Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Սփիւռք. Յղացքներ Դէպի Զարգացող Հայկական Ազգային Նախագիծ – Ա.

Օգոստոս 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Դարեր շարունակ պետականութեան բացակայութիւնը, պատմական ցաւալի փորձառութիւնները եւ կայուն ու յարատեւ քաղաքական կազմակերպութեան չգոյութիւնը խորապէս ձեւաւորած են հայ քաղաքական միտքը: Այս փորձառութիւնները յաճախ աղաւաղած են ազգի, պետութեան եւ ինքնիշխանութեան սահմանները` դժուարացնելով հայ ազգի բարոյական ինքնութեան համադրումը ժամանակակից պետականութեան աշխարհաքաղաքական իրողութիւններուն հետ: Լարուածութիւնը շարունակաբար անորոշութիւն կը յառաջացնէ` թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ ազգ, պետութիւն, կամ երկուքը միաժամանակ,  յատկապէս երբ կը փորձենք հաւասարեցնել ցիրուցան ժողովուրդի մը բարոյական ձգտումները եւ փոքր, պատերազմի մէջ գտնուող հանրապետութեան գործնական սահմանափակումներուն հետ:

Այս պարունակին մէջ հայկական ազգային նախագիծի մը գաղափարը օգտակար շրջանակ մը կը ներկայացնէ ոչ թէ որպէս հաստատուած վարդապետութիւն, այլ իբրեւ դիտակէտ մը` վերաիմաստաւորելու համար ինքնիշխանութիւնը, ինքնութիւնը եւ քաղաքական նպատակը: Հայկական ազգային նախագիծը ներդաշնակ է նաեւ այն հռչակաւոր գաղափարին հետ, զոր Պենետիկ Էնտըրսըն «երեւակայեալ համայնք» կոչեց. ազգ մը, որ միայն տարածքէ կամ պետական հաստատութիւններէ բաղկացած չէ, այլ` ժամանակի ու տարածութեան վրայ պահպանուող հաւաքական ինքնութեամբ, լեզուով, յիշողութեամբ եւ խորհրդանշական ներկայութեամբ: Իրենց ժամանակակից պատմութեան մեծ բաժինին մէջ հայերը գործած են որպէս այդպիսի համայնք` միացուած աւանդական արարողութիւններով, եկեղեցական կարգով, դպրոցներով, հրատարակութիւններով եւ հաւաքական յիշողութեամբ, անգամ` անկախ պետականութեան պետութեան բացակայութեան ժամանակներուն:

Մտաւորական Խաչիկ Թէօլէօլեանը` «Diaspora» ամսագրի հիմնադիր խմբագիր եւ հայկական սփիւռքագիտութեան առաջատար տեսաբան, կը յիշեցնէ մեզի, թէ հայերը յաճախ կը շփոթեն վարչական ինքնակառավարումը, որ հիմնուած է օսմանեան «միլլէթ» համակարգի վրայ, իսկական քաղաքական կարողութեան եւ գործակցութեան հետ: Այս ժառանգութիւնը կը շարունակուի այսօր. թէեւ հմուտ կերպով կը վարենք մեր համայնքային հաստատութիւնները, յաճախ կը խուսափինք ուժի ռազմավարութիւններ ձեւաւորելէ կամ հետեւողական, միջազգային քաղաքական մտածումի մէջ ներգրաւուելէ:

Քաղաքականապէս մտածելը կը նշանակէ ուժի յղկուածութիւնը հասկնալ եւ ուսումնասիրել: Ան կը հետազօտէ` տիրապետումը եւ գործակցութիւնը, կարգի եւ դիմադրութեան փոխյարաբերութիւնը, եւ այն հակասական տեսլականները, թէ ինչպէ՞ս միասին կ՛ապրինք: Իր էութեամբ, քաղաքական մտածումը բանակցութիւնն է այն ի՛նչ է եւ այն ի՛նչ պէտք է ըլլայի միջեւ: Ինչպէս Միշել Ֆուկոն նշած է, ուժը ոչ թէ կը պահուի, այլ կը գործադրուի: Ան կը գործէ յարաբերութիւններու, հաստատութիւններու եւ գաղափարներու միջոցով` սահմանելով, թէ մարդիկ ի՛նչ կրնան ընել կամ դառնալ: Սփիւռքահայութեան համար այս ուժը կ՛արտայայտուի շահերու ջատագովութեան (advocacy), կազմակերպուած ցանցերու (networks)  եւ սերունդներ ու սահմաններ անցնող համախմբման կարողութեան միջոցով:

Քաղաքականօրէն մտածել իբրեւ հայ` կը նշանակէ հարցադրել, թէ ուժը ինչպէ՞ս կը գործէ, ոչ միայն հայկական պետական կառոյցներէն ներս, այլ նաեւ` սփիւռքներու, մարտահրաւէր նետող պատմութեան եւ պետականութիւն չունեցող գոյութեան մէջ: Հայ քաղաքական միտքը կը ջանայ պատասխան տալ վարչապետութեան, զօրութեան եւ ինքնութեան մասին հասկացողութիւններուն` իրենց յատուկ մշակութային եւ պատմական փորձառութիւններուն մէջ: Ան կը ձեւաւորուի` արտաքին ուժերով, ճնշումներով, ներազգային վերանորոգման ու ազատութեան ձգտումներու միջոցով, ինչպէս նաեւ` գոյատեւման անընդհատ հրամայականով:

Հետեւաբար ի՞նչ կը նշանակէ, գործնականապէս, սփիւռքի համար այսօր քաղաքականապէս մտածել եւ գործել: Կ՛առաջարկեմ հիմք հանդիսացող հիմնական նպատակներ, որոնք կը սահմանեն 21-րդ դարու հայ քաղաքական սփիւռքի գործունէութեան շրջանակը` անհրաժեշտ, բայց այլեւս բաւարար չեղող ներքին կառավարման եւ մշակութային պահպանման գործունէութենէն անդին:

Հայութիւնը հաւաքաբար ներկայացնող, ազդեցութեան միջոցով «ոչ պետական» (փափուկ) ուժի մը ձեռքբերումը եւ գործադրութիւնը,

Հայ քաղաքակրթական յարատեւութեան պահպանութիւնը սերունդէ սերունդ,

Փոխադարձ գործակցութիւն կառուցել հայկական պետութեան հետ` հիմնուած միասնական նպատակի եւ փոխյարաբերական ինքնավարութեան վրայ,

Համաշխարհային հայկական շահերու պաշտպանութիւնը` ներառեալ համայնքներու, իրաւունքներու եւ մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը աշխարհի բոլոր կողմերը,

Հայաստանի հետ երկքաղաքացիութիւնը յառաջ մղել, որպէսզի սփիւռքահայերը դառնան գիտակից մասնակցողներ, խորացնեն իրենց մշակութային կապերը, երկարաժամկէտ կերպով ներքաշուին հայակեդրոն գործունէութեան մէջ եւ ունենան արդիւնաւէտ մասնակցութիւն:

Այս նպատակները կը ներկայացնեն շրջանակի մը ուրուագիծը, սակայն իւրաքանչիւրը կը պահանջէ հետագայ քննարկում եւ գործնական մանրամասնութիւններու մշակում:

Պարզ խօսքով, այս յօդուածը չի պնդեր, որ հայ սփիւռքը պէտք է միատեսակ քաղաքական ինքնութիւն ունենայ: Սփիւռքը է եւ պէտք է մնայ բազմազան եւ բազմակողմանի: Ան ձեւակերպուած է տարբեր պատմութիւններով, աշխարհագրութիւններով եւ քաղաքական պայմաններով: Հոս նպատակը կեդրոնացում չէ, այլ` համատեղ ռազմավարական ուղղութեան խթանումը, որ հիմնուած կ՛ըլլայ նուազագոյն համաձայնութեան վրայ հիմնական նպատակներու շուրջ, որ  իր կարգին կրնայ համադրել բազմազան ջանքեր: Պարտադիր չէ, որ քաղաքական գործակցութիւնը ըլլայ տիրող, ան կրնայ ըլլալ ապակեդրոնացուած, յարմարողական եւ ցանցային: Ո՛չ ալ պէտք է այս օրակարգը սահմանուի ուղղակի դասական հաստատութիւններու սահմանափակ, նեղ վերնախաւին կողմէ: Ան պէտք է աճի բաց երկխօսութեան, սերունդներու նորոգման եւ գործակցութեան միջոցով` սփիւռքային համայնքներու ներսէն ու համագործակցութեան միջոցով:

Սփիւռքի կազմակերպուած մարմինի քաղաքական նպատակները սահմանելուն ուղղուած փորձը, ինչպէս զայն կը ձեւակերպէ  գաղափարական կրտսեր ընկերս` դոկտ. Ռազմիկ Շիրինեան իր յօդուածին մէջ,  կենսական է, որպէսզի դուրս գանք պատահական կամ արձագանգային շարժումի տրամաբանութենէն: Եթէ չկայ ընդհանուր մտածելաձեւ, սփիւռքի քաղաքական ճիգերը կրնան տարանջատուիլ, հակասական դառնալ, կամ սահմանափակուիլ մշակութային կարօտի: Այս նպատակները պէտք է արտացոլացնեն ներկայ վիճակը: Սփիւռքի քաղաքական առաջնահերթութիւնները 2025-ին զգալիօրէն կը տարբերին 1920-ականներէն, երբ գոյատեւումը եւ աքսորը կը սահմանէին օրակարգը, կամ` 1970-ական եւ 80-ականներէն, երբ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը գերակայէր, կամ` 1990-ականներէն, երբ Արցախի եւ Հայաստանի նորահաստատ անկախութեան աջակցութիւնը դարձաւ կեդրոնական: Այսօրուան իրաւութիւնները կը պահանջեն արդիականացած եւ յառաջադէմ ռազմավարութիւններ: Յստակ քաղաքական նպատակները հնարաւորութիւն կու տան ռազմավարական համահունչութեան, հաստատութիւններու շարունակականութեան եւ աւելի արդիւնաւէտ գործակցութեան` հայկական պետութեան եւ բազմազան միջազգային դերակատարներու հետ: Այսօրուան աշխարհաքաղաքական տատանումներու եւ քաղաքակրթական մրցակցութիւններու ժամանակաշրջանին մէջ սփիւռքի ուժը մենաշնորհուած չէ միայն թիւերու կամ զգացմունքի մէջ, այլ իր կարողութեան մէջ` նպատակով գործելու սերունդներու եւ սահմաններու ամբողջ տարածքին:

Հայաստանի փոթորկալից պատմութիւնը եւ աշխարհագրութիւնը, ցաւօք, կանխորոշեցին, որ ազգին աւելի քան կէսը ապրի իր պատմական բարձրաւանդակներէն դուրս: Ցեղասպանութեան մոխիրներէն ծնած սփիւռքը գոյատեւումի եւ վերանորոգումի վկայութիւն մըն է, սակայն` առանց քաղաքական գործակցութեան, առանց փափուկ ուժ արտացոլման կարողութեան, այս առանց պետութեան ազգաբաժինը կը գտնուի վախճանելու վտանգին դիմաց` սուզուելով միայն յիշողութեան մէջ, փոխանակ շարունակելու ձեւաւորել հայկական քաղաքակրթութիւնը եւ պաշտպանել հայկական շահերը:

Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք կարդացին այս գրութեան նախնական տարբերակները եւ օգտակար կարծիքներ տուին նիւթի մը մասին, որ յաճախ դժուար է քննարկել` ակադեմական անտարբերութեան եւ ուժգին ազգայնականութեան միջեւ:

(Շար. 2 եւ վերջ)

—

(Շար. 1)

Նախորդը

Լիբանանի Ողբերգական Ժամանակաշրջանը Բնորոշող Երաժիշտ Զիատ Ռահպանին Մահացած Է 69 Տարեկանին

Յաջորդը

Նշմար. Սիւնիքի Վաճառքը Վճռումի Սեմի՞ն

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?