Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ինչպէս կը սպասուի, ուրբաթ օր Սպիտակ տան մէջ պիտի ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է «Թուրան» լրատու գործակալութեան Տումայի մէջ պաշտօնական թղթակից Ալեքս Ռաուֆօղլու:
«Բազմաթիւ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պատրաստ են այս շաբաթավերջին Ուաշինկթընի մէջ յայտարարել խաղաղութեան իրենց մտադրութեան մասին», նշած է ան: