Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 23, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Մատենադարանին Մէջ Հանդիպում` Հայ Հոգեւոր-Ձեռագրական Կեդրոններու Ներկայացուցիչներու

Արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով Հայագիտական միջազգային քոնկրեսի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանի պետական մարմիններու ղեկավարներու հանդիպումը: Ինչպէս 2024 թուականին, այնպէս ալ այս տարի հանդիպման օրակարգին մէջ ներգրաւուած են` հոգեւոր-ձեռագրական կեդրոններու հետ գործնական կապերու խորացումը, պետական աջակցութեան ուղղութիւններու եւ ձեւաչափերու որոշումը:

Քննարկման մասնակցած են` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեանը, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան մայրավանքի փոխմեծաւոր, մատենադարանի եւ թանգարանի տնօրէն Նարեկ վրդ. Լուիսեանը, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան Ս. Թէոդորոս ձեռագրատան ու Հելէն եւ Էդուարդ Մարտիկեան թանգարանի տնօրէն Արշակ աբղյ. Ղազարեանը, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան ձեռագիրներու պատասխանատու Վահան ծ. վրդ. Օհանեանը, Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան գիտաշխատող եւ փոխգրադարանապետ Վահան ծ. վրդ. Յովակիմեանը, ինչպէս նաեւ` Մշակութային արժէքներու փորձագիտական կեդրոնի տնօրէն Եսթեր Աբրահամեանը եւ Հայաստանի ՊԵԿ վարչարարութեան, մեթոտաբանութեան եւ ընթացակարգերու վարչութեան նախագահի տեղակալ Լիլիթ Մովսիսեանը:

Մեկնելով այն հանգամանքէն, որ պէտք է աշխուժանայ համագործակցութիւնը կեդրոններու ձեռագիրներու վերականգնման եւ միացեալ ցուցադրութիւններու ոլորտին մէջ, Մատենադարանի տնօրինութեան նախաձեռնութեամբ տրուած են համակողմանի պարզաբանումներ` գրաւոր կոթողներու տեղաշարժերու ընթացակարգերու մասին:

Յիշեցնենք, որ նախորդ տարուան քննարկման արդիւնքներով սկսած են ձեռագիրներու հրապարակման աջակցութեան աշխատանքները եւ հաստատուած են միացեալ ցուցադրութիւններու ծրագիրները:

Շ. Ազնաւուրի Անուան Հրապարակին Վրայ Բացումը Կատարուեցաւ Ազնաւուրի Արձանին, Իսկ Անոր Անուան Թանգարանին Նուիրուեցան 300 Արժէքաւոր Իրեր

Յուլիս 18-ին Երեւանի «Շարլ Ազնաւուր» հրապարակին վրայ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Ազգային հերոս, ֆրանսահայ նշանաւոր արուեստագէտ, դիւանագէտ եւ մեծ մարդասէր Շարլ Ազնաւուրի արձանին, զոր կերտած է արձանագործ Դաւիթ Մինասեանը, իսկ նախագիծի իրականացումը իրագործած են Երեւանի քաղաքային իշխանութիւնները:

«Լա պոհեմ» անուան արձանի մտայղացման հիմքը Ազնաւուրի բեմական կերպարն է համանուն երգի կատարման պահուն` հանդիսատեսի ծափահարութիւններու ուղեկցութեամբ: Ազնաւուրի ձեռքին մէջ` այն աւանդական թաշկինակը, որ արուեստագէտը իբրեւ պարտադիր իր կ՛օգտագործէր այս երգի ամէն կատարման ժամանակ, իսկ երգի աւարտին կը նետէր հանդիսատեսին:

Արձանի բացման արարողութեան մասնակցեցան` Ազնաւուր ընտանիքի անդամները, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիւիէ Տըքոթինիյին, Ֆրանսայի Իլ-տը-ֆրանս շրջանի խորհուրդի ներկայացուցիչ Անն-Լուիզ Մեզատեոն, դեսպաններ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր:

«Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր, Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուր նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք այս ծրագիրը իրականութիւն դարձուցին: Ան նշեց, որ այս արձանը կը պատկանի ամբողջ հայ ժողովուրդին, նաեւ` այն մարդոց, որոնք սիրեցին Ազնաւուրը եւ կը շարունակեն սիրել զայն:

«Հայրս, երբ կու գար Երեւան, կը կանգնէր «Երեւան» պանդոկին առջեւ եւ կը դիտէր այս հրապարակը, որ լեցուն էր կեանքով ու պատմութեամբ: Շատ յուզիչ է, որ այսօրուընէ սկսեալ Ազնաւուր մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլայ այս հրապարակին վրայ: Հայրս սիրահար էր Հայաստանին, կը սիրէր ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ` գործով: Ան ամուր կը պահէր Հայաստանը իր սրտին մէջ եւ զայն կը տանէր հետը ամէնուր: Հայրս կը հաւատար այս երկրի ուժին, մշակոյթին ու ապագային: Ահա թէ ինչո՛ւ ան մեզ խրախուսեց գալ այստեղ` շարունակելու իր առաքելութիւնն ու կեանքի կոչելու իր նուիրական ձգտումները: Այս արձանը կը պատկանի հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ` աշխարհի մէջ ապրող բոլոր անոնց, որոնք կը սիրեն եւ կը շարունակեն սիրել Ազնաւուրը», նշեց Նիքոլա Ազնաւուր: Ան նաեւ «Ազնաւուր» հիմնադրամին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդանշական եւ ազդեցիկ կերպով կազմակերպուած այս յարգալիր հանդիսութեան համար:

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինիյի իր կարգին ըսաւ, որ Ազնաւուրի արձանը կը միաձուլէ անոր երկու ինքնութիւնները` ֆրանսացի եւ հայ: Ան միշտ կ՛ըսէր 100 տոկոս հայ է եւ 100 տոկոս ֆրանսացի:

Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Շարլ Ազնաւուր թէեւ ապրած է Ֆրանսայի մէջ, բայց մինչեւ իր կեանքին վերջին օրը սերտօրէն կապուած մնացած է Հայաստանին:

Հաղորդենք, որ արձանը պատրաստուած է պրոնզէ, օգտագործուած են նաեւ այլ նիւթեր` մարմար, կարմիր էմալ: Չափերը կազմած են` 3350/ 2500/ 1820 մմ, ծանրութիւն` 1850 քիլոկրամ եւ ստեղծուած է 2025 թուականին:

Նաեւ, յուլիս 18-ին, «Ազնաւուր» հիմնադրամին յանձնուած եւ ապագային թանգարանային ցուցադրութիւններ կազմակերպելու համար նուիրատուութեան կարգով ի պահ տրուած են Շարլ Ազնաւուրի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերող աւելի քան 300 թանգարանային արժէքներ` ձայնասկաւառակներ, բնօրինակ լուսանկարներ, ամսագիրներ, արուեստագէտին մասնակցութեամբ նկարահանուած մօտաւորապէս 30 ժապաւէններու բնօրինակ ազդագրեր, բացիկներ եւ այլ նիւթեր, որոնք անցեալ տարի ցուցադրուած էին «Քեզի համար, Շարլ» խորագիրը կրող առժամեայ ցուցադրութեան ընթացքին: Այս մասին տեղեկացուց պատմական գիտութիւններու դոկտոր Հայկ Դեմոյեան:

«Հազարաւոր այցելուներ առիթը ունեցան ծանօթանալու Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած այդ ցուցադրութեան, որ կարելի եղաւ Ռալֆ Երիկեանի մասնակցութեամբ ու գործուն աջակցութեամբ: Մեր միասնական ջանքերով տարբեր աղբիւրներէ ձեռք բերուած այս բացառիկ հաւաքածոն յուլիս 18-ին պաշտօնապէս յանձնուեցաւ «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր եւ Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուրին», եզրափակեց Հ. Դեմոյեան:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ն Ներկայիս Թուրքիոյ Տարածքին Մէջ Գտնուող Նեմրութ Լերան Վրայ Հայկական Սրբավայրի Պահպանման Աշխատանքներ Կը Տանի

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած եւ ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Նեմրութ լերան վրայ կ՛իրականացուին հայկական հնագոյն քարակերտ արձաններու պահպանման աշխատանքներ: Այս մասին յայտնեց ermenihaber.am-ը:

2022 թուականին սկիզբ առած վերականգնման եւ պահպանման աշխատանքները դրական արդիւնք տուած են, եւ այժմ լերան խորհրդանշական կոթողներուն համար սկսած են օգտագործել նանոյ լուծոյթներ, մասնաւորապէս նանոյ կրաքար` նպաստելով այդ արձաններու երկարակեցութեան:

Նշեալ աշխատանքները կ՛իրականացուին Կազիայնթեպի վերականգնման եւ պահպանման տարածաշրջանային գիտաշխատանոցի եւ Ատըեամանի թանգարանի տնօրէնութեան աշխատակիցներուն կողմէ:

Յիշեցնենք, որ Նեմրութ լերան (2 հազար 164 մեթր) դամբարանաբլուր սրբավայրը կառուցած է հայկական Կոմմագենէի թագաւորութեան Անտիոքոս Ա. Երուանդունի արքան, զոր թագադրած է Տիգրան Մեծը տիգրանեան թագով: Այդ թագով ալ Անտիոքոս Կոմմագենացիի արձանը ներկայացուած է Նեմրութ լերան սրբավայրին մէջ:

Կոնաձեւ արհեստական դամբարանաբլուրը ունի 50 մեթր բարձրութիւն: Բլուրին երկու կողմերը` արեւելեան եւ արեւմտեան,  կառուցուած են միանման արձանախումբեր, որոնք կը պատկերեն հին աստուածները, արքան եւ անոր նախնիները:

Յուշարձանախումբի կեդրոնական մասին մէջ հինգ մարդակերպ արձաններ նստած դիրքով են: Կեդրոնին մէջ հայոց դիցարանի գերագոյն աստուած Արամազդի արձանն է, որ ունի ինը մեթր բարձրութիւն: Արամազդին աջ կողմը Անահիտ դիցուհիին արձանն է, ձախին` Միհր աստուծոյ արձանը:

Ըստ մասնագէտներու, այս սրբավայրի կառուցման բարդութիւնը կարելի է համեմատել միայն եգիպտական բուրգերուն հետ:

Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական Կեդրոնը Կը Նշէ Իր Հիմնադրութեան 9-րդ Տարեդարձը

Յուլիս 2016-ին պաշտօնական բացումը կատարուած էր Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին, որուն հիմնադրութեան 9-րդ տարեդարձը կը նշուի այս տարի:

Շիրվանեան ընտանիքի առատաձեռն աջակցութեամբ եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ իր կողմէ տնօրինուող «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնը կը շարունակէ դաստիարակչական եւ ընկերային առիթներու կեդրոն մը մնալ Գիւմրիի երիտասարդութեան համար եւ կը նկատուի Շիրակի մարզին մէջ գործող ամէնէն ազդեցիկ երիտասարդական կեդրոններէն մէկը:

Կեդրոնը ցարդ հազարաւոր պատանիներու եւ երիտասարդներու տրամադրելի դարձուցած է մշակութային եւ դաստիարակչական ծառայութիւններ: Անիկա ներկայիս կ՛առաջնորդուի Սուզանա Խոտասանեանի կողմէ, իսկ անոր օգնականներն են` Մարի Ժամկոչեանը եւ Փառանձեմ Փիլոյեանը, որոնք Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստներ ստացողներէն են:

«Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրը կոչուած է հայրենիքին եւ սփիւռքի միջեւ հաստատուն կամուրջ մը հանդիսանալու եւ արդիւնաւէտ ուղեգիծ մը հաստատելու Գիւմրիի եւ Շիրակի մարզի երիտասարդներուն համար: Գիւմրիի «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնը կ՛ապացուցէ այս նպատակին իրականացումը` իբրեւ մշակութային, կրթական եւ ընկերային վայր մը Գիւմրիի մէջ: Անիկա նաեւ Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստներ կը տրամադրէ Շիրակի մարզի ուսանողներուն, որպէսզի անոնք կարենան իրենց բարձրագոյն ուսումը շարունակել իրենց ծննդավայրին մէջ: Նշենք, որ կրթանպաստ ստացող ուսանողները սովորաբար կամաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցեն «Շիրվանեան» կեդրոնին:

Կեդրոնը այս տարի եւս պիտի հիւրընկալէ ամառնային ճամբարները, որոնք պիտի ընթանան «Ամարաս» անունով` ի յիշատակ Արցախի մէջ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հաստատուած Ամարաս վանքի դպրոցին: Ճամբարներուն անվճար պիտի մասնակցին Արցախէն տեղահանուած եւ Շիրակի մարզէն մօտաւորապէս 225 պատանիներ:

«Ամարաս» ճամբարներուն մասնակցողները պիտի հետեւին Հայոց պատմութեան դասերու, պիտի մասնակցին աշխատանիստերու եւ զանազան հաճելի խաղերու ու պտոյտներու:

Յիշեցնենք, որ «Մենք ենք Գիւմրին» ծրագիրին եւ «Շիրվանեան» կեդրոնին գործունէութեան կարելի է հետեւիլ Դիմատետրի  կամ «Ինսթակրամ»-ի միջոցով:

Բեմադիր Թամարա Ստեփանեանի «Իմ Հայկական Ուրուականները» Ցուցադրուած Է «Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնին

Երիտասարդ բեմադիր Թամարա Ստեփանեանի «Իմ հայկական ուրուականները» («Mes fantômes arméniens») ժապաւէնը ցուցադրուած է «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ծիրին մէջ: Նշենք, որ ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր Պերլինի փառատօնին:

Ժապաւէնին մէջ հայկական շարժարուեստի գլուխ-գործոցներու միջոցով հեղինակը կը ներկայացնէ մեր մեծերը` Համօ Բեկնազարեանը, Ֆրունզէ Տովլաթեանը, Սերգէյ Փարաջանովը, Հենրիկ Մալեանը… կ՛անդրադառնայ անոնց ձեռագիրներուն առանձնայատկութիւններուն,  ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան:

Թամարա Ստեփանեան խոստովանած է, որ շատ յուզուած է, որովհետեւ թէ՛ հայրենի հողին վրայ կը գտնուի եւ թէ՛ դահլիճին մէջ կը տեսնէ հայկական շարժանկարի մեծերուն սերունդները:

«Չորս տարի առաջ կորսնցուցի հայրս (թատրոնի եւ շարժանկարի դերասան Վիգէն Ստեփանեան): Մեր երկխօսութիւնը յանկարծակի ընդհատուեցաւ: Փորձեցի հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է շարունակել այդ զրոյցը: Հօրս լուսանկարներն ու ժապաւէնները դիտելով` կարծէք թէ ան ձեռքս բռնեց ու զիս տարաւ դէպի հայկական շարժանկարի ակունքները», նշած է բեմադիրը:

«Իմ հայկական ուրուականները» ժապաւէնին առանցքը Թամարա Ստեփանեանին ընտանիքն է: Ան ժապաւէնին ընդմէջէն իր ընտանիքին եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան միջեւ զուգահեռներ կը գծէ` յուսալքութիւն, տարագրութիւն, վերադարձ եւ հաւատք` դէպի լուսաւոր ապագայ:

Նաեւ ժապաւէնին մէջ Ստեփանեան կը զրուցէ հօրը հետ, որուն ստեղծագործութիւնը ոգեշնչած է զինք: Ան կը պատմէ, որ ամէն իրիկուն ընտանեօք կը հաւաքուէին պաստառին առջեւ ու կը դիտէին հայկական շարժանկարի գանձերը` «Նամուս», «Զանգեզուր», «Կարօտ», «Առաքել», «Մենք ենք, մեր սարերը», «Աշնան արեւ», «Նռան գոյնը»… Հայրը, որ մտերիմ եղած է խորհրդային շարժանկարի մեծերուն հետ, հիացած է անոնց խաղով եւ յաջողած է իր արժանի տեղը գրաւել վերջիններուս շարքերուն մէջ:

Այժմ Թամարա Ստեփանեան ինքն ալ կ՛ընթանայ հօրը ճամբով: Անոր ժապաւէնները կ՛արժանանան մրցանակներու միջազգային հեղինակաւոր փառատօներու ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ օգոստոս 6-ին Թամարայի բեմադրած «Արթոյի երկիրը» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութեամբ բացումը պիտի կատարուի Լոքառնոյի (Զուիցերիա) 78-րդ միջազգային փառատօնին:

 

 

 

Նախորդը

Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Կոնդակը. Հայաստանի Եւ Ռուսաստանի Միջեւ Նախնական Համաձայնագիր

Յաջորդը

Դէմքեր… Հետքեր. Շարլ Ազնաւուր

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 13, 2025
Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին
Հայրենի Կեանք

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին

Յուլիս 31, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?