Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւանդական Գինեձօն

Յուլիս 24, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքահայ յայտնի գործիչ, բարերար ու գործարար Կիրակոս Գույումճեանի նոր գիրքին շնորհանդէսը Երկուշաբթի երեկոյեան Երեւանի մէջ համախմբեց խումբ մը գրասէրներ, որոնք համախմբուած էին աշխարհի զանազան երկիրներէն։ Կիրակոս Գույումճեան, որ կը բնակի Քուէյթ, վերջերս հրատարակած է «Յուշագրական Պատառիկներ» գիրքը, որուն համար Երկուշաբթի օր գինեձօն մը կազմակերպուեցաւ Երեւանի «Քոնկրէս» պանդոկի «Փիքասսօ» սրահի երդիքին տակ։

Հայաստանի Գրողներու Միութեան հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Երեւանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեան եւ Քուէյթի դեսպան Մուհամմետ Թարըք Ալի ալ-Օրաիֆան։ Կիրակոս Գույումճեան եւ ընտանիքի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները, որոնք ողջունեցին այս նոր գիրքի հրատարակութիւնը։ Հանդիսութեան բացման հանդէս եկաւ Ռիթա Կաղեան, որ հանդիսավարի դերը ստանձնած էր։ Կիրակոս Գույումճեանի կենսագրութեան ներկայացումէն վերջ, Պերճուհի Աւետեան հպանցիկ ակնարկով մը ծանօթացուց նոր գիրքը։ Անի Թորանեան Գույումճեանի գործէն հատուածներ ընթերցեց, իսկ աւելի վերջ գործն ու հեղինակը զանազան երեսակներով ծանօթացուց Տիգրան Գաբոյեան, որ Կիրակոս Գույումճեանի հետ կը համագործակցի գիրքերու հրատարակութեան պարագային։ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էտուարտ Միլիտոնեանի ողջոյնի խօսքէն վերջ յայտագիրը շարունակուեցաւ երաժշտական բաժնով մը։ Սոֆի Ստեփանեան թաւջութակի կատարումներով, իսկ Արամ Խաչատուրեան մեներգով մասնակցութիւն բերին ծրագրին։

Տեսակապով հեղինակը շնորհաւորեցին Պէյրութէն՝ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան եւ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնի տեսուչ Ահարոն Շխրտմեան։ Այս վերջիններուն առընթեր, Հալէպի «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան եւս տեսակապով միացաւ ծրագիրին։

Եզրափակիչ փուլին ելոյթի հրաւիրուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որմէ վերջ Կիրակոս Գույումճեանն ալ հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։

Յայտագիրի գործադրութենէն վերջ տեղի ունեցաւ գինեձօնի խորհրդանշական արարողութիւնը։ Այս փուլին Կիրակոս եւ Սիլվա Գույումճեան ամոլին միացաւ Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան, ու միասին կատարեցին այդ խորհրդանշական ծէսը։

Ապա Կիրակոս Գույումճեան մակագրեց իր գիրքերը ներկայ ընթերցասէրներուն համար, որոնք արտայայտեցին իրեն նկատմամբ համակրանքը, խրախուսանքը՝ մանաւանդ, որ ան կ՚արտադրէ արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ։

Այս բոլորէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին Կիրակոս Գույումճեանի հետ ջերմ զրոյցը շարունակուեցաւ։ Ներկաները անմիջական մթնոլորտի մէջ իրարու հետ կարծիքներ փոխանակեցին եւ հերթական անգամ շնորհաւորեցին Կիրակոս Գույումճեանը՝ իրեն մաղթելով նորանոր ձեռքբերումներ ու մանաւանդ՝ մշտադալար գրիչ։

«Ժամանակ»

 

Նախորդը

Պահրէյնի Թագաւորը Պէյրութի Մէջ Իր Երկրի Դեսպանատան Վերաբացումը Յայտարարեց

Յաջորդը

Ռուս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ Քիրիլ Պատրիարքը Կը Շնորհաւորէ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գահակալութեան 30 Ամեակը

RelatedPosts

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?