Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրաք. «Նախագահին Եւ Վարչապետին Հետ Հանդիպումներս Շինիչ, Սերտուած Եւ Յուսալից Էին, Եւ Մենք Յառաջընթաց Կ՛արձանագրենք»

July 23, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Ասիկա Լիբանան երրորդ այցելութիւնս չէ, այլ վերջին շաբաթներու ընթացքին երրորդ այցելութիւնս, եւ ինծի համար տունս վերադառնալ կը նշանակէ»:

«Բոլորին հետ կատարուած քննարկումները կեդրոնացած էին Ամերիկայի կարողութեան վրայ` հասնելու թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան մը, որ իր պարունակութեամբ եւ գործադրութեան արժեչափերով մեզի կ՛արտօնէ անցնիլ յաջորդ քայլին, որ Լիբանան կարիքը ունի կատարելու», յայտնեց Պարրաք:

«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ հանդիպումներս շինիչ էին, սերտուած եւ յուսալից, եւ մենք յառաջ կ՛ընթանանք ու յառաջընթաց կ՛արձանագրենք», ըսաւ ամերիկացի պատուիրակը:

«Ամերիկան որեւէ պահանջ չունի», յայտնեց Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը` նշելով, որ Ուաշինկթըն Իբրեւ բարեկամ կը մօտենայ Լիբանանին:

«Այստեղ եկանք ընդառաջելով օգնութեան կոչին` գտնելու համար կարելիութիւնը բոլոր բաղադրիչներուն միջեւ փոխադարձ հասկացողութեան, որուն հասնելու ձախողեցան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Հըզպալլայի հետ որեւէ երկխօսութիւն չկատարեցի: Անոնք այդ քննարկումները կրնան կատարել լիբանանեան կառավարութեան մէջ իրենց պաշտօնակիցներուն հետ»:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Լիբանանին եւ մասնաւորաբար լիբանանեան բանակին ու լիբանանեան զինեալ ուժերուն աջակցելու վճռակամ դիրքորոշումը շարունակելու կարելիութեան` Պարրաք յայտնեց. «Որեւէ նախապայման չկայ, Միացեալ Նահանգներ մեծապէս կը յարգեն լիբանանեան բանակը»` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը պէտք է առաջին կարգի զինուորական աջակցութիւն ստանայ, եւ անոր զինուորները լաւապէս վճարուին, «ճիշդ ձեւով մարզուին իբրեւ խաղաղապահ ուժեր եւ ոչ թէ յարձակողական ուժեր, եւ այդ ծիրին մէջ բոլորը կրնան սկսիլ հանգիստ զգալ»:

Ինչ կը վերաբերի ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան օգոստոսին վերանորոգութեան, ամերիկացի պատուիրակը ըսաւ. «Այս որոշումը տակաւին կը քննարկուի, եւ այդ առնչութեամբ տակաւին որոշում չէ տրուած: Օգոստոս ամսուան աւարտէն առաջ կ՛որոշենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր յանձնարարութիւնը, որ վստահաբար աւելի մեծ մարմինի պիտի փոխանցուի: Ուստի սեպտեմբերէն առաջ մեր դիրքորոշումը կամ ՖԻՆԻՒԼ-ի հարցով ուր հասնիլը պիտի յստականայ»:

Պարրաք նշեց. «Այն, ինչ որ լիբանանեան կառավարութիւնը մտադիր է ընել հսկայական է, եւ որոշումները, ըլլայ այդ դրամատնային հարցերուն կամ ելեւմտական բացին առնչուող, արդիւնքի կը հասնին: Լիբանանի մէջ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ մը կայ, որ բոլոր կողմերէն յարգանք կը վայելէ, եւ հաւանական «Սթարլինք» ծրագիր գոյութիւն ունի:

Երբ կ՛ըսենք, թէ կ՛ուզենք մարդիկ Լիբանան վերադարձնել, ապա դուք կարիքը ունիք դրամատնային համակարգի մը, կարիք ունիք կեդրոնական դրամատան մը, պէտք է հեռակայ դրամատուներ ըլլան, եւ անոնք կարիքը ունին ելեկտրականութեան, ջուրի, համացանցի եւ ուժանիւթի:

«Ուստի ինչպէ՛ս կարելի է այս հիմնական կարիքները ապահովել անձերու, որոնք իրենց կարգին պիտի կարենան այս խնդիրները լուծել: Կը կարծեմ, որ կառավարութիւնն ու օրէնսդիր մարմինները չափազանց լաւ աշխատանք կը տանին այս խնդիրները կանոնաւոր կերպով լուծելու համար, եւ այն, որուն կարիքը ունին, ապահովութիւնն է, որովհետեւ արտաքին որեւէ հաստատութիւն կամ օտար որեւէ ներդրող այստեղ պիտի չգայ, նախքան այդ բաները անոնց համար ապահովելը», ըսաւ Պարրաք:

Նախորդը

Ժոմպլաթ Արսլանի Հետ Քննարկեց Սուէյտայի Կացութիւնն Ու Լիբանանի Կայունութիւնը Պաշտպանելու Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Աուն. «Հաղորդակցութիւնները Կը Շարունակուին Լուծելու Համար Շրջանի Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Տեղի Ունեցողներուն Հետեւանքները` Խուսափելու Համար Լիբանանի Վրայ Անոնց Ազդեցութենէն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.