճութիւնը անէծք է դառնալու քո գլխին», եթէ երբեք ազգը իր պետականութեամբ իր թմբիրէն չարթննայ եւ չկողմնորոշուի` ստեղծելով համահայկական պաշտպանական համակարգ, որով հայոց պետականութիւնը պիտի կարենայ գործի լծել ազգի բոլոր շերտերը, օգտուիլ բազմակողմանի ներուժէն եւ նետուիլ պայքարի դաշտ` տէր կանգնելու պատմական, քաղաքական թէ արդարադատական բոլոր իրաւունքներուն:
Փաստօրէն, երբեմնի հայ քաղաքական միտքը, շնորհիւ հայոց պայքարին եւ անասելի զոհողութեան, կրցած էր նուաճել միջազգային հարթակներ եւ գէթ իր ձայնը լսելի դարձնել Փարիզի խաղաղութեան վեհաժողովին (1919), Սան Ռեմոյի խորհրդաժողովին (1920) ու հետագային` Սեւրի մէջ կայացած միջազգային ժողովին:
Օրին, ստորագրուած դաշնագիրը, Օսմանեան կայսրութիւնը մասնատեց, նաեւ յաջողեցաւ, այսպէս ըսած, փոքրամասնութիւններու քաղաքական իրաւունք եւ «կտոր մը հայրենիք» ունենալու երազը պաշտպանել: Ճիշդ է, որ մեր հայրենիքին տարածքը առաւել ընդարձակուեցաւ (160.000 քառ. քմ), եւ ընդգրկեց էրզրումի, Պիթլիսի, Վանի եւ Տրապիզոնի նահանգները, այդուհանդերձ, անիկա մնաց փաստաթուղթի վրայ արձանագրուած «խեղճացած» ճշմարտութիւն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը 22 նոյեմբեր 1920-ին, արդէն կը հաստատէր արդի Հայաստանի տարածքը:
Պատմագրութեան ծանօթ է հետագայ տարիներու քաղաքական շրջադարձերն ու նորովի քարտէսագրումը, երբ 2 դեկտեմբեր 1920-ին Հայաստան խորհրդային կը դառնար, իսկ Լոզանի դաշնագրով (24 յուլիս 1923) վերջ կը գտնէր հայկական հարցն ու հայոց հողային պահանջները:
Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Ահարոնեանի ազնիւ ստորագրութիւնը ապացոյց եղաւ հայոց պայքարին արդիւնաւէտութեան:
Մեր այսօրը, իր կարգին, բազում մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի, իսկ հայոց պետականութիւնը` զերծ չէ աննախատեսելի վտանգներէ:
Փաստօրէն, հայ քաղաքական միտքը կը գտնուի հաստաբեստ պատնէշներու դիմաց: Խաղաղասիրական ոստոստուն քայլերը, արեւելումի շղարշուած եւ տխեղծ միտումները, միջազգային որոշիչ ուժերու հետ գործակցելու խանդն ու բարձր տրամադրութիւնը, ներազգային կեանքի ալեկոծ վիճակը, անհանդուրժողութիւնն ու բռնաճնշումներու տեսականին, պահ մը մտածել պէտք է տայ, որ իշխանութիւնը, հայոց պարագային` լծակ պէտք չէ ըլլայ, այլ պարտաւորեցնող գործօն` յաւելեալ կորուստներէ եւ ցնցումներէ զերծ պահելու հայրենիքն ու հայութիւնը:
Արցախի կորուստէն ետք, հայոց պետական մտածողութիւնը` պէտք էր առանց յապաղումի շրջադարձ մը ապրէր եւ լծուէր ինքնահաստատման եւ բիւրեղացման ճանապարհի ամրապնդման, խուսափելու համար թշնամի ուժերու թակարդներէն:
Արդարեւ, իշխանութեան համակարգի այս կամ այն զիջողական քայլերն ու քաղաքական միտումները, որոնք դժբախտաբար բացայայտ են եւ կ՛ընդգրկեն շատ վտանգաւոր տարրեր, պէտք է յուշեն մեզի` հայութեան, որ պատմաքաղաքական ատենի իրադարձութիւնները, ինչպէս` Սեւրի դաշնագիրը, օրին ունէին իրենց եզակի տրամաբանութիւնը, աշխարհաքաղաքական խաղերն ու կանոնները:
Այսօր, այդ քաղաքական խաղերը ի հեճուկս հայութեան գերագոյն շահերուն կ՛ընթանան: Միւս կողմէ սակայն, հարցադրում մը ինքզինք կը պարտադրէ, ինչպիսի՞ վերաբերում, մտածում ու հայեցակարգ պիտի ունենան, կրնան ունենալ նոյնինքն այն երկիրները, որոնք քաջ գիտակից են Սեւրի դաշնագրին, եւ միւս կողմէ, ականատես կ՛ըլլան հայրենի իշխանութեան զիջողական քաղաքականութեան, հակառակ իրենց որդեգրած երկդիմի եւ ստոր քաղաքական խաղերուն:
Այլ խօսքով` ներքնապէս պիտի տրտնջան, զարմանքի հոգեվիճակներ ունենան եւ լո՜ւռ անցնին պարտուողական վարքագիծեր ունեցողներուն քովէն: