25 հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններ: Համայնքները քաղաքներ եւ գիւղեր են, որոնք վերջին տարիներուն որդեգրուած օրէնքին հիման վրայ, քաղաքի մը կամ աւանի մը շուրջ համախմբումով կը կազմեն խոշորացուած տեղական կառավարման շրջանակ մը: Համայնքներու խոշորացումը կը կատարուի սկզբունքով տեղական պիւտճէներու միացումով աւելի նպատակայարմար գործունէութիւն ունենալու նպատակով, սակայն գործնականին մէջ նկատելի են իշխող ուժին ի նպաստ հաշուարկներ:
21 համայնքներէն 19-ին մէջ ընտրութիւնը կատարուած է համամասնական ընտրակարգով, երկու փոքր ու առաւելաբար ոչ հայերով բնակուած համայնքներու մէջ` մեծամասնական ընտրակարգով: Համամասնական համակարգով ընտրուած աւագանիին մէջ (քաղաքապետական խորհուրդ) անցումային շէմը կուսակցութիւններու համար 4 առ հարիւր է, կուսակցութիւններու դաշինքներու համար` 6 առ հարիւր: Օրէնքը կը պարտաւորեցնէ աւագանիին մէջ առնուազն երեք ուժերու առկայութիւնը, ինչ որ կրնայ պատճառ դառնալ 4 կամ 6 տոկոս չյաղթահարած ուժերուն ներառման աւագանիի կազմին մէջ:
Հինգ համայնքներու մէջ (Արմաւիր, Ախուրեան, Վարդենիս, Վայք եւ Գառնի) թեկնածու առաջադրած էր միայն քաղաքացիական պայմանագիր (ՔՊ) կուսակցութիւնը: Նման պարագային ընտրողները պէտք է որոշէին կողմի եւ դէմի միջեւ: Բնականաբար ՔՊ-ն յաղթեց մեծ համեմատութեամբ:
Վեց համայնքներու մէջ ընտրութեան մասնակցած են երկուքական քաղաքական ուժեր, եօթը համայնքներու մէջ` երեք, իսկ չորս համայնքներու մէջ` չորս քաղաքական ուժեր:
Քաղաքական ուժերու մասնակցութեան այս պատկերը կը վկայէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան պակասին մասին: Բոլորին յիշողութեան մէջ թարմ են նախորդ ընտրութիւններուն ընդդիմադիրներու յաղթանակէն ետք կատարուած ձերբակալութիւնները, մինչեւ իսկ ընտրուած համայնքապետի մը սպանութիւնը:
Այս ընտրութիւններու նախօրեակին եւս պակաս չեղան հետապնդումները եւ ձերբակալութիւնները. շարժառիթը կամ պատրուակը ընտրակաշառքի բաժանումն է, ապօրինի լսումներու կամ նկարահանումներու հիման վրայ:
Առաջին անգամ գործադրուեցաւ յունիս 7-ի ընտրութենէն ետք նախորդ Ազգային ժողովին որոշումը Հայաստանէն դուրս բնակող հայրենակիցներու քուէարկելու իրաւունքին մասին. անոնք ընտրութեան նախորդող 730 օրերէն 366 օր պէտք է գտնուած ըլլան Հայաստանի մէջ ընտրացուցակներուն մէջ ներառուելու համար: Հազարաւոր քաղաքացիներու անունները ջնջուեցան ընտրացուցակներէն:
Բացի մէկէն (Ստեփանաւան) մնացեալ բոլոր համայնքներուն մէջ Քաղաքացիական պայմանագիրը յաղթանակ արձանագրեց, ապահովելով համայնքապետի աթոռը: Բնականաբար համայնքային խորհուրդներուն մէջ ընտրութեան մասնակցած ուժերը պիտի ունենան փոքրամասնական ներկայացուցիչներ: Փաստ է սակայն, որ վարչական ազդեցութեան գործարկման նպատակով Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը իր ցանցերը կը տարածէ հանրապետութեան բոլոր շրջաններուն մէջ:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը մասնակցեցաւ այս ընտրութիւններուն առանձինն (ոչ դաշինքով) հինգ համայնքներու մէջ: Արդիւնքները, որոնք տասը առ հարիւրէն տասնհինգ առ հարիւրը գերազանցող թիւեր ցոյց կու տան, յուսադրիչ են: Անհաւասար պայմաններու տակ` ձերբակալութիւններ, սպառնալիքներ եւ վարչական միջոցներու բացայայտ կիրարկում, նման արդիւնքի ապահովումը քաջալերական է: Ճիգը պէտք է շարունակուի, յաջորդ հանգրուանին ընդարձակելով մասնակցութեան աշխարհագրութիւնը:
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները պէտք չէ քաղաքականացուին: Ընտրութեան տեղական բնոյթը, իւրաքանչիւր համայնքի առանձնայատուկ պայմանները եւ պահանջները, անոնց զարգացման հետ կապուած խնդիրները միշտ ալ գործող իշխանութեան համար աժան ժողովրդականութիւն ձեռք բերելու հնարաւորութիւն կը ստեղծեն: Շռայլ խոստումներ կը տրուին, որոնք սակայն ընտրութենէն ետք կը մոռցուին: Ընդդիմադիր ուժերը ուշադրութեամբ պէտք է հետեւին տրուած խոստումներուն կատարման ընթացքին, գործող իշխանութիւններուն համատարած սուտերը երեւան հանեն եւ լուսաբանեն հանրային կարծիքը:
Հայաստանի գործող իշխանութիւնը կը յուսայ ժողովրդային լայն համամտութեան պատրանք ստեղծել, գործադրել կարենալու համար միայն փոքրամասնութեան մը զօրակցութիւնը վայելող ծրագիրները:



