Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Յուլիսի Թիւը

August 6, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն հասանելի է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 7-րդ թիւը, որուն մէջ քաղաքական խորագիրներու տակ կը կատարուին ներկայիս հայ հասարակութեան համար առաւել հնչեղութիւն ունեցող թեմաներու լուսաբանութիւնն ու վերլուծումը:

Անդրադառնալով Հայ եկեղեցւոյ վերաբերող զարգացումներուն, «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, ներքին հետապնդումներու թեմաներուն եւ այլ իրողութիւններու` ըստ պաշտօնաթերթի «Առաջնորդող»-ին, Նիկոլ Փաշինեան, ըստ էութեան, պատերազմ յայտարարած է հայ ժողովուրդին դէմ: Խօսելով վերջին շրջանի իրերայաջորդ իրադարձութիւններուն մասին` Անի Մելքոնեանի յօդուածին եզրակացութիւնը այն է, որ Նիկոլ Փաշինեանի հակազգային քաղաքականութիւնը դատապարտուած է, սակայն կործանարար այս ընթացքը կասեցնելու համար անհրաժեշտ է ազգային ուժերու միաւորումը եւ միացեալ պայքար:

Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի տրամադրած ուսումնասիրութիւնը այս անգամ կը ներկայացնէ մերօրեայ արդի խնդիրներէն` Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումներու հարցը «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերեալ:

Դաշնակցութեան եւ ոչ միայն Դաշնակցութեան համար նշանակալի իրադարձութիւն էր տարիներու ընդմիջումէ ետք համահայկական երիտասարդական եւ ուսանողական նոր բանակումի կազմակերպումը, այդ ալ` հայրենիքի մէջ: «Դրօշակ»-ի մէջ տեղ գտած են խօսքեր, որոնք արտասանուեցան բանակումին ընթացքին:

Ուշագրաւ յօդուածներ տեղ գտած են «Դէմքեր եւ դէպքեր» խորագիրին տակ: Հայկազուն Ալվրցեանի յօդուածի երկրորդ մասով կ՛ամփոփուի համշէնահայ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ, հայ նշանաւոր վրիժառու Միսաք Թորլաքեանի հերոսական գործունէութեան պատմութիւնը:

Հրանտ Մաթեւոսեանի ծննդեան 90-ամեակին առիթով «Դրօշակ»-ը կը ներկայացնէ Մովսէս Ծիրանիի հետաքրքրական յուշը անոր մասին: Մուսալեռցիներու միջավայրի խորապատկերին վրայ յուշագիրը կ՛անդրադառնայ 20-րդ դարու աւարտին մեր արձակի դասական կերպարին` իբրեւ հայ մարդու եւ գրողի:

Ասոր զուգահեռ` Յակոբ Կարապենց սփիւռքահայ արձակագիրի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով հետաքրքրական յօդուած գրած է Մարգարիտա Խաչատրեան: Կարապենցի հեղինակած, ինչպէս եւ անոր ստեղծագործութեան նուիրուած յօդուածները կը բացայայտեն տաղանդաւոր գրողին մտահոգութիւնը սփիւռքի մէջ հայկական դպրոցներու պահպանման եւ նորերու ստեղծման հարցով:

«Դրօշակ»-ի այս թիւը ընթերցելու համար այցելել https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2025/07/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-7-2025%D5%A9.pdf

Նախորդը

«The Cedars Whispered» Գիրքին Շնորհահանդէսը Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փաշինեանը Պատերազմ Է Յայտարարել Հայ Ժողովրդին

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.