Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 15-20 Սեպտեմբերին

July 29, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ խորհրդարանի ընտրութիւններու բարձրագոյն յանձնախումբի նախագահ Մոհամետ Թահա Ահմետ յայտնեց, որ շաբաթ օր Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ հանդիպումի ընթացքին անոր փոխանցուած է խորհրդարանական ընտրութեանց ժամանակաւոր օրէնքի սուրիական հասարակութեան տարբեր բաղադրիչներուն եւ հեղինակութիւններուն հետ հանդիպումներէն ետք որդեգրուած բարեփոխումները: Այս մասին հաղորդեց ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Ահմետ ըսաւ, որ Շարհը յայտնած է, որ անհրաժեշտ է ընտրութիւնները կատարել սուրիական բոլոր նահանգներուն մէջ, եւ մերժած է բոլոր սուրիացիներուն կողմէ մերժուած մասնատումը:

Ան նաեւ անհրաժեշտ նկատած է մեկուսացնել բոլոր անոնք, որոնք ոճրագործներուն կողքին կանգնած են եւ անոնց զօրակցած, ինչպէս նաեւ մեկուսացնել այն անձերը, որոնք մասնատում, համայնքայնութիւն ու յարանուանականութիւն կը ջատագովեն:

Ահմետ խորհրդարանի աթոռներու թիւի 150-էն 210-ի բարձրացումը յայտարարեց, ուստի նահանգներու մասնաբաժինը պիտի աւելնայ 2011 թուականին կատարուած մարդահամարին հիմամբ: Նախագահը անոնցմէ 70-ը պիտի նշանակէ:

Ան ըսաւ, որ նոր ընտրական համակարգի յատուկ հրամանագիրի ստորագրումէն ետք ենթայանձնախումբերու ընտրութեան համար մէկ շաբթուան կարիք պիտի ըլլայ, ապա այդ յանձնախումբերուն պիտի տանք 15 օրուան ժամանակ` ընտրական մարմին ընտրելու համար: «Ատկէ ետք պիտի բանանք թեկնածութեան առաջադրման դռները` թեկնածուներուն տալով մէկ շաբաթ` իրենց ընտրական ծրագիրները պատրաստելու համար: Այնուհետեւ պիտի կատարուին բանավէճեր` թեկնածուներու եւ յանձնախումբերու ու ընտրական մարմիններու անդամներու միջեւ», աւելցուց ան:

Սուրիոյ խորհրդարանի ընտրութեանց բարձրագոյն յանձնախումբի նախագահ Մոհամետ Թահա Ահմետ նշեց, որ կը նախատեսուի, որ խորհրդարանի ընտրութիւնը տեղի ունենայ 15-20 սեպտեմբերին, եւ ընտրական մարմիններուն մէջ կիներու մասնակցութեան համեմատութիւնը առնուազն 20 առ հարիւր է:

Միջազգային կազմակերպութիւններուն պիտի արտօնուի ընտրական բարձրագոյն յանձնախումբի հովանաւորութեամբ եւ համակարգումով , ինչպէս նաեւ ընտրացանկերուն կազմութեան եւ արդիւնքները բողոքարկելու ազատութիւնը պիտի երաշխաւորուի:

Նախորդը

Ուքրանիա Առաջին Անգամ Ըլլալով Ազրպէյճանէն Կազ Պիտի Գնէ

Յաջորդը

Թրամփ. «Ես Չեմ Կարծեր, Որ Կազայի Մէջ Սով Կայ. Ատիկա Կրնայ Թերսնման Կապուած Ըլլայ, Որովհետեւ Համաս Օժանդակութիւնները Կը Գողնայ»

RelatedPosts

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Քննարկէ Հիւլէական Զէնք Չտարածելու Մասին Պայմանագիրէն Դուրս Գալու Հարցը

September 30, 2026
Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»
Միջազգային

Նեթանիահու. «Կան Նշաններ, Որ Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Պիտի Փորձեն Յարձակիլ Իսրայէլի Վրայ»

September 30, 2026
Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի
Միջազգային

Թրամփի Կարծիքով` Իրանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.