Մենք եղած ենք խաղաղասէր ժողովուրդ, սակայն այդ խաղաղասիրութեան ընդմէջէն դարձած ենք ստրկամիտ: Դարձած ենք հլու հնազանդ զօրաւորին` անոր, որուն ձեռքը կայ գաւազան, անոր, որուն ձեռքը կայ դաշոյն, անոր, որուն ձեռքը կայ զէնք: Եւ այդ զինեալին դիմաց հայը կանգնեցաւ խաչով, գրականութեամբ, հողագործութեամբ, համեստութեամբ եւ հաւատարմութեամբ: Ո՛չ միայն համեստութեամբ, այլ նաեւ` ինքնութեան յարգանքի ամբողջական լքումով: Հայ ազգը դաժան եզրակացութեան հասաւ, որ ան մարդկային մակարդակի արժանի չէ, չունի այդ իրաւունքը: Ան հաւատաց, որ ինք ստոր է բոլոր միւսներէն: Ան հաւատաց, որ մահմետականութիւնը իւրայատուկ իրաւունք կու տայ մարդոց վրայ իշխելու, իսկ մեր շքեղ խաչքարերու ստեղծագործները կ՛իյնան իրենց արցունքով սրբելու այդ սրբութիւնները:
Եւ այս աշխատանքը չիրագործուեցաւ լոկ քանի մը տարիներու ընթացքին, այլ` հարիւրամեակներու ընթացքին: Հայուն թագը հալեցուցին, անոր սուրը մաշեցուցին, հոգեւոր հայրերը դանակահարեցին, մտաւորականները գլխատեցին, ընտանիքները յօշոտեցին, ազգականները բաժնեցին, զաւակները որբացուցին, կիները բռնաբարեցին… տարիներ շարունակ:
Եւ հայ ծնողքը` մայրերն ու հայրերը, իրենց զաւակներուն սորվեցուցին հնազանդիլ, որպէսզի գոյատեւեն, որպէսզի ապրին: «Վնաս չունի», «Մեր բախտն ալ աս է», «Մեր ճակատագիրն է», «Մեզի այսպէս վիճակուած է», «Աստուած այսպէս կ՛ուզէ»… Այսպիսի լոզունգներով, այսպիսի համոզումներով է, որ ծնողներ դաստիարակեցին իրենց զաւակները, եւ ասիկա դարձաւ սովորական երեւոյթ:
Մինչեւ որ մէջտեղ ելան տղաք` խենթ տղաք, որոնք ըմբոստացան: Առաջին կարգին` անոնք ըմբոստացան իրենց հարազատ ծնողաց դէմ, նախքան` արտաքին աշխարհին: Իրականութիւն է, որ այդ ներքին պայքարը տասնապատիկ դժուար է, քան` իշխող օտարին դէմ: Գաղտնիքը հոն է: Այդ է իսկական հանճարեղ գործը:
«Չկայ աւելի մեծ զգացում, քան երբ կը հարուածես, քու բազուկիդ հետ կը հարուածեն տասնեակ հազարներ: Երբ դուն արիւն կու տաս երակներէդ, արդէն տասնեակ հազարներու արցունքը կը սրբես…»: Դաշնակցութեան հրապարագիրներէն` Սարգիս Զէյթլեան, երբ գրած էր այս մարգարէական տողերը, կը կարծեմ` ուզած է յատկապէս ընդգծել եւ կարեւորութիւն տալ միասնական պայքարին, միասնական մաքառումին: Եւ ճիշդ է, հարիւր առ հարիւր: Սակայն իր խօսքերը ունին երկրորդ բաժին մը, որ նոյնպէս պէտք է հասկնալ: Երբ կ՛ըսենք` «միասնաբար կը զարնենք», սոյն հարցումը կը ծագի մեր մտքին մէջ. ուրեմն այդ առաջին հարուածողը ո՞վ է: Տրամաբանութիւնը կը պահանջէ առաջին զարնող մը, որ շատ հաւանաբար եղած է առանձին: Եւ միեւնոյն տրամաբանութեամբ կրնանք գուշակել, որ եթէ տասնեակ հազարներով զարնելը մեծ զգացում մըն է, հապա ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ այդ առաջինին վիճակը: Ո՞վ պիտի ունենար այդ դիցաբանական մակարդակի ուժը, որպէսզի կարողանայ հարուածել առանձին եւ հարուածներուն ընդմէջէն ստեղծել այդ բանակը, այդ զօրքը, որ մէկը կը դարձնէ երկու, երկուն` հարիւր, եւ հարիւրը` այդ բաղձալի տասնեակ հազարները…
Այսպիսին է կեանքի օրէնքը: Երբ փոքրամասնութիւն մը պիտի փոխէ իրողութիւնը, անոր կը վիճակուի այս ահաւոր ճնշումին դէմ մաքառիլ: Փոխելը` անկարելի, փոփոխութիւն ցանկալը` յիմարութիւն: Կեանքի օրէնքը փոխելը կարելի է համեմատել այն անխելքին հետ, որ տանիքէն կը նետուի ու կը կարծէ, թէ պիտի կարողանայ թռչիլ, պարզապէս որովհետեւ այդ կը փափաքի: Կարելի չէ անտեսել քաշողական ուժը, կարելի չէ կարեւորութիւն չտալ կեանքի օրէնքներուն:
Եւ մեր Հայոց պատմութեան մէջ այդ առաջին հարուածողներուն անունները յայտնի են: Անոնց անունները յաւիտենական դրոշմուած են Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ` որպէս հերոսներ, որպէս հայ ազգի փրկարարներ: Այդ հերոսները ծնունդ տուող միակ կազմակերպութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն եղած է եւ ցարդ կը մնայ: Այս առասպելական նուիրումով կուսակցութիւնը ստեղծեց այն ներուժը, այն կարողականութիւնը, որ հայն ալ կարենայ հարուածել: Հայը եւս դարձաւ ուժ` շնորհիւ քրիստափորներու, ռոստոմներու, մարուխեաններու, մանուկեաններու, ազնաւուրեաններու, արապեաններու, աշճեաններու: Սնուցանեցինք մանուկներ, որպէսզի դառնան հայոց մարտիկներ: Մարզեցինք երիտասարդներ, որպէսզի դառնան ազատութեան ռահվիրաներ: Պատրաստեցինք, գործուղեցինք եւ արժանապատուութիւն վերահաստատեցինք` Սեդրակ Աճեմեանով, Արա Քըրճըլեանով, Սարգիս Աբրահամեանով, Սիմոն Եահնէեանով ու Վաչէ Տաղլեանով: Սուրբ հինգ սրտեր, որոնք միացան անմահներու փաղանգին:
Այս բոլորը` ո՛չ թէ մեծարելու համար, ո՛չ թէ փառաբանելու եւ գովասանք կարդալու համար, այլ` ապացուցելու, որ ուժը մեր միակ փրկութիւնն է: Մի՛ վախնար փամփուշտէ, մի՛ վարանիր դէմ դնելու գազաններուն, որոնք կը յօշոտեն` ազգդ, հայրենիքդ, ընտանիքդ, ընկերներդ: Մի՛ տատամսիր ոչնչացնելու այդ սրբապիղծ արիւնաքամ էակը, որ կը շրջապատէ քեզ եւ ցեղասպանութեամբ կը սպառնայ: Վե՛րջ տուր հանգստութեանդ: Ոտնակոխէ՛ ամէն բան, որ կ՛արդարացնէ հանգիստդ, կանոնաւոր ընթացքդ, բարեկեցիկ կեանքդ: Իրաւունք չունիս անհոգ ապրելու, կեանքդ վայելելու` կրաւորականութեամբ, երբ Արցախը գրաւուած է: Իրաւունք չունիս երկար-բարակ մտածելու, երբ Ամենայն Հայոց Էջմիածինն ու անոր հոգեւոր հովիւը կ՛անարգուի:
Հայը ծնած չէ լոկ գոյատեւելու, ցաւելու եւ մեկնելու: Ինք ալ ունի իրաւունքներ: Եւ այն, որ կը խախտէ այդ իրաւունքը, այն, որ չ՛ըմբռներ անոնց իրաւացիութիւնը, ոտնակոխէ՛, գետնի հաւասար դարձու՛ր ու սլացի՛ր յառաջ: Հետեւի՛ր կուսակցական նախահայրերուդ օրինակին: Մի՛ վախնար, քանզի վախը տեղ չունի յաղթողի նկարագրին մէջ: Աշխատէ՛ ըլլալ այդ առաջին հարուածողը: Կազմէ՛ փաղանգդ, յեղափոխականացի՛ր, ապստամբէ՛ իրողութեան դէմ: Եւ երբ ժամանակը գայ (արդէն իսկ շատոնց եկած է), զէնք ի ձեռին` իջի՛ր փողոց, փրկէ՛ հայրենիքդ: Վերականգնէ՛ հայոց արժանապատուութիւնը: Եւ եթէ մարդ չ՛արժեւորէ յանդուգն խիզախութիւնդ, հաւատա՛, որ պատմութիւնը անպայմանօրէն կ՛արժեւորէ` կամայ, թէ ակամայ: