Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյրան Խաթլամաճեան (ԼԹ.) Իրաւ Մարդն Ու Իրաւ Արուեստագէտը

Օգոստոս 5, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Երեւան, 1995, Սեպ. 14

Սէյրան Խաթլամաճեան

Այդ օրերուն Ազգային ժողովրդավարական միութիւն (ԱԺՄ) կուսակցութեան ակումբը Աբովեան փողոցի վրայ «Կինօ Մոսկուա»-էն քիչ մը վար կը գտնուէր: Հանդիպման էի Վազգէն Մանուկեանի եւ Լութվիկ Խաչատրեանի հետ: Ծանր եւ տագնապալից օրեր էին: Երկար տարիներ բացակայելէ ետք,  առաջին անգամն էր, որ կու գայի հայրենիք: Թէ ի՛նչ կը քննարկէինք` այդ մասին այլ առիթով… Ես աւելի լսողի դերի մէջ էի, քան խօսողի, յանկարծ հեռաձայնը հնչեց: Վազգէնը բաւականին երկար խօսելէ ետք ըսաւ.

-Տղա՛ք, ստիպուած դուրս եմ գալու… Երեկոյեան ինձ մօտ եկէք` տանը, թէ՛ մի գաւաթ օղի կ՛առնենք եւ թէ՛ զրոյցը կը շարունակենք:

Լութվիկը «Այժմ» թերթի (որուն խմբագիրն էր) գրասենեակը հրաւիրեց… խօսելիք ու պատմելիք շատ կար, սակայն ես նախընտրեցի դուրս գալ, քիչ մը առանձինն զբօսնուլ… Խիստ կարօտցած էի Երեւանը… Թէեւ փողոցները նոյնն էին, սակայն շատ բան փոխուած էր, եւ շատ բան նոր էր ինծի համար: Երբ «Երեւան» հիւրանոցի անկիւնը հասայ, յանկարծ մէկը առջեւս կտրեց  ու ըսաւ.

Երիտասարդ Սէյրանը Մարտիրոս Սարեանին հետ

– Էս ո՞ւր ես գնում, չես էլ նայում թէ դիմացինդ ո՞վ է … Ո՞վ չի… Ե՞րբ ես եկել… ի՞նչ ես անում … մինչեւ հիմի ո՞ւր էիր, գալիս ես` ձէն տուր, մենք  էլ մարդ ենք…

Գեղանկարիչ Արկադի Բաղդասարեանն էր, որուն արտակեդրոն բնաւորութիւնն ու «խենթութիւնները» նոյնպէս կարօտցած էի: Նախ չգիտցայ` ո՞ր մէկ հարցումին պատասխանեմ, ապա շուարած ըսի.

– Ուզում էի Նկարիչներու տունը այցելել իմանալու համար, թէ ի՛նչ միջոցառումներ են անում:

– Ոչ մի բան էլ չեն անում…Պօղոսը (Հայթայեան, այդ օրերու Նկարիչներու միութեան նախագահը) փորձում է ինչ-որ բան անել, բայց չի ստացուում… ներսում ցուցահանդէս կայ, բայց ո՛չ հետաքրքրուող կայ, ո՛չ էլ շարժում:

Առանց մեկնաբանութեան

– Իսկ դու ո՞ւր ես գնում: Արի միասին մտնենք, յետոյ մի բաժակ սուրճ, մի բան…

Խօսքս չաւարտած` ըսաւ.

– Գնում եմ Սէյրանի մօտ…

Այս անգամ ես իր խօսքը կտրելով` ըսի.

– Ես էլ կը գամ, հազար տարի է չեմ տեսել նրան, շատ եմ կարօտել…

Արկոն նախ լռեց… շեշտակի նայեցաւ աչքերուս ու ըսաւ.

– Ինձ թւում է, որ դու «խապար» չես…

– Մի րոպէ, մեր Սէյրանի, Խաթլամաճեանի մասին չի՞…

– Այո՛, բայց… ես չեմ գնում նրա հետ օղի խմելու, այլ նրան վերջին հրաժեշտը տալու…

Իմ ընկերասէր ընկեր,

Ձախէն աջ` Արկադի Պաղդասարեան (Արկօ), Վիգէն Թադեւոսեան, Մովսէս Հերկելեան եւ Ալպերթ Կոստանեան. լուսանկարուած` Սէյրանի յուղարկաւորութեան օրը:

Չափազանց դժուար պիտի ըլլայ վերապրիլ այդ մտալլկիչ պահը: Աւելի ճիշդը` ո՛չ կրնամ եւ ո՛չ ալ կ՛ուզեմ  նկարագրել այդ ծանր վայրկեանները, որովհետեւ եթէ երբեք Սէյրանի նման վստահելի, ընկերասէր, գաղափարակից, յախուռն ու արտակեդրոն բնաւորութեան տէր եւ միաժամանակ տաղանդաւոր  արուեստագէտ ընկեր մը ունեցած ըլլայիր… այդ պարագային միայն կրնայիր  հասկնալ ու ճիշդ ըմբռնել կացութիւնս:

(Արկոյի հետ այս հանդիպումի մասին առիթով մը գրած եմ, սակայն` ոչ այս մանրամասնութեամբ):

Գացինք: Հոն էին` գրող, արուեստագէտ, դերասան ու առհասարակ մտաւորական գրեթէ բոլոր մեր ընկերները, որոնք հերթով կը մտնէին արուեստանոց` վերջին յարգանքի տուրքը մատուցելու համար Սէյրանին: Նկատի առած իմ յուզուող ըլլալու բնաւորութիւնս` ներս չմտայ, այլ տեղաւորուեցայ բակը դրուած նստարանին, ուր արդէն իսկ նստած էին գրող-գրականագէտ Ալպերթ Կոստանեանն ու վերացապաշտ գեղանկարիչ Վիգէն Թադեւոսեանը, որ միաժամանակ դրացին էր Սէյրանին: Քիչ ետք Արկոն ալ եկաւ… դժգոհ էր … ըսաւ.

– Սէյրանի նման հանճարեղ մարդուն պետական թաղում չեն կազմակերպում: Նրա տեղը պանթէոնում  պէտք է որ լինի:

Ալպերթը, որ սակաւախօս մարդ էր, աւելցուց.

– Այս երկրում խորհրդային բարքերը դեռեւս շարունակւում են: Տաղանդաւոր լինելը յանցանք է…իսկ հայրենասէր ու յանդուգն լինելը` առաւել եւս…

Սէյրանը իր տարերքին մէջ

Ի դէպ, Արկոն ու Վիգէնը, Սէյրանի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի վերացապաշտ դպրոցի գլխաւոր հիմնադիրները կը համարուէին: Թէեւ կային ուրիշներ եւս, սակայն այս եռեակը իրենց ոճով ու արտայայտչաձեւերով, իրարմէ բոլորովին տարբեր ըլլալով հանդերձ, մօտիկ ընկերներ էին, ու  միասնաբար կը պայքարէին վերացապաշտական տեսակէտները պաշտպանելու եւ տարածելու: Իսկ Ալպերթի պարագային, թէեւ սերտ յարաբերութեան մէջ էի իրեն հետ, սակայն միայն մէկ անգամ գացած էի իր մօտ (յատուկ խորհրդակցութեան մը համար) եւ անգամ մըն ալ չէի ուզած մտնել իր բնակարանը, որովհետեւ ոչ միայն գրեթէ կահոյք չունէր, այլ, հակառակ բազմաթիւ գեղանկարիչ ընկերներ ունենալուն, պատերը բոլորովին պարապ էին, միայն մէկուն վրայ շեղակի կերպով կախուած էր Պարոյր Սեւակի լուսանկարը: Երբ դիտել տուի, թէ ծուռ է եւ ուզեցի շտկել, յանկարծ ըսաւ.

– Ձեռք մի՛ տուր: Մովսէս ջան, Սեւակը` ինքը Ծուռ էր, Սասնայ Ծուռ: Ինքը այդպէս էր եւ այդպէս էլ թող մնայ… դա իր ցանկութիւնն է…

Երեւան, «Կազիրոք» սրճարան, 1978. ուշ գարուն

Մեր ուսանողական տարիներուն «Կազիրոք»-ը  գրողներու, արուեստագէտներու եւ առհասարակ մտաւորականներու նախընտրած սրճարաններէն մէկն էր: Հոն կրնայիր հանդիպիլ նոյնիսկ Եր. Քոչարի, Յով. Չէքիճեանի, Օհան Տուրեանի, Սօս Սարգսեանի, Վիլէն Գալստեանի  եւ կամ Յով. Շիրազի նման յայտնի դէմքերու: Այդ օր ընկերներով (Ալ. Թոփճեան, Հ. Էդոյեան, Յակոբ Մովսէս եւ Վարուժան Վարդանեան) նստած էինք եւ զրոյցը կը դառնար լիբանանահայ գաղութի մռայլ ապագայի շուրջ: Յանկարծ Սէյրանն (Խաթլամաճեան) ու Վիգէնը միասին եկան: Սէյրանը նստելէ առաջ մէկ կողմ հրաւիրեց զիս ու ոտքի վրայ ըսաւ.

– Անցեալում բողոքում էիր, թէ հանրակացարանում խիստ հսկողութեան տակ ես եւ այնքան շատ այցելուներ ես ունենում, որ չես կարողանում աշխատել:

– Բայց ո՞ւր է, եթէ կեդրոնում մի յարմարաւէտ սենեակ լինէր, կը վարձէի: Տարիներ առաջ ունեցել եմ, Շարա Տալեանի բնակարանն էի ապրում, սակայն կինը` Ժասմինան, յետոյ հրաժարուեց վարձու տալուց:

– Խօսքս հէնց դրա մասին է… Արմենակ Եկարեան անունը մի բան ասո՞ւմ է քեզ:

– Վանի գլխաւոր հերոսների՞ց…

– Այո՛, Արամ Մանուկեանի հետ միասին նրանք ղեկավարել են Վանի հերոսամարտը…

– Բայց ի՞նչ կապ ունի դա…

– Ասեմ, նրա աղջիկը` Տիկին Արմէնիկը, իմ համաթաղեցին է, նա ապրում է Սարեան տուն-թանգարանի հանդիպակաց շէնքում: Իր մի փոքր սենեակը ուզում է վարձով տալ, նա ոեւէ մէկին չի կարող ընդունել իր մօտ… վստահելի ու կարգին մարդ է փնտռում: Ազնուական կին է, նա քեզ կը պահի իր երեխու նման… գնանք` քեզ ծանօթացնեմ:

Գացինք եւ այդպէս ալ եղաւ: Տիկ. Արմէնիկը յարգուած անձնաւորութիւն էր  մտաւորականներու որոշ շրջանակէ մը ներս, որոնք իբրեւ հերոսի արժանաւոր դուստրի` «Տիկին»-ով կը դիմէին իրեն եւ ոչ «ընկեր» կամ «ընկերուհի», ինչպէս ընդունուած էր խորհրդային ժամանակներուն: Թէեւ քաջ գիտէր, թէ ինչո՛ւ զինք կը մեծարէին եւ դիմելով «Տիկին»-ով, սակայն ինք բնաւ չէր արտայայտուեր իր հօրը մասին: Առաւօտները, երբ կը պատահէր, որ միասին սուրճ խմէինք, կը փորձէի խօսեցնել զինք… ի զուր: Շնորհիւ Սէյրանի վկայութեան, ան ոչ միայն իր զաւկին պէս ընդունեց զիս, այլ նաեւ ընկերներս` յայտնի արուեստագէտներ Սօս Սարգսեան, Ռուբէն Հախվերդեան, Վիգէն Թադեւոսեան, Վարուժան Վարդանեան, Վարուժան Խտըշեան, Արկադի Բաղդասարեան, նաեւ այդ օրերու հայրենի ամենայայտնի ու տաղանդաւոր դերասանուհիներէն` Յասմիկ Տէր Կարապետեանն ու Թամար Յովհաննիսեանը, երբ կու գային, թէկուզ` գիշերուան ուշ ժամերուն, ջերմութեամբ կ’ընդունէր զանոնք: Իսկ Յասմիկին հոգ կը տանէր ու տէր կ’ըլլար… իր ապագայ հարսին պէս: Սէյրանը, Վիգէնն ու Ռուբիկը (իր կիթառով միասին) պարբերաբար կ՛այցելէին զիս կէս գիշեր անց, երբ սրճարաններն ու ճաշարանները գոց կ՛ըլլային արդէն… Թէեւ Ռուբիկը կը փորձէր ցած ձայնով երգել ու նուագել, սակայն շէնքի բնակիչները կը խանգարուէին, յատկապէս` նոյն յարկի մեր դիմացի դրացիները:

Սէյրանի կիսավերացական ստեղծագործութիւններէն

Թաղին մէջ լուր  տարածուած էր, որ կէս գիշերէն ետք խենթ ու խելառ արուեստագէտներ կը հաւաքուին տիկ. Արմէնիկի մօտ ու «քէֆ» կ՛ընեն: Ան ոչ միայն նեղութիւն չէր զգար մեր հանդիպումներէն (կամ առնուազն ցոյց չէր տար), այլ նոյնիսկ հաճելի կը թուէր ըլլալ իրեն համար,  յատկապէս` Ռուբիկի յանպատրաստից (Improvise) երգերը, որոնցմէ շատեր անգամ մը եւս չէր կրնար յիշել ու երգել…

Նոյն յարկի դրացիները ունէին շուրջ տասը տարեկան աղջնակ մը, որ ջութակի դասերու կը հետեւէր: Դպրոցէն վերադարձին երբեմն կը տեսնէի զինք ջութակը ձեռքին եւ գիրքերու ծանր պայուսակը ուսին, երրորդ յարկ կը բարձրանար, քաղաքավարութեամբ թեթեւ ժպիտով մը կը բարեւէր ու անմիջապէս ներս կը մտնէր` առիթ չտալով, որ հետը խօսիմ: Իսկ ես, թէեւ հարազատութիւն մը կը զգայի իրեն հանդէպ, սակայն մէկ կողմէ յանցաւոր կը զգայի իր եւ իր ծնողներու հանդէպ, եւ միւս կողմէ ալ անհուն ցանկութիւն մը ունէի իր նուագը լսելու: Օր մըն ալ նոյն յարկի վրայ պատահաբար դէմ դիմաց յայտնուեցանք: Առջեւը կեցայ ու ըսի.

Սէյրանի վերացական ստեղծագործութիւններէն

– Անունդ ի՞նչ է:

– Լուսիկ:

– Լուսիկ ջան, ամիսներէ ի վեր այստեղ եմ, ձեր տնից ջութակի ձայն չեմ լսում, իսկ իմ մօտ ընկերներս գալիս են, եւ ուշ ատեն խանգարում ենք ձեր հանգիստը, ուզում էի ներողութիւն խնդրել քո ծնողներից…

– Ես շուտ եմ քնում միւս կողմի սենեակում, իսկ հայրիկն ու մայրիկը սիրում են ձեր երգերը…

Եւ առանց պատասխանի սպասելու` դարձեալ թեթեւ մը ժպտեցաւ ու ներս մտաւ: Քանի մը օր ետք երբ այս մասին պատմեցի Սէյրանին, ըսաւ.

– Ներողութիւն խնդրելով հարցը չի աւարտւում: Ճիշդ չենք անում… հարկաւոր է մի բան մտածել:

Օրեր ետք, երբ երեկոյեան տուն վերադարձայ,  տիկ. Արմէնիկն ու Յասմիկը եռուզեռի մէջ… սեղան կը պատրաստէին: Երբ զարմացած հարց տուի.

– Ի՞նչ է կատարւում այստեղ… չեմ հասկանում…

Յասմիկը իր ջերմ ու կենսալից ժպիտով պատասխանեց.

– Քիչ յետոյ կ՛իմանաս…

Քանի որ այդ օր իմ ծննդեան օրը չէր, մտածեցի, որ մէկն ու մէկուն տարեդարձը պէտք է որ ըլլայ…

Հազիւ լուացուած ու հագուստս փոխած էի, երբ ներս մտան Սէյրանն ու Վիգէնը… աւելի զարմացայ… Մինչեւ որ բացատրութիւն պահանջեմ եղածի մասին, ժամանեց նաեւ Ռուբիկը իր անբաժանելի կիթառով միասին:

Ես շուարած էի, ու քիչ մըն ալ զայրացած… ըսի.

– Սէյրան ջան, չեմ հասկանում, այս ի՞նչ է կատարւում այստեղ:

– Մովսէս ջան, հասկանալ պէտք չի… կարեւորը մի քիչ անց հարեւաններդ կը գան,  եւ դու նրանցից  ներողութիւն խնդրելու առիթ կ՛ունենաս…

Ես յուզուած էի արդէն… անճրկած` ո՛չ ըսելիքս գիտցայ եւ ո՛չ ալ ընելիքս, լռեցի…Սէյրանը ոտքի ելաւ եւ քանի մը վայրկեան ետք ներս մտան Լուսիկն (իր անբաժանելի ջութակով) ու իր ծնողները, որոնք ոչ միայն կիրթ ու զարգացած մարդիկ կը թուէին ըլլալ, այլ նաեւ իրենց հերթին մեծ յարգանք կը տածէին տիկ. Արմէնիկի հանդէպ, որուն բնակարանը թէեւ շատ մեծ չէր, սակայն կրցանք տեղաւորուիլ սեղանի շուրջ:

Իմ ասպնջական ընթերցող,

Փառաւոր երեկոյ անցուցինք այդ գիշեր, Ռուբիկը իր կիթառով, Լուսիկը իր ջութակով մինչեւ գիշերուան փոքր ժամերուն արթուն պահեցինք շէնքի բնակիչները…

Արտակեդրոն ու արուեստագէտի յախուռն  խառնուածքով օժտուած ըլլալով հանդերձ, այսպէս էր Սէյրանը, որուն բացառիկ տաղանդին մասին շատ բան  խօսուած ու գրուած է: Ան թէեւ հայրենիքի մէջ ըստ արժանւոյն գնահատուած ու լաւագոյն կերպարուեստագէտներէն մէկը կը համարուի, սակայն սփիւռքի մէջ դեռեւս գրեթէ անծանօթ մը կը մնայ:

Շատեր գիտեն, որ ան ոչ միայն արցախեան շարժումի ուղղակի մասնակիցներէն էր, այլ նաեւ լաւագոյն վերամշակողն ու ձեւաւորողը եղաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան զինանշանին, որ ընդունուեցաւ բոլորին կողմէ:

Սակայն,

Քիչեր միայն գիտեն, որ Սէյրանը ոչ միայն դեռեւս խորհրդային տարիներէն «Թարգմանչաց տօներ» շարժման կողքին կը գործէր ու կը պայքարէր յանուն Հայաստանի անկախութեան ու Արցախի ազատագրման, այլ նաեւ «Թարգմանչաց տօներ»-ու գործօն անդամներէն` Լութուիկ Խաչատրեանի եւ գեղանկարիչ Կարէն Սմբատեանի հետ միասին նախաձեռնեցին, դրամահաւաք կազմակերպեցին ու խաչքար զետեղեցին Արամ Մանուկեանի լքուած ու անճանաչելի դարձած շիրիմին վրայ…

Սէյրանը յանդուգն էր, ըմբոստ, յախուռն, անմիջական ու անկեղծ… ընկերասէր էր, ազգասէր ու խիստ մարդկային: Որովհետեւ (ըլլայ իր արուեստին թէ առհասարակ կեանքին մէջ) միշտ կը ձգտէր լաւագոյնին, մնաց յաւիտենական ընդդիմադիր մը եւ ըմբոստացաւ բոլոր զարտուղի, ապազգային ու հակամարդկային երեւոյթներու դէմ ու,   բազում թշնամիներ շահելով հանդերձ, մնաց «կատարելապաշտ» ու հաւատարիմ` իր ազգային ու մարդկային սկզբունքներուն:

Իմ հետաքրքրասէր ընթերցող,

Հոս չեն վերջանար յուշերս Սէյրանի մասին, շարունակութիւնը` այլ առիթով: Յատկապէս հարկաւոր է խօսիլ իր եւ Սարեան մարդու ու անոր արուեստի փոխյարաբերութիւններու մասին…

Մոնրէալ, 2025, մայիս

Նախորդը

Մի՛ Վախնաք

Յաջորդը

Հայերը` Օտար Խումբերու Հետ. Բարսեղեան Կոլ Նշանակեց Եւ Այլ Կոլ Պատրաստեց

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?