Միացեալ Նահանգներու բանակի փոխգնդապետ Ճեֆրի Ֆրից առաջարկած է Ռուսիայէն գնել Քոմոտորեան կղզիները` հիւսիսային բեւեռի շրջանին մէջ Չինաստանի գործունէութիւնը վերահսկելու համար: Ան այդ գաղափարը ներկայացուցած է «Պրէյքինկ Տիֆենս»-ի համար հրապարակուած յօդուածին մէջ:
«Առաջարկ Միացեալ Նահանգներուն. Ռուսիայէն 15 միլիառ տոլարով գնել Քոմոտորեան կղզիները` Հիւսիսային Սառուցեալ Ովկիանոս ներթափանցելու փորձերու ժամանակ Չինաստանի հաւանական ստորջրեայ գործունէութիւնը վերահսկելու նպատակով», գրած է Ֆրից:
Ան կը կարծէ, որ նման գործարքը «պիտի ամրապնդէ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութիւնը» եւ «պիտի հաստատէ ամերիկեան յառաջատարութիւն» հիւսիսային բեւեռին մէջ: Անոր համաձայն, Ալասքայի գնումը ժամանակին անօգուտ կը նկատուէր, սակայն այսօր անիկա ամերիկեան ուժանիւթային եւ պաշտպանական ռազմավարութեան հիմնական տարրն է:
Ֆրից մտահոգութիւն յայտնած է Հիւսիսային Բեեռի մէջ չինական գործունէութեան աճի, շրջանին մէջ «Բեւեռային մետաքսի ճամբայ» ծովային առեւտրական երթուղիի նախագիծի ծիրին մէջ ներդրումներու վերաբերեալ:
Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Ասիոյ միջեւ ծովային խաչմերուկին վրայ գտնուող Քոմոտորեան կղզիները ձեռք կը բերեն աճող աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն, որովհետեւ արքթիքական նաւարկութեան ուղիները կ՛ընդլայնին եւ շրջանային տէրութիւնները, ներառեալ Չինաստանը, հետզհետէ աւելի կը ձգտին շահագործել Հիւսիսային Բեւեռը:
Քոմոտորեան կղզիներու հիմնական երկրաֆիզիքական առաւելութիւններէն մէկը սառէ ծածկոյթի համեմատաբար ցած մակարդակն է: Այս առանձնայատկութիւնը ունի ռազմավարական նշանակութիւն. սառէ զանգուածները կրնար ցրուել կամ կլանել ստորջրեայ ձայնային ազդանշանները` նուազեցնելով յայտնաբերման ճշգրտութիւնը: Աւելի բարակ սառէ շերտը Քոմոտորեան կղզիներու տարածքին մէջ կը ստեղծէ աւելի կայուն լսողական պայմաններ, ինչ որ զանոնք կը դարձնէ իտէալական վայր շարունակական եւ բարձր ճշգրտութեան ստորջրեայ հսկողութեան համար: