Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փոխակերպուող Հայաշխարհ». Ինչպէ՞ս Անհամաժամանակ Փոփոխութիւնները Ծառայեցնել Կենսունակ Շարունակականութիւն Ստեղծող Կարողութեան

October 15, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Նոր չէ, որ հայաշխարհը կը փոխակերպուի: Նորութիւնը թերեւս ներկայ փոփոխութիւններուն արագութիւնն ու բազմամակարդակ փոխազդեցութիւնն է, ինչպէս նաեւ` այն դժուարութիւնը, զոր կը դիմագրաւեն անհատներն ու հաւաքական դերակատարները` այդ փոխակերպումները ընկալելու, մեկնաբանելու եւ անոնց համարժէքօրէն արձագանգելու մէջ: Այս իմաստով «փոխակերպում»-ը կը նշէ աւելի լայն կառուցային գործընթաց, իսկ ոլորտային փոփոխութիւնները անոր պատմական եւ տեսանելի դրսեւորումներն են: Ինքնութիւն, պետութիւն, սփիւռք, լեզու, հաւաքական յիշողութիւն, համաշխարհայնացում եւ թուային ցանցեր այլեւս դժուար է դիտարկել իբրեւ իրարմէ անկախ ոլորտներ. մէկուն մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնը հետզհետէ կ՛ազդէ նաեւ միւսներու կառուցուածքին, գործառոյթներուն եւ փոխյարաբերութիւններուն վրայ:

Բազմաթիւ գիտաժողովներ, աշխատաժողովներ եւ ուսումնասիրութիւններ նուիրուած են հայաշխարհի այս բարդ ու բազմաշերտ առնչութիւններուն, ինչպէս նաեւ` անոնցմէ բխող խնդիրներու տեսական մեկնաբանութեան եւ վերլուծութեան:

Այդ շարունակական գիտական հետաքրքրութեան ծիրին մէջ կը տեղադրուին նաեւ Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի (ՀՊՄՀ) եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի գործակցութեամբ կազմակերպուած 2022-ին` Երեւանի, ապա 2023-ին` Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած «Հայութեան տեղաշարժները եւ փոխակերպումները 20-րդ դարուն եւ 21-րդ դարու սկիզբին» գիտաժողովները, որոնք հայութեան ժամանակակից տեղաշարժներն ու փոխակերպումները պատմական եւ հասարակագիտական քննութեան կ՛ենթարկէին: Թէեւ այդ երկու գիտաժողովներուն անձամբ չէի մասնակցած, բայց եւ այնպէս, անոնց նիւթերը 2025-ին համախմբուեցան եւ հրատարակուեցան 376 էջնոց հատորով մը` խմբագրութեամբ Էդգար Յովհաննիսեանի, Խաչատուր Ստեփանեանի եւ Անդրանիկ Տագէսեանի: Այս հատորը կը վկայէ գիտական այս համագործակցութեան հետեւողականութեան, ուսումնասիրութիւններու խորութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքագիտութեան հանդէպ հետազօտական կայուն հետաքրքրութեան մասին:

Գիտական այս համագործակցութիւնը Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ-ի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի միջեւ շարունակուեցաւ 14 սեպտեմբեր 2026-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Փոխակերպուող հայաշխարհ. գործընթացներ եւ իրողութիւններ» միջազգային միօրեայ գիտաժողով-աշխատաժողովի շրջանակին մէջ: Գիտաժողովներու այս շարքին երրորդ փուլը սեպտեմբեր 2026-ին համախմբեց Հայաստանի եւ սփիւռքի տարբեր երկիրներէ մասնակցող հետազօտողներ` դիտարկելու արդի հայաշխարհի փոխակերպման գործընթացները: Գիտաժողովին մասնակցելով` առիթ ունեցայ նաեւ զեկուցումով հանդէս գալու:

Գիտաժողովի բացման խօսքը ներկայացուց Խ. Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ համաշխարհային պատմութեան եւ անոր դասաւանդման ամպիոնի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան: Ողջոյնի ելոյթներով հանդէս եկան` ՀՊՄՀ նախագահ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Լիլիթ Մկրտչեանը, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանը, Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտոր Անդրանիկ Տագէսեանը եւ ՀՊՄՀ պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Էդգար Յովհաննիսեան: Բացման ելոյթներուն մէջ շեշտադրուեցաւ հայաշխարհի ներկայ արագ եւ բազմաբաղադրիչ փոփոխութիւնները գիտական հետազօտութեան եւ համադրական վերլուծութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:

2026-ի գիտաժողովը, նախորդ գիտաժողովներու հրապարակուած նիւթերուն համեմատ, կը մատնանշէր դիտանկիւնի որոշ ընդարձակում: Խորագիրին փոփոխութիւնը` «Հայութեան տեղաշարժներ եւ փոխակերպումներ»-էն դէպի «Փոխակերպուող հայաշխարհ», այս տեղաշարժին խորհրդանշական արտայայտութիւնն էր, որ քննութեան առարկան այլեւս միայն արձանագրուած տեղաշարժները չէին, այլ փոխակերպման ընթացքին մէջ գտնուող հայաշխարհը` իր ներքին բազմաբնոյթ ու տարբեր հարթութիւններու վրայ գործող բաղադրիչներու փոխազդեցութեամբ եւ արտաքին միջավայրերու հետ յարաբերութիւններով:

Գիտաժողովի չորս նիստերուն եւ առցանց թէ ներկայութեամբ եօթը զեկոյցներուն բովանդակային ընթացքը` ինքնութիւն, պետութիւն-սփիւռք յարաբերութիւններ, ազգային գաղափարախօսութիւն, հոգեխոցը (trauma) եւ ինքնութեան որոշ դրսեւորումներ,  համաշխարհայնացում եւ առաջատար թուային արհեստագիտութիւնները փորձեցի կարդալ իբրեւ մէկ ընդարձակ հետազօտական հարցադրում` արդեօք հայաշխարհի տարբեր բաղադրիչները կը փոխակերպուի՞ն համաչափ եւ համընթաց, թէ՞ հետզհետէ կը խորանայ փոփոխութիւններու արագութեան, ուղղութեան եւ հաստատութենական յարմարեցումներու միջեւ անհամաժամանակութիւնը:

Գիտաժողովի ծրագիրը ունէր ուշագրաւ ներքին տրամաբանութիւն. քննարկումները ինքնութեան եւ հաւաքական փորձառութեան մակարդակէն աստիճանաբար կը տեղափոխուէին դէպի պետական, հաստատութենական եւ անդրազգային յարաբերութիւններ, ապա` համաշխարհայնացման եւ թուային միջավայրի հարցեր: Այս կառուցուածքը, զեկոյցներէն աւելի,  դէպի համադրական եւ քննադատական քննարկում կը մղէր` ի յայտ բերելով արդի հայաշխարհի մարտահրաւէրներուն, ոլորտային փոփոխութիւններուն եւ կենսունակ շարունակականութեան պայմաններուն առնչուող տարբեր ախտաճանաչումներ:

Այս բովանդակային կառուցուածքէն կը բխէր նաեւ աւելի ընդարձակ հարցադրում մը. ինչպէ՞ս կ՛իմաստաւորուին հայաշխարհի` ինքնութիւնը, կազմակերպական ձեւերը եւ Հայաստան-ազգ-սփիւռք յարաբերութիւնը, եւ որքանո՞վ անոնց փոփոխութեան ընթացքները համընթաց են համաշխարհային ու թուային միջավայրի արագ վերաձեւաւորումներուն:

Ակնառու էր, որ եօթը զեկոյցները հայաշխարհի փոխակերպումները միօրինակ մօտեցումով չէին վերլուծեր: Զեկուցաբերներու մասնագիտական հենքերուն, նիւթերուն եւ կիրարկուած մօտեցումներուն բազմազանութիւնը գիտաժողովին կու տար յստակ բազմագիտակարգային (multidisciplinary) հիմք` հայաշխարհի ուսումնասիրութիւնը տարածելով պատմութեան, հասարակագիտութեան, հոգեբանութեան, քաղաքական ու հաստատութենական վերլուծութեան, ինչպէս նաեւ համաշխարհայնացման եւ թուային փոխակերպման հարցերուն վրայ: Տարբեր դիտանկիւններու համադրումն էր, որ կը ձեւաւորէր անոր միջգիտակարգային (interdisciplinary) արժէքը` ի յայտ բերելով փոխլրացնող, երբեմն նաեւ տարբեր ախտաճանաչումներ, տեսական լարումներ եւ փոխակերպման տարբեր մեկնաբանութիւններ:

Բանախօսներու բնաբաններուն հակիրճ նկարագրութիւնը կարելի է ներկայացնել հետեւեալ կերպով:

Հրակ Փափազեանի` «Ո՞վ է հայը» հարցադրումին հետքերով» զեկոյցը «հայ» հասկացողութեան վերջնական սահմանում չէր որոներ, այլ կը քննէր բուն իսկ այդ հարցադրումին պատճառներն ու հետեւանքները` ինքնութիւնը դիտելով իբրեւ շարունակաբար վերաիմաստաւորուող պատկանելիութիւն:

Լիլիթ Մնացականեանի` «Հոգեխոցը եւ հայկական ինքնութեան որոշ դրսեւորումներ» զեկոյցը հայկական ինքնութեան որոշ երեւոյթներ կը դիտէր հաւաքական հոգեխոցի լոյսին տակ` շեշտելով պատմական եւ ժամանակակից ցնցումներու շարունակուող ազդեցութիւնն ու հաւաքական վերականգնման անհրաժեշտութիւնը:

Աշոտ Ոսկանեանի` «Պետութիւն-սփիւռք.  ճգնաժամ եւ հեռանկար» զեկոյցը Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու հակասութիւնները կը տեղադրէր պատմական եւ հաստատութենական շարունակականութեան մէջ` խնդիրը տեսնելով երկու փոփոխուող կողմերու նպատակներու, սպասումներու եւ պատասխանատուութիւններու համադրման մէջ:

Հրայր Պալեանի` «Ազգ-պետութիւն, սփիւռք եւ հայերու բնաւ չկառուցած հաստատութենական ճարտարապետութիւնը» զեկոյցին մէջ կրկնուող ճգնաժամերուն խորքին կը տեսնէր պետութիւն-սփիւռք յարաբերութեան մնայուն խորհրդակցական եւ համակարգող հաստատութենական կառոյցներու, դրութիւններու բացակայութիւնը:

Տիգրան Եկաւեանի` «Իրական Հայաստան, ազգային պետութիւն եւ նորագոյն զարգացումներ» զեկոյցը կը քննէր Հայաստանի պետական ինքնընկալման եւ սահմաններէն անդին տարածուող պատմական ազգի պատկերացման միջեւ ներկայ յարաբերութիւնը: Անոր առաջադրած խնդիրը կը բացայայտէր աւելի խոր տեսական լարում մը, թէ տարածքային պետութեան տրամաբանութիւնն ու անդրազգային հայկականութիւնը ինչպէ՛ս կրնան համադրուիլ եւ վերաիմաստաւորուիլ նոր պայմաններուն մէջ:

Արմենակ Թոքմաճեանի` «Փոքր երկիր, համաշխարհային ցանցեր. հայերը եւ համաշխարհայնացման տարակերպութիւնը (paradox)» զեկոյցը կը բացայայտէր համաշխարհայնացման երկակի ազդեցութիւնը: Աշխարհասփիւռ ցանցերը մէկ կողմէն կ՛ընդարձակեն Հայաստանի գիտելիքային ու տնտեսական հնարաւորութիւնները, սակայն միւս կողմէն` կրնան յանգեցնել մարդկային ներուժի արտահոսքին ու համայնքային կապերու տկարացման:

Արա Սայեղի` «Սփիւռքահայութեան փոխակերպումը համաշխարհայնացման եւ թուային արհեստագիտութիւններու հոլովոյթին մէջ» զեկոյցը կը քննէր, թէ համաշխարհայնացումն ու թուային միջավայրը ինչպէ՛ս կը փոխեն ոչ միայն հաղորդակցութեան միջոցները, այլ նաեւ` ինքնութեան, լեզուի, մշակոյթի, կազմակերպուածութեան եւ միջսերնդային փոխանցման պայմանները: Զեկուցման առանցքն այն էր, որ հայկական բովանդակութեան եւ առցանց կապերու բազմացումը ինքնին շարունակականութեան երաշխիք չեն. վճռորոշը այդ նոր արհեստագիտութիւններու ընձեռած կարելիութիւնները մասնակցութեան, կազմակերպուած համագործակցութեան, լեզուական ու մշակութային կենսունակութեան վերածելու կարողութիւնն է: Հիմնական միտքերէն մին այն էր, որ միջազգային կապերու ընդլայնումն ու աշխարհի հետ բաց հաղորդակցութիւնը ինքնաբերաբար հաւաքական ուժ չեն ստեղծեր, եթէ անոնք չվերածուին մնայուն մարդկային եւ հայկական կազմակերպչական ներուժի:

Գիտաժողովէն բխող համադրական անդրադարձ

Գիտաժողովին մասնակցութենէս եւ զեկոյցներու բովանդակութենէն անդին` հետեւեալ դիտարկումներով կը փորձեմ բացայայտել անոնց միջեւ երեւացող ընդհանուր հարցադրումներն  ու տեսական լարումները:

1.- Փոխակերպման հիմնական խնդիրը` տարբեր արագութիւններու անհամապատասխանութիւնը

«Փոխակերպուող հայաշխարհ»-ը մէկ ուղղութեամբ եւ միասնական տրամաբանութեամբ ընթացող գործընթաց չէ: Ինքնութեան սահմանները, թուային եւ անդրազգային կապերը յաճախ աւելի արագ կը վերաձեւաւորուին, քան` պետական, համայնքային եւ հաստատութենական գործելակերպերը: Հետեւաբար այս անհամաչափութիւնը կարելի է բնորոշել ոչ միայն անով, թէ ի՛նչ փոխուեցաւ, այլ նաեւ` որքանո՞վ ձեռնարկուած քայլերը համընթաց եղան տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն, եւ ո՞ւր ի յայտ եկաւ փոփոխութիւններու արագութեան ու յարմարեցման միջեւ անհամապատասխանութիւնը:

2.- Պետութիւն եւ սփիւռք` փոխակերպուող հայաշխարհի պայմաններուն մէջ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն, կը գործէ տարածքի, քաղաքացիութեան եւ պետական առաջնահերթութիւններու տրամաբանութեամբ, մինչ սփիւռքը բազմակեդրոն ու սահմանանցիկ իրականութիւն է: Այս տրամաբանութիւնները պարտադիր հակադիր չեն, սակայն անոնց փոխյարաբերութիւնը կը պահանջէ խորհրդակցութեան, փոխադարձ ըմբռնման եւ համակարգման կայուն մեքանիզմներ:

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց գործնական արժէքը կարելի է գնահատել ոչ միայն հանդիպումներու կամ նախաձեռնութիւններու քանակով, այլ նաեւ` տարբեր շահեր, գիտելիքներ, փորձառութիւններ ու պատասխանատուութիւններ քննարկելու, համադրելու եւ գործնական որոշումներու վերածելու կարողականութեամբ:

3.- Բազմացող կապերէն դէպի հաւաքական գործունակութիւն

Համաշխարհայնացումն ու թուայնացումը ընդլայնած են հայաշխարհի հաղորդակցական եւ ցանցային կապերու հնարաւորութիւնները, սակայն էականը այն է, թէ այդ կապերը որքանո՛վ կը վերածուին մասնակցութեան, համագործակցութեան եւ հաւաքականօրէն գործելու ներուժի: Հետեւաբար թուային ներկայութեան նշանակութիւնը կարելի է գնահատել ոչ միայն տեսանելիութեամբ, այլեւ` իր ստեղծած մնայուն մասնակցութեամբ եւ հաւաքական գործունէութեամբ:

4.- «Պահպանում»-էն դէպի կենսունակ շարունակականութիւն

Յատկապէս սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան, լեզուի եւ մշակոյթի «պահպանում»-ը երկար ժամանակ եղած է հանրային խօսոյթի առանցքային նպատակներէն: Սակայն լեզուի գործածութիւնը, հայկական դպրոցի գոյութիւնը եւ մշակութային բովանդակութեան առկայութիւնը ինքնին արդեօ՞ք միակ բաւարար պայմաններ են հայկական ինքնութեան միջսերնդային փոխանցումը, նոր կրողներու ձեւաւորումը եւ գործօն մասնակցութիւնը ապահովելու համար: Այս պատճառով պահպանումը արժէ դիտարկել ոչ միայն լոկ գոյութեան, այլ նաեւ` վերարտադրութեան եւ կենսունակ շարունակականութեան տեսանկիւնէն:

Հետեւաբար հարցադրումը «ի՞նչ պահպանուեցաւ»-էն կը տեղափոխուի դէպի` «ի՞նչ կը շարունակէ վերարտադրուիլ»: Կենսունակ շարունակականութիւնը կը նշանակէ լեզուն, մշակոյթը, յիշողութիւնն ու պատկանելիութիւնը նոր սերունդներու եւ նոր միջավայրերու մէջ տեւականացնել: Այս գործընթացը, սակայն, պարտադիր չէ, որ ինքնութեան միակերպ վերարտադրութեան յանգի. բազմազանութիւնը ինքնին մասնատում չէ, ինչպէս միասնականութիւնն ալ անպայման միակերպութիւն չի նշանակեր:

5.- Հաստատութենական արդիականացում` կառոյցներու բազմացումէն անդին

Հայաշխարհի հաստատութենական խնդիրը միայն կառոյցներու թիւը չէ, այլ` անոնց սորվելու, յարմարելու եւ սեփական գործելակերպը վերանայելու կարողութիւնը: Արդիականացումը նոր կառոյց կամ հարթակ ստեղծելով չի սպառիր.  ան կը պահանջէ հասկնալ, թէ ո՛ր գործելակերպերը այլեւս արդիւնաւէտ չեն, ի՞նչ նոր կարիքներ յառաջացած են, եւ ինչպէ՞ս նախորդ նախաձեռնութիւններէն, որոշումներէն կարելի է դասեր քաղել` ապագայ գործելակերպը բարելաւելու համար:

Նոյն սկզբունքը կը վերաբերի նաեւ հաւաքական յիշողութեան եւ հոգեխոցին. փորձառութիւնը ինքնաբերաբար ուսուցում չի դառնար, եթէ ան չվերածուի ապագայի որոշումները բարելաւող գիտելիքի եւ գործնական դասերու:

Վերջնական համադրութիւն

Այս դիտարկումները կը յուշեն, որ «փոխակերպուող հայաշխարհ»-ը ոչ միայն փոփոխութեան ենթարկուող իրականութիւն է, այլ նաեւ` այդ փոփոխութիւնը հասկնալու, համադրելու եւ կենսունակ շարունակականութեան ծառայեցնելու կարողութեան խնդիր: Հիմնական մարտահրաւէրը փոփոխութիւնը կանխելը չէ, այլ` անոր տարբեր ընթացքները հասկնալի, քննարկելի եւ գործնական ծրագիրներու, եւ հետեւողական քայլերու վերածելը: Գիտաժողովը առիթ եղաւ փոխակերպուող հայաշխարհի տարբեր բաղադրիչները համադրաբար դիտարկելու` անոնց փոխադարձ առնչութիւններն ու ազդեցութիւնները  նկատի ունենալով:

Ցանկալի է, որ յաջորդ գիտաժողովները շարունակեն խորացնել փոխակերպուող հայաշխարհի` դեռ համապարփակ քննութեան կարօտ հարցադրումները` համեմատական ուսումնասիրութիւններով աւելի ամբողջական դարձնելով անոր հանդէպ գիտական ըմբռնումը: Այս ուղղութեամբ առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի տարբեր գիտակարգերու եւ մեթոտաբանական մօտեցումներու համադրումը, որ կրնայ սփիւռքագիտական հետազօտութիւնը դարձնել աւելի բազմակողմանի եւ վերլուծականօրէն հարուստ:

Նմանօրինակ գիտաժողովներու գլխաւոր նպատակն է` ձեւակերպել ժամանակակից «փոխակերպուող հայաշխարհ»-ի մարտահրաւէրներէն թելադրուած հարցադրումներ եւ նախանշել անոր հետագայ ուսումնասիրութեանց յստակ ուղղութիւնները:

 

 

Նախորդը

Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը

RelatedPosts

Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը
Անդրադարձ

Տօներուն Մեծագոյնը` Թարգմանչացը

October 15, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Սպայ»-ի Բարձր Կոչումին
Անդրադարձ

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Սպայ»-ի Բարձր Կոչումին

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.