Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայթումէն 5 Տարի Ետք. «Ասիկա Իրական Չէ, Չէ՞…»

Օգոստոս 5, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Պէյրութի նաւահանգիստի ահեղ պայթումին ուժգնութիւնը մեր մարմնին, հոգիին ու մտքին վրայ զգալէ, մարմնի վէրքերու բուժման երկար ու դաժան ուղին բռնելէ, մեր միտքը որոշ չափով բիւրեղացնելէ ու հոն ծագած բազում ինչերո՞ւն, ինչո՞ւներուն եւ ինչպէ՞սներուն պատասխան գտնելէ ետք, հոգիի ապաքինման մասին շա՜տ դժուար էր, թերեւս ալ տակաւին դժուար է խօսիլ, պէտք էր քիչ քիչ վերադառնայինք բնականոն մեր կեանքին, երթայինք մեր քարուքանդ տունը` տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս պիտի սկսինք վերաշինութեան, վերականգնումի…

Մարդ արարածին երեւակայութիւնը որքան ալ ընդարձակ ըլլայ, կարենայ չափազանցութիւններու հասնիլ, այդքան ահարկու թռիչքը պիտի չունենայ պատկերացնելու 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած հսկայական ու անպարագիծ աւերներն ու քանդումները:

Պէյրութ, ա՜խ Պէյրութ…

Որքա՜ն տխուր ես, ո՜վ Պէյրութ, կեանքով եռացող գիրկդ որքա՜ն մահեր ու վիրաւորներ գրկած է, երաժշտութեամբ ու աշխուժութեամբ տրոփող փողոցներդ ինչպէ՞ս կրնան այսքան քանդում, աւերակ ու փլատակ հանդուրժել: Ինչո՞ւ մարեցան շողշողուն լոյսերդ, խամրեցան ժպիտները` զիջելով մութին ու արտասուքին: Փոքր տարիքէս ապրած եմ գիրկդ, որ պատերազմներու թատերաբեմ եղած է յաճախ, բայց ասիկա ուրիշ էր, մեր գիտցած պատերազմը փուլերով կը քանդէր, մէկը միւսին ձեռք երկարելու եւ ինկած քարերը վերցնելու կը հասնէր, մինչեւ իր ալ կարգը գար երեւի… Բայց այս անգամ երկվայրկեանի մը մէջ համատարած քանդում էր արդէն, փոխուած է ամբողջ դիմագիծդ, ո՜վ Պէյրութ, կրկին սեւեր հագած ես դուն, կրկին սգաւոր ես…

Ահաւոր էր տեսնել, որ գեղեցիկ մայրաքաղաքին եւ շրջակայքի վայրերուն մէջ ոչ մէկ բան իր տեղը մնացած էր, ոչ մէկ պատուհան ապակի ունէր, ոչ մէկ դուռ ուղղահայեաց էր, ճամբաները լեցուն էին` քարերով, ապակիներով, կահոյքներով, տախտակներով, որոնք, չես գիտեր` ինչպէ՛ս, տուներէն թռիչք առած ու հասած էին փողոց, նոյնիսկ` հեռաւոր մայրուղիներ: Իսկ ինքնաշարժները` կարծէք անոնց մէջի օդը դուրս քաշուած էր, ու անոնք կծկուած էին ամբողջութեամբ` առանց որեւէ ապակիի կամ հայելիի բնականաբար:

Իսկ այս բոլորը կը կրէին արեան թանձր ու անջնջելի կնիքը աւելի քան 220 անմեղ զոհերուն եւ աւելի քան 7000 վիրաւորներուն, որոնց կարգին` մեր, որոնք չգիտցան ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս քանի մը վայրկեանի ընթացքին կորսնցուցին իրենց կեանքը, իրենց անդամները, տունն ու ինքնաշարժը, ծանրօրէն վիրաւորուեցան ու դէմ յանդիման կանգնեցան մահուան սպառնալիքին:

Բոլորս ալ կը փափաքէինք տուն երթալ, տո՜ւն, հարազատ երդիք, սակայն  այս անգամ ամէնէն դժուար վերադարձն էր հաւանաբար, որովհետեւ տունը տուն չէր այլեւս, այլ աւերակ` անդուռ ու անպատուհան, ամէն ինչ կոտրած, իրար անցած, միախառնուած մեր արեան հետ: Տուն մտնելն ու ոտք դնելու տեղ գտնելը արդէն ինքնին նուաճում էին, ուր մնաց` բան մը շտկելու, բան մը տեղը վերադարձնելու, պահարան մը բանալու հերոսական փորձը… Այդ քարուքանդ վիճակը տեսնելով` միայն աչքերէս արցունք չհոսեցաւ, այլ սրտիս խորերէն, թերեւս այդ վայրկեանին անտեսանելի ցաւս ու վիշտս շատ աւելի ծանր ու ցաւոտ էին, քան` մարմնիս տակաւին բազում բաց վէրքերը:

Անկարելի կը թուէր այս տարածքը կրկին տան վերածել, բնակելի վայրի վերադարձնել: Ամէն ինչ կոտրտուած եւ իր տեղէն այլ տեղ սաւառնած էր: Հարցումները խճողեցին ուղեղս` ի՞նչ պիտի ընենք, ինչպէ՞ս այս բոլոր խառնակութիւնը նախ պիտի կոկենք, դուռ-պատուհան պիտի տեղադրենք, յետոյ մտածենք վերաշինութեան մասին: Շէնքին մուտքը` քարուքանդ, վերելակը պայթած ու լրիւ դուրս եկած, աստիճանները` հազիւ անցանելի, ո՛չ ելեկտրականութիւն, ո՛չ ալ ջուր, ամէն ինչ անջատուած էր, կեանքի ոչ մէկ նշոյլ:

Բազում հարցումներուս պատասխանները անէութեան մէջ պէտք չէր փնտռէի, անոնք շուրջս էին` եղբօրս, քեռայրիս, անոր եղբօրը ժրաջան ու անկոտրում ջանքին ու ճիգին մէջ` նախ աղբերն ու քարերը վերցնելու, լաւը վատէն զատելու, վերականգնելին անջատելու լրիւ կոտրածէն, որոշելու` ի՛նչ կարելի է պահել, ի՛նչ թափել: Կարծես նեղուած իմ սիրելի տունէս` առաջարկեցի թափել ամէն ինչ անխտիր, ձերբազատիլ ամէն ինչէ, որ կը կրէ մեր արեան հետքը, պայթումին դրոշմը, բայց ներքուստ գիտէի, եղբայրս ալ յուշեց, որ ատիկա անտրամաբանական էր, որովհետեւ բնականաբար կարելիութիւնը չունէինք ամէն ինչ նորով փոխարինելու, մանաւանդ որ տարի մը առաջ արդէն Լիբանան տնտեսական ծանր հարուած ստացած էր, ու բոլորին ալ վիճակը անձուկ էր:

Բայց եւ այնպէս, այդ ամէնէն վատ վիճակին մէջ յայտնուեցան` լուսաւոր դէմքեր, հարազատ մարդիկ, անկեղծ ընկերներ, նուիրեալ անձեր, ծանօթներ ու նոյնիսկ անծանօթներ, որոնք սեղմեցին մեր ձեռքը, ուժ տուին, զօրութիւն, սրբեցին արցունքը ու ցանեցին ժպիտ, որպէսզի շարունակենք վերականգնումի մեր ուղին, չյուսահատինք, երբ յոյսը արդէն մղոններով հեռու էր մեզմէ, չյանձնուինք, երբ կեանքը մեզ յանձնած էր մահուան շուքին:

Այդ ամէնէն դժուար օրերուն, ամէնէն ահաւոր պայմաններուն մէջ ընկերներ ու բարեկամներ, ծանօթներ ու նոյնիսկ անծանօթներ իրենց արարքով, վերաբերումով, բարոյական թէ գործնական կեցուածքով  զատորոշեցին իրենք զիրենք` որոմի՞ ցանկին մէջ ըլլալ, թէ՞ ատոք հասկերուն, խորթերո՞ւն, թէ՞ հարազատներուն, կեղծերո՞ւն, թէ՞ իրաւներուն:

Սակայն, բարեբախտաբար ու պատիւ բոլորին, մեծ էր թիւը ոսկի հասկերուն, որոնք իրենց ոսկի սրտերով ու յուզող արարքներով լեցուցին մեր կեանքը, մեր սիրտը, մեր էութիւնը:

–  Նորի՛կ, պէտք է անպայման ստուգել` շէնքը ապահո՞վ է, այդքան ահաւոր ցնցումէն հիմերը չե՞ն շարժած, սիւները չե՞ն խախտած:

Նարինէն էր (լոյս հոգւոյն), որ հեռաձայնած էր ո՛չ միայն մեր որպիսութեան մասին հարցնելու, այլ` զգուշացնելու, որ պէտք է շէնքը ստուգուի, նաեւ` առաջարկելու իր ու ընկերներուն ճարտարապետական ծառայութիւնները, որպէսզի ապահով ըլլար ամէն ինչ: Բարի ընկերուհիս եկաւ անձամբ, ստուգեց իւրաքանչիւր անկիւն, իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն յանձնեց իր ճարտարապետ ընկերակից մասնագէտներուն ուշադրութեան, հարցուց, խօսեցան, քննարկեցին ու հաստատեցին` բնակելի էր շէնքը: Առաջին փուլը յաջողութեամբ պսակուած էր:

Յաջորդեցին բազում փուլեր` իրենց մեծաթիւ դժուարութիւններով, խոչընդոտներով, վերիվայրումներով, սակայն պէտք էր շարունակել, պէտք էր տոկալ ու պայքարիլ, չէ՞ որ մեզի երկրորդ կեանք մը շնորհուած էր արդէն, անոր յարգը լաւապէս գիտէինք:

Ծիծեռնակի նման մեր բոյնը շինեցինք կամաց կամաց, շիւղ առ շիւղ, բայց` առանց երգի, այդքան տխրութիւն կար շրջանին մէջ, մահուան հոտը կը յամենար, տուն կառուցողներուն մեծ մասը վիրաւոր էր, մահուան ու վերապրումի պատմութիւնները զանազան էին ու բազմաթիւ, տրամաբանական ու հրաշքի համազօր, յաճախ տխրութեամբ ու արցունքով գրուած, սակայն` վերապրումի խորագիրը կրող:  Կառուցեցինք նորը` յիշելով մեր հին տան ամէն մէկ մանրամասնութիւն, որուն մէջ կային բազում յիշատակներ ու ապրուած կեանք մը ամբողջ: Կը կառուցէինք` երազելով այն օրը, երբ կրկին անիկա պիտի ըլլար մեր տաքուկ բոյնը, թերեւս շատ տարբեր նախկինէն, բայց` մե՛րը:

Իսկ մինչ այդ ո՞ւր պիտի բնակէինք: Պատկերացումն ու իրականութիւնը կը հակասէին իրարու, որովհետեւ եթէ տունը տեսնելէ առաջ կը կարծէինք, թէ անիկա բնակելի կրնայ ըլլալ շուտով, տիրող վիճակին ի տես` գիտակցեցանք, որ այս ընթացքը դժուար էր ու երկարատեւ: Եւ կրկին բարի սրտեր, ոսկի հասկեր առաջարկեցին իրենց բնակարանը տրամադրել: Ընտրեցինք յարմարագոյնը` Զալքա շրջանին մէջ: Մտքիս մէջ անջնջելի կերպով դրոշմուած կը մնայ սիրալիր կերպով մեզի յատկացուած այդ բնակարան մեր առաջին մուտքը: Հազիւ մտած` հիւրասենեակն էր, ուր կողք կողքի երկար ու անշարժ նստանք ես ու մայրս, նայեցանք իրարու, գեղեցիկ տան, որ ամէն ինչով օժտուած էր, ու լացինք երկար… Ո՞ւր էր մեր տունը, ինչո՞ւ այդ խորթ երդիքին տակն էինք… Շուրջ տարի մը հոն բնակելէ ետք, հոն եւս ուրախ ու տխուր յիշատակներ կերտելէ ետք, տան դուռը վերջին անգամ փակած պահուս կրկին լացի, լացի երկար, որովհետեւ մեր ամէնէն տխուր օրերուն յոյս ու լոյս տուաւ մեզի այդ տունը, ապահով ու տաքուկ երդիք, անիկա հանդիսացաւ ոչ միայն քարեղէն կառոյց, այլ նաեւ մարդկային ամէնէն վեհ դրսեւորումներէն մէկուն գործնական արտայայտութիւնը, որուն ետին կանգնողին երախտագիտութիւն յայտնելը շատ աննշան էր ունեցած խոր զգացումէս:

Վերականգնումի ու վերաշինութեան ուղին երկար էր, յոգնեցուցիչ ու մեր ճմլուած ներաշխարհէն ներուժ պահանջող: Տակաւին կային բուժուելու ընթացքի մէջ եղող մեր վէրքերը, որոնք օգոստոսի տաքին կը դանդաղեցնէին աշխատանքները: Սակայն շինուած իւրաքանչիւր բաժինէ կը ցոլար յոյսի բարակ շողը` յուշելով, որ հաւատքով կարելի է աւերը յաղթահարել, աշխատանքով կառուցել նորը, հարազատը, տաքուկ բոյնը մեր: Այդպիսով կարելի դարձուցինք առաջին օրերուն անկարելի թուացողը: Աստուած վերապրելու առիթ տուաւ մեզի, վեհանձն հոգիներ` գոյատեւելու միջոց ու նեցուկ, բարի սրտեր` մնայուն յոյս ու զօրակցութիւն:

– Արա՛, ո՞ւր հասան աշխատանքները, յառաջիկայ շաբաթ տունս պիտի երթա՞մ:

Շաբաթական գէթ երկու անգամ կրկնուող այս պարզ, բայց շատ ծանր հարցումը մայրս` աղաչական հայեացքով եւ աղիողորմ ձայնով կ՛ուղղէր օրական դրութեամբ առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ երեկոներ շինութեան աշխատանքներուն նուիրուած եղբօրս: Իւրաքանչիւր անգամ ալ Արան ու ես կը նայէինք իրար` զգալով մօրս տխրութիւնն ու անհամբերութիւնը, սակայն գիտակցելով նաեւ, որ ուղին երկար էր ու ժամանակ պահանջող: Արան կը փորձէր համոզել, հանգստացնել, սփոփել, սակայն կարճատեւ դարման ունեցող այդ ճիգերուն ապարդիւն ըլլալը կը հաստատէին չուշացող նոյնաբովանդակ հարցումները:

Կար աւելին` մօրս քունի պահուն մեր ականջները ցաւցնող անոր աղօթալի մրմունջները. «Տո՜ւնս երթամ, անկողի՜նս գտնեմ, հանգի՜ստ ընեմ…»: Մօրս սրտին խորերէն բխած այդ աղօթքը գաղթականի մեր իրավիճակի ու հոգեբանութեան լաւագոյն թարգմանն է գուցէ, սակայն փափաքն ու իրականութիւնը երբեմն կ՛ուշանան հանդիպելու:

Տարուան մը տքնաջան աշխատանքէ ետք, բարեբաստիկ օր մըն ալ վերադարձանք տուն, ուր կրկին ապրելու ու աղօթելու խեղճ մօրս բազում աղօթքները լսուած էին, ուր կրկին ամէն ինչով, յաճախ` ալ աւելի լաւով, ապահովուած ըլլալու համար որքա՜ն յոգնած ու տանջուած էր քաջ ու բարեսիրտ եղբայրս, որուն պատշգամը կրկին կանգնելու, մայրուղիէն սուրացող ինքնաշարժներուն լոյսերով շլանալու ու  երկինքէն ինծի ժպտացող լուսինին հետ զրուցելու անթիւ երազներ հիւսած էի ես:

5 տարիներ թաւալեցան, Լիբանան նոր տագնապներու, պատերազմներու, աւերներու, քանդումներու, սպանդներու դէմ յանդիման կանգնեցաւ, սակայն ճիշդ է առածը` «Կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ»: 4 օգոստոսին ինկած կրակն ալ անվերջ պիտի մխայ մեր սրտերուն մէջ ու էութեան խորը, որքան ալ հեռանանք այդ ահաւոր պահէն ու շռնդալից պայթումէն: Բայց յոյսը, լոյսը, հաւատքն ու կամքը յաղթեցին, որովհետեւ կողք կողքի պայքարեցանք` հասնելու ապաքինման, ապրելու տունդարձը, թէկուզ իւրաքանչիւր սլացող ինքնաշարժի ձայնին հետ մեր մէջ կրկին գլուխ ցցէ պայթումի վախը: Կարեւորը միասին էինք եւ տակաւին ենք, վերապրեցանք միասնաբար, կառուցեցինք ձեռք ձեռքի տուած ու կը շարունակենք իւրաքանչիւր 4 օգոստոսին զգալ զոհերու հարազատներուն վիշտը, վիրաւորներուն ցաւը: 4 օգոստոսին` ժամը 6:04-ին մոմ մը կը վառենք մեր վերականգնած տան մէջ յոյսի ու խաղաղութեան, երախտագիտութեան եւ յիշատակի, գոհունակութեան եւ կեանքի համար, նաեւ Աստուծոյ փառք տալու, որ այդ թուականին մեր անունը արձանագրուեցաւ վիրաւորներու ցանկին մէջ եւ ոչ թէ…

(Վերջ)

(Շար. 1)
(Շար. 2)
(Շար. 3)

Նախորդը

Բագրատունի. «Հինգ Տարիներ, Եւ Վէրքը Չսպիացաւ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (5 Օգոստոս 2025)

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?