Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի (Ֆորում) 30-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում` Սէրուժ Պաղտասարեանի Եւ Հայաստանի Պետական Սիմֆոնիք Նուագախումբի Վիպերգական Ձայներու Հնչեղութեամբ

Յուլիս 24, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգային  հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը արդէն 97 երկար տարիներու մեծ աւանդ ունի սփիւռքի օտար ափերուն հայ սերունդներուն հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Այդ կարեւոր նպատակին կը ծառայեն սփիւռքի տարածքին գործող Համազգայինի կրթական եւ մշակութային զանազան կառոյցները:

Հայապահպանութեան եւ հայրենաճանաչողութեան միտող իւրայատուկ նախաձեռնութիւններէն է տարեկան դրութեամբ կայացող Համազգայինի ուսանողական հաւաքը (ֆորում), որ արդէն 30 տարիէ ի վեր իր շուրջ կը համախմբէ աշխարհի տարբեր ծագերուն ապրող հայ ուսանողները` հիմնականօրէն Հայաստանի մէջ: Համազգայինի ֆորումը իւրօրինակ  կամուրջ է հայրենիքի ու սփիւռքի միջեւ` միաւորելով պատմութիւնն ու ազգային արժէքները, համահայկական երազանքներն ու ինքնութեան պահպանումը:

Համազգայինի ուսանողական ֆորումի 30-ամեակը հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ յուլիս 22-ին Երեւանի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, ուր մէկտեղուած էին աշխարհի տարբեր կողմերէն համազգայնականներ, նախկին ու ներկայ ֆորումականներ` լիբանանահայ երիտասարդ ու տաղանդաւոր երաժիշտ, ֆորումական Սէրուժ Պաղտասարեանի կողմէ մշակուած եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ մեկնաբանուած ստեղծագործութիւնները ըմբոշխնելու:

Բեմէն հնչեցին եւ ներկաներուն մօտ մեծ տպաւորութիւն ձգեցին ազգային ու հայրենասիրական սիրուած երգեր եւ աւանդական երաժշտութիւններ, որոնք Սէրուժ Պաղտասարեանի տաղանդին ու վարպետութեան շնորհիւ արդի մօտեցումներով մշակուած են` ստանալով նոր հնչեղութիւն ու կեանք:

Համազգայինի անունով խօսք առաւ Արին Պուլուզեան-Գալուստեան, որ իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, թէ երեկոյթին նպատակը ոչ միայն երաժշտական բացառիկ երեկոյ մը վայելելն է, այլ նաեւ նշել ու արժեւորել Համազգայինի ամէնէն վառ եւ հոգեղէն նախաձեռնութիւնը` Ուսանողական հաւաքը, որուն 30-ամեակը կը նշուի:

Ան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ 97-ամեայ Համազգայինի առաքելութեան` շեշտը դնելով ֆորումին վրայ, որ` «երեք տասնամեակ շարունակ դարձած է խաչմերուկ մը, ուր կը միանան սփիւռքն ու Հայաստանը, հինն ու նորը, փորձառութիւնն ու երազանքը: Հաւաք մը, որ սնունդ կու տայ հայ երիտասարդին` սորվելու, կապուելու եւ իր ազգային ինքնութիւնը խորացնելու հայրենի հողին վրայ»:

Արին Պուլուզեան-Գալուստեան անդրադարձաւ սերտ ու ուրախալի գործակցութեան` Համազգայինի եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին միջեւ` նշելով, որ այս գործակցութիւնը հայ երաժշտութեան շքեղութեան եւ վարպետութեան փայլուն օրինակ մը կը հանդիսանայ: Ան ըսաւ, որ այս երեկոյ պիտի հնչեն երիտասարդ երաժիշտ, ֆորումական` Սէրուժ Պաղտասարեանի արդիական ոճով, բայց մշակոյթի խոր արմատներուն վրայ խարսխուած ստեղծագործութիւնները:

Ան յիշեց, որ համերգը նուիրուած է մեզմէ առյաւէտ հեռացած ֆորումականներ` Արտակ Իշխանեանի (նահատակուած` Արցախի 44-օրեայ պատերազմին) եւ Էտուին Իսաղուլեանի (մահացած` Միացեալ Նահանգներ) անթառամ յիշատակին: «Անոնք մարմնացումն էին այն տեսակի հայ երիտասարդին, զոր կը փափաքինք տեսնել` նուիրեալ, ազգասէր, անձնուէր եւ ուսեալ: Արտակը իր կեանքը նուիրեց մեր հողի ազատագրութեան համար, նուիրեց իր ամէնէն թանկագինը, որպէսզի մենք ապրինք: Իրենց յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ»:

Իր խօսքը եզրափակելով` Արին Գալուստեան-Պուլուզեան ըսաւ. «Այս գիշեր երաժշտութեան միջոցով պիտի հաստատենք, որ հայ մշակոյթը միայն թանգարանային արժէք չէ, այլ` ապրող իրականութիւն: Այստեղ` այս բեմին վրայ, կը հանդիպին սերունդները, եւ կը շարունակուի մեր մշակոյթի յարատեւութեան ուղին»:

Բեմավարութիւնը կատարեց Սեւակ Յակոբեան:

Մօտ երկու ժամ տեւած համերգային ծրագիրին ճամբով սրահին երկու յարկերը լեցուցած հանդիսատեսները ապրեցան ճամբորդութիւն մը, որուն ընթացքին  իւրաքանչիւրը կարողացաւ գտնել բաժին մը իր հայրենիքէն, անդրադարձ մը հայու ազգային ոգիէն, զգաց հողին ուժն ու ազգային արմատը ամուր պահելու կարեւորութիւնը, ապրեցաւ հին, բայց նոր շունչ ստացած երաժշտութեամբ: Արուեստասէրները ինքնաբուխ կերպով սրահին մէջ պար բռնեցին տպաւորիչ երաժշտութեան կշռոյթով` անմոռանալի պահեր դրոշմելով իրենց էութեան խորն ու յիշատակներուն մէջ:

Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցան նաեւ Երեւանի պետական սենեկային նուագախումբը եւ «Կամերտոն» վոքալ խումբը:

Նշենք, որ այս օրերուն Հայաստանի մէջ կը շարունակէ ընթանալ Համազգայինի ուսանողական հաւաքը, որ իր շուրջ կը համախմբէ երեք տասնեակէ աւելի երիտասարդներ` սփիւռքի տասը երկիրներէ, Հայաստանէն ու Արցախէն:

Համազգայինը շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր բոլոր նուիրատուներուն եւ հովանաւորներուն, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերեցին, եւ որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել այս հիասքանչ երեկոն:

Ձեռնարկին ընթացքին ներկաներուն տրամադրուեցաւ պրոշիւր մը, որուն մանրամասնութիւններուն կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ կապով` https://hamazkayin.com/wp-content/uploads/2025/07/FORUM2025.pdf

Լուսանկարները`  Կէրի Տէր Պետրոսեանի

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Միամեայ Գործունէութիւնը

Յաջորդը

74 ԼԵՄ-ականներ Իրենց Աշխուժ Մասնակցութիւնը Բերին ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումին

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 13, 2025
Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին
Հայրենի Կեանք

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին

Յուլիս 31, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?