Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր տան մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալլալ Արսլանը` ներկայութեամբ վերջինին որդիին` Մաժիտ Արսլանի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի, երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, շէյխ Ուաժտի Ապու Համզայի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարներէն Խըտր Ղատպանի:
Հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են «Լիբանանի եւ շրջանին մէջ վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար Սուէյտա նահանգին մէջ կացութիւնն ու Լիբանանի ներքին կայունութիւնը պաշտպանելու կարելիութիւնները»: