Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը

October 15, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հոկտեմբեր ամիս է ու թարգմանիչներու տօն: Թարգմանչաց տօն է, կը յիշեցնէ մեզի մեր պատի օրացոյցը:

Ի՞նչ անուն կրնամ տալ այս անկեղծութեան: Չեմ գիտեր: Շուրջս եւ մթնոլորտս յանկարծ կը լեցուին հին ու նոր գաղափարներով, յուշերով,  դէմքերով եւ դէպքերով: Տխուր, ուրախ, հպարտալի եւ երանելի, սակայն` նոր յոյսի բացուող միտքերով: Է՜հ, երանի կու տամ:

Ու յանկարծ դպրոցական հետաքրքիր ու պահանջող յուշեր եւ ակնարկներ կը յայտնուին, որոնք  սովորական աղօթքի նման կը սկսին հետս խօսիլ: Ամէն ինչ տեսարան է: Իրական եւ մշտանորոգ: Նոյնիսկ երազային, թէեւ երբեմն մշուշապատ եւ սակայն` հաճելի:

Թարգմանչաց տօն է, ըսի. հասկնանք, ըմբռնենք անոր իմաստն ու արժէքը եւ իրագործենք:

Կրկին կը յիշենք, որ մեր պատմութեան ոսկեդարուն Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտ-թարգմանիչները միայն թարգմանական աշխատանքներ չտարին, այլ դպրոցներ ալ հիմնեցին ու հայու նոր գիրերու ուսուցման հետ ոգի եւ շունչ փոխանցեցին զիրենք աշակերտող սերունդներուն:

Գիտենք նաեւ, որ 405 թուականին եւ անկէ ետք, այսինքն երբ Մեսրոպ վարդապետ վերադարձած էր Հայաստան, Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին հետ միատեղ եւ միախորհուրդ, աշակերտներ հաւաքելով, անոնց ոչ միայն սորվեցուցած էր հայերէն նոր տառերը, այլեւ` Աստուածաշունչը թարգմանելու պարտականութիւնն ալ տուած:

Որովհետեւ իր ստեղծագործ մտքին շնորհիւ էր, որ իր աշակերտներուն հետ ան հայ եկեղեցւոյ լեզուն կը դարձնէր գրական լեզու ու ինք ըլլալով մեր կեանքի առաջին ուսուցիչը` իր աշակերտները կ՛անուանէր իբրեւ առաջին թարգմանիչներ:

Ու ամէն տարի, երբ կը փորձենք հրապարակային ձեւով ոգեկոչել, տօնախմբել 5-րդ դարու մեր Թարգմանիչներու տօնը եւ կամ պաշտօնապէս կը տօնակատարենք հայ մշակոյթին նուիրուած օրը, չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս աչքիս առջեւ կը պատկերանան քանի մը տասնեակ վանականներ, սեւազգեստ, թաւ յօնքերով, երկար մազերով եւ մօրուքով հայր սուրբեր, որոնց անունները անքակտելիօրէն կապուած կը մնան մեր առաջին ուսուցիչ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հետ:

Աւանդական դարձած բացատրութիւն մը չէ, որ կ՛ուզեմ ակնարկել, կամ անդրադառնալ, այլ յստակ եւ պարզ հոկտեմբերի այս օրերուն, մեկնելով ընդհանուր խորհուրդէն, մտքիս մէջ կը գծագրուի Սուրբ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի դէմքերուն եւ անոնց հսկողութեան կողքին, վանքի մը խուցին մէջ առանձնացած, մոմերու լոյսին տակ ճգնաժամ եւ քրտնաթոր գործող եւ աշխատող Կորիւնի, Եզնիկի, Բիւզանդի, Եղիշէի եւ Խորենացիի աղօտ դէմքերը:

Այլ խօսքով, կը պատկերացնեմ մեր հինգերորդ դարու թարգմանիչներու կերպարները, որոնք մագաղաթներու վրայ ե՛ւ գիտակցօրէն հայ նոր մտքի գեղեցկութիւնը արմատեցին ու իրենց ապրած դարը «ոսկի» դարձուցին: Ու մենք հպարտօրէն մեր պատմութեան մէջ Ոսկեդար մը ունեցանք: Մեծ եւ գլխագիր մակդիր մը, ինչ որ չէ տրուած ամէն ժողովուրդի: Ու բնականաբար, ի տես այս բոլորին, այս մտաւոր ուժի հսկայութեան, յանկարծ իբրեւ հայեր մեր հոգին ու միտքն ալ  կ՛ուռին, կը մեծնան, կը լիանան եւ կ՛արբենան: Կախարդական եւ մագնիսական իր ուժերով այս տեսարանը մեզ հաստատօրէն մեր արմատներուն կը կապէ: Ու իբրեւ հարազատ արդիւնք` ազգովին կը զգաստանանք:

Թարգմանչաց տօնը նաեւ հայ մշակոյթին նուիրուած տօն ալ է: Մեր պատմութեան ամէնէն ժողովրդականն ու համազգայինը: Տօն մը, որ ապահովեց ամբողջ ժողովուրդի մը յաւերժութիւնը եւ նոյն այդ ժողովուրդը սկսաւ իր Աստուծոյն հետ իր մայրենի լեզուով խօսիլ եւ աղօթել:

Տակաւին կը յիշեմ` շա՜տ շա՛տ տարիներ առաջ այս տօնախմբութեան օրը երեկոյեան, կանուխէն մեր հին քաղաքի հին ու մեծ եկեղեցին  մեր ծնողներու ընկերակցութեամբ կ՛երթայինք: Հոն կը մէկտեղուէինք ու Աստուծոյ այդ տան մէջ հնազանդօրէն նստած` անձայն մտիկ կ՛ընէինք մեր մեծերուն այս առթիւ տուած պատգամները: Ու այդ հանդիսութեան մեր մանուկ կամ պատանի սրտերը ինքնածին կ՛ուռճանային, եւ ինքնաբերաբար կը նորոգուէինք, ու մեր մտքերուն մէջ անգամ մը եւս մեր ժողովուրդը կը վերակենդանանար: Կը պայծառանար: Կը ջերմանար:

Իսկ այս օրերուն, ա՜խ այս օրերուն… տեսանելի են սփիւռքեան կարգ մը  գաղութներէն ներս կամաց-կամաց մեր ինքնութեան կորուստը, մեր հաւատքին նօսրացումը եւ մեր լեզուին արագ ու վախազդու նահանջը: Որովհետեւ համաշխարհայնացումը իր վայրագ ճիրաններով ամէնօրեայ իր սարսափելի աւերները կը շարունակէ գործել ու մեզմէ «զոհեր» կը խլէ…

Ըսի ու կը կրկնեմ, որ այս օրերուն նոր տագնապներ, նոր արժէքներ, նոր միջավայրեր, նոր սովորութիւններ մուտք գործած են, եւ տակաւին կը գործեն մեր ամէնօրեայ կեանքէն ներս, ու մենք լիովին կամ կէս կատար զանոնք ընկալելէ ետք, սկսած ենք կամայ թէ ակամայ պատրուակներ ու պատճառաբանութիւններ փնտռել եւ համոզել մենք զմեզ եւ հայութենէ հեռանալ: Յստակ է, որ հայութիւնը վտանգաւոր փուլէ մը կ՛անցնի: Իրատես ըլլանք: Պայմանները փոխուած են` ըսինք: Բայց եւ այնպէս, տխուր է իրականութիւնը, նաեւ` իրմէ ծնունդ առած պատկերը:

Մէկ խօսքով, հայութիւնը կը գտնուի իր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական փուլի մը սեմին:

Ու ինքնաբերաբար, իբրեւ մտահոգ հայորդիներ, այս ազգակուլ աղէտին դիմաց մեր աչքերը կը յառենք մեր դարերու մշակոյթին ու ինքնուրոյն փառքը պահպանելու կոչուած հայ վարժարանին:

Հայ դպրոցն է, որ եղած է ու կը մնայ մեր ազգային գոյատեւման գլխաւոր խարիսխներէն մէկը, որ մեր մաշտոցեան բանակի իբրեւ հաւատարիմ զօրավար` միշտ իր կողքին ունեցած է հայ ուսուցիչը: Հայոց պատմութիւնը գլխաւոր փաստն է հայ դպրոցի գոյութեան անհրաժեշտութեան:

Միւս կողմէ, սակայն, չենք կրնար մոռնալ, «ջուրը թափել», կամ ուրանալ աշխարհի տարածքին մեր միութիւններու, կազմակերպութիւններու, դպրոցներու եւ հոգեւոր կամ այլ հաստատութիւններու գերագոյն այն ճիգերը, որոնցմով կը փորձուի ներկայ մտահոգութիւնները թեթեւցնել:

Չենք կրնար անտեսել մեր նոր սերունդը փրկելու անոնց ճիգերը: Անոնց մտքով եւ նոյնքան ալ հոգիով հա՛յ պահելու աշխատանքները:

Հայը հայ պահելու համար անհրաժեշտ են հաւատք, մշակոյթ եւ լեզու: Եւ այս բոլորը, հայ դպրոցի կողքին նաեւ ու անպայման հայ ծնողքին կամ հայ ընտանիքին գիտակցութեան ապաւինելով:

Մէկ խօսքով, այսօ՛ր բոլորէս կը պահանջուի յաւելեալ զգաստութիւն եւ յաւելեալ վստահութիւն` հանդէպ մեր ազգային ու սրբազան կառոյցներուն:

Արդ, հայ մշակոյթին նուիրուած այս մեծ եւ մեծագոյն տօնին առթիւ կը կարծեմ որ անմեղ կանչ մըն էր իմ հրամցուցած բաժինը, եւ այդ մէկը մեր ինքնութեան հաւատարիմ մնալու կանչն էր` անկասկած:

Որովհետեւ հինգերորդ դարէն ի վեր Աստուած մեզի հետ հայերէն խօսած էր եւ տակաւին կը խօսի այն հայերէնով, որ սուրբ թարգմանիչները ստեղծած էին:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Սպայ»-ի Բարձր Կոչումին
Անդրադարձ

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Սպայ»-ի Բարձր Կոչումին

October 14, 2026
Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.