Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահրէյնի Թագաւորը Պէյրութի Մէջ Իր Երկրի Դեսպանատան Վերաբացումը Յայտարարեց

July 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պահրէյնի Համատ Պըն Իսա Ալ Խալիֆա թագաւորը յայտարարեց, թէ որոշում տուած է Պէյրութի մէջ պահրէյնեան դիւանագիտական մնայուն ներկայացուցչութիւն հաստատելու, եւ ընդգծեց փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութիւններուն ու կնքուած համաձայնութիւնները գործադրելու համար Պահրէյն-Լիբանան միացեալ յանձնախումբի կեանքի կոչման կարեւորութիւնը:

Պահրէյնի թագաւորը խօսքը Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին ուղղելով յայտնեց. «Ուրախ ենք, որ ձեր այցելութիւնը կը զուգադիպի մեր երկու եղբայրական երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 53-ամեակին եւ Լիբանանի մէջ Պահրէյնի թագաւորութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութեան վերականգնման:

«Այս առիթով ամենայն հպարտութեամբ կը յայտարարենք մեր որոշումը Պէյրութի մէջ պահրէյնեան դիւանագիտական տեւական առաքելութիւն հաստատելու` անհամբեր սպասելով, որ այս քննարկումները նոր փուլ կ՛ըլլան հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմանի արդիւնաւէտ նոր գործակցութեան»:

Թագաւորը նաեւ նշեց. «Պահրէյնը միշտ լիբանանցիներն ու զինք սիրողները հիւրընկալած է եւ նախանձախնդիր եղած է, որ իրենց կեցութիւնը ըլլայ ողջունելի եւ հոգատարութեան ենթակայ` գնահատելով այն ծառայութիւնները, որոնք մեր երկրին մատուցած են եւ տակաւին կը մատուցեն: Ատոր դիմաց մեզ նոյնպէս կը հետաքրքրէ, որ չշարունակուի Լիբանանի տառապանքը` հիւրընկալելով անոր մէջ տիրող ազատութիւնը չարաշահողները, եւ փոխանակ անոր հիւրընկալութեան երախտապարտ ըլլալու, անոր կը վնասեն, եւ երկիրը այդ պատճառով ամէնէն սուղ գինը կը պատճառէ, ինչ որ կը մերժենք եւ կը մաղթենք, որ չկրկնուի»:

Պահրէյնի թագաւորը նշեց, որ իր երկիրը միշտ նախանձախնդիր է կանգնելու եղբայրական Լիբանանի Հանրապետութեան կողքին, մասնաւորաբար շրջանին մէջ տիրող զգայուն պայմաններուն մէջ, «ուստի կ՛ընդգծենք մեր ամբողջական աջակցութիւնը լիբանանեան ջանքերուն, որոնց նպատակը ազգային գերիշխանութիւնն ու միասնականութիւնը ամրապնդելն է: Ինչպէս նաեւ մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք ձեզի եւ լիբանանեան կառավարութեան, ինչ որ լիբանանցի ժողովուրդին շահերը կ՛երաշխաւորէ, եւ Լիբանանը կը վերադարձնէ արաբական եւ միջազգային իր առաջնակարգ դիրքին»:

Նախագահ Աուն եւս ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ սէրը եւ Պահրէյնի դեսպանին Լիբանան լիարժէք վերադարձի նկատմամբ կարօտը:

Ան ըսաւ. «Կը ձգտինք մեր միջեւ առեւտրական ամբողջական շրջանառութեան վերականգնման, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներու մէջ մեր գործակցութեան»:

Պահրէյնի թագաւորին ու նախագահ Աունի միջեւ հանդիպումէն ետք հրապարակուած միացեալ հաղորդագրութեան մէջ երկու կողմերը շեշտեցին պետութիւններու գերիշխանութիւնը յարգելու, անոնց ներքին հարցերուն չմիջամտելու, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ նշուած եւ բարի դրացնութեան սկզբունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը:

Թագաւորը Պահրէյնի հաստատ աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի գերիշխանութեան, կայունութեան եւ հողային ամբողջականութեան, մերժումը անոր ներքին հարցերուն որեւէ արտաքին միջամտութեան, ինչպէս նաեւ ընդգծեց լիբանանեան հասարակութեան պատմական իւրայատկութեան, կրօնական բազմազանութեան եւ քաղաքակիրթ համակեցութեան արժէքներու կարեւորութիւնը:

Ան ըսաւ, որ թագաւորութիւնը զօրավիգ կը կանգնի նախագահ Աունի եւ լիբանանեան կառավարութեան քաղաքական ու տնտեսական բարեկարգման եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման ջանքերուն:

Երկու կողմերը ողջունեցին ամերիկեան վարչակազմին ներկայ պայմաններուն մէջ Լիբանանի անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման մեծ ջանքերը եւ ընդգծեցին անհրաժեշտութիւնը շրջանային ու միջազգային գործընկերներու հետ հաղորդակցութեան շարունակման եւ երաշխաւորելու Լիբանանի անհրաժեշտ աջակցութեան ապահովումը` ընդդէմ ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ վերաշինութեան փուլ մուտք գործելուն:

Նախորդը

Խորհրդարանը Հաղորդակցութեան Միջոցներու 3 Նախկին Նախարարները Փոխանցեց Հետաքննութեան Յանձնախումբին Եւ Անձեռնմխելիութենէ Զրկեց Ճարտարարուեստի Նախկին Նախարարը

Յաջորդը

Աւանդական Գինեձօն

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.