Բուռն Կռիւներ Հարժիսի Եւ Սուրմալուի Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան եւ արեւելեան սահմաններուն վրայ բուռն գօտեմարտեր կը մղուէին 1920-ի աշնան: Թրքական բանակը կը մօտենար Կարսի, իսկ Կարմիր բանակը, Արցախը գրաւելէն ետք, կը ջանար ճնշել Զանգեզուրի հայերու դիմադրութիւնը:

Ստեղծուած օրհասական կացութեան ի տես Գէորգ Ե. ամենայն հայոց կաթողիկոս 2 հոկտեմբեր 1920-ի կոնդակով դիմեց հայ ժողովուրդին, ըսելով.
«Հայրենիքի պայծառ հորիզոնը նորից մթնեց, խաղաղ կեանքը նորից խանգարուեց, հայ արիւնաքամ ժողովուրդը սահմանների վրայ տեղահան, բաց երկնքի տակն է մնացել, մեր սահմանների վրայ նորից գոռում են թնդանօթները, դարձեալ երկու տարի առաջուայ մղձաւանջը տիրել է ամէնուրեք եւ ամէնքի բերանից լսւում է գալիս է թշնամին:
Այո, հայոց ժողովուրդ, գալիս է թշնամին, անգութ թշնամին, նա արդէն մեր դրան, մեր դէմ կանգնած է եւ իր վերջին ուժերը հաւաքած կռիւ է մղում եւ ուզում է մեզ բոլորովին տանից-տեղից, հայրենիքից եւ ազատութիւնից զրկել…
Ի՞նչ ես մտածում դու անել. կռուել քաջաբար եւ մեռնել հերոսաբա՞ր, թէ՞ յաւիտենական ստրուկ դառնալ կամ պարանոցդ թշնամու սրի առաջ պարզել եւ ոչնչանալ…
Եթէ քեզ համար թանկ է հայրենիք, եթէ դու սիրում ես ազատ ապրել, եթէ քեզ համար նուիրական եւ սուրբ է հայի անունը, պատիւը, հայրերիդ եւ պապերիդ արիւնով ներկուած եկեղեցին, ընտանեկան սրբութիւնը եւ օջախը, ապա ժամանակ է, որ զէնք ձեռքիդ պաշտպան հանդիսանաս վտանգուած հայրենիքիդ:
… Երկու տարուայ կեանքը մեզ սովորեցրեց, որ մենք պէտք է պաշտպանենք հայրենիքը, օտարը մեզ չօգնեց եւ չի օգնելու…
Գնացէք կռուեցէք քաջաբար եւ ձեր արիւնով մաքրեցէք ձեր ճանապարհը դէպի ձեր մոխրացած վաթանը` Մուշն ու Սասուն, դէպի Սուրբ Կարապետն ու Աղթամարը:
Իսկ դուք, Արարատեան աշխարհի հայորդիներ, Վաղարշապատի, Օշականի, Աշտարակի, Սարդարապատի, Ապարանի, Շիրակի, Ծաղկաձորի ու Գեղարքունեաց զաւակներ, թողէք ձեր տները եւ թռէք դէպի սահմանագլուխներ, յիշեցէք Սարդարապատը, որտեղ ցոյց տուեցիք ձեր քաջութիւնը, որտեղից թշնամուն հալածական փախցրիք, ելէք ի հանդէս, ներքին թշնամիները մաքրեցիր, մաքրիր եւ արտաքին թշնամուդ, որպէսզի Մասիսի գլխին տնկուած հայկական դրօշակը անսասան մնայ:
Գնա՛, հայ ժողովուրդ, գնա հաւատով դէպի մարտի դաշտը, քեզ օգնական Փրկչի Սուրբ խաչը, քեզ պահապան մեր Սուրբ Լուսաւորչի հզօր աջը եւ քեզ ուղեկից հայոց Հայրապետի աղօթքն ու արտասուքը»:
* * *

Ռազմաճակատներուն մօտակայ շրջաններու հայերը իրենց տունն ու տեղը ձգելով սկսած էին կեդրոնանալ Կարսի մէջ: Ժողովուրդին մէկ մասն ալ փախուստ կու տար դէպի Ալեքսանդրապոլ:

Ճգնաժամային այդ օրերուն Գարեգին եպիսկոպոս Յովսէփեանց, որ երկու տարի առաջ, 1918-ին, իբրեւ նոր օրերու Ղեւոնդ Երէց մասնակցած էր Սարդարապատի հերոսամարտին, խաչը ձեռքին դիրքէ դիրք կը շրջէր, կը զրուցէր զինուորներուն հետ, Սուրբ Հաղորդութիւն կու տար եւ ոգի կը ներշնչէր:
Գարեգին եպիսկոպոս Ալեքսանդրապոլ հասնելով կրօնական թափօր կազմել տուաւ: Սուրբ Աստուածածին Եօթը Վէրք եկեղեցիէն մինչեւ քաղաքապետարան, քաղաքին չորս եկեղեցիներու քահանաներով եւ դպրաց դասերով շքերթ կատարուեցաւ: Քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ մաղթանք:
Այնուհետեւ զօրքին եւ կամաւորներուն գլուխը անցած Գարեգին եպիսկոպոս մեկնեցաւ Կարս եւ իր ծառայութիւնը առաջարկեց ճակատի հրամանատար զօրավար Դանիէլ Բէկ Փիրումեանին:
Գարեգին եպիսկոպոս Կարսի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց ի ներկայութեան զինուորական եւ քաղաքական պաշտօնէութեան եւ հայոց զօրքի յաղթութեան համար կարդաց Գէորգ Ե. կաթողիկոսին կոնդակը:
Գարեգին եպիսկոպոս այնուհետեւ ձի հեծած մեկնեցաւ ռազմաճակատի առաջին գիծերը, օրհնեց զինուորները եւ Կարս վերադառնալով այցելեց որբանոցներն ու հիւանդանոցները եւ քաջալերեց անկեալները:
* * *
Հայաստանի եւ Խորհրդային Ռուսաստանի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուէին, եւ կողմերուն միջեւ նախնական համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ:
Խորհրդային Ռուսաստան կը ճանչնար Հայաստանի անկախութիւնը եւ յանձնառութիւն կը ստանձնէր չխառնուելու երկրի ներքին գործերուն:
Զանգեզուր Հայաստանի մաս կը նկատուէր, իսկ Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի շրջաններու խնդիրը պիտի կարգաւորուէր Խորհրդային Ռուսաստանի իրաւարարութեամբ:
Խորհրդային կառավարութիւնը յանձնառութիւն կը ստանձնէր միջամտելու եւ դադրեցնելու Թուրքիոյ հետ պատերազմը: Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները համաձայնէին հրաժարիլ Սեւրի դաշնագիրէն, Խորհրդային Ռուսաստան պարտաւորութիւն կը ստանձնէր ճնշում բանեցնելու թուրքերուն վրայ` Էրզրումի վիլայէթէն որոշ հողամասեր զիջելու Հայաստանի:
Հայկական կողմը կը համաձայնէր նաեւ իր տարածքէն ռուսական զօրքերու տեղափոխման, պայմանով որ Թուրքիոյ առաքուող զէնքի ու զինամթերքի երեսուն առ հարիւրը պէտք է մնայ Հայաստանի մէջ եւ կրնայ գործածուիլ միայն այն պարագային, եթէ Թուրքիա ռուսական զէնքով յարձակի Հայաստանի վրայ:
Համաձայնագիրի ստորագրումէն ետք Պորիս Լեգրան Երեւանէն Պաքու մեկնեցաւ` Մոսկուայէն վերջնական համաձայնութիւն ստանալու եւ Երեւան վերադառնալու համար:
* * *
Խորհրդային Ռուսաստան Արցախի եւ Սիւնիքի հարցով անվերապահօրէն կը պաշտպանէր Ազրպէյճանը, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը մտադիր չէր հրաժարելու բոլշեւիկներու կողմէ դիւանագիտական խարդաւանքներով ու դաւադրութիւններով «վիճելի տարածքներ» յայտարարուած հայոց հայրենիքի մէկ հատուածի` հայկական Արցախի, Սիւնիքի եւ Նախիջեւանի նկատմամբ ունեցած իր իրաւունքներէն:
Հայ քաղաքական եւ մարտական ղեկավարութիւնը լաւ կը գիտակցէր, որ Արցախի գրաւումէն ետք, Սիւնիքի անկումով եւ զայն եւս Ազրպէյճանի բռնակցելով, պիտի միանային թրքական աշխարհի երկու թեւերը` Թուրքիա եւ Ազրպէյճան, եւ համաթրքական ծրագիրի իրականացման պարագային հայութեան գլխուն մահացու վտանգ կախուած էր:
* * *

Թուրք 1200 զինուորներ, Պաքուէն ճամբայ ելլելով եւ Արցախը ոտնակոխ ընելով, 20 հոկտեմբեր 1920-ին հասան Տաթեւի վանքին մօտակայ, Որոտան գետի ձախ ափի սարաւանդին վրայ գտնուող Եայջի (այժմ` Հարժիս) գիւղը: Գիւղին մօտակայ ձորերը թաթար քոչուորներու ձմեռանոցներն էին: Քոչուորները գարնան եւ ամրան ամիսներուն իրենց ոչխարներու հօտերով լեռները կը բարձրանային, իսկ ձմեռը Որոտանի ձորը կ՛իջնէին:
Մինչ թրքական ուժերը Հարժիս կը մտնէին, նոյն օրը Պօղոս Տէր Դաւթեանի գլխաւորած հայկական մարտական ուժերը յարձակեցան Անգեղակոթի վրայ եւ հոնկէ դուրս մղեցին բոլշեւիկեան ուժերը եւ քշեցին զանոնք մինչեւ Ղարաքիլիսա (այժմ` Սիսիան):
Անգեղակոթը ազատագրելէն ետք Պօղոս Տէր Դաւթեանի գլխաւորած ուժերը կողմնակի ճանապարհով մօտեցան Եայջի գիւղին եւ թշնամին յանկարծակի բերելով գրաւեցին գիւղին արեւմտեան բարձունքները:
Թուրքերու յառաջախաղացքը կասեցնելով, հայ մարտիկները հովիտի մը մէջ շրջապատեցին թշնամին: Թանձր մառախուղի պայմաններուն տակ թուրքեր չյաջողեցան նպաստաւոր դիրքեր գրաւել եւ դիմադրութիւն կազմակերպել, եւ ամբողջութեամբ բնաջնջուեցան: Այդ հովիտը այնուհետեւ կոչուեցաւ «Գանկերու հովիտ» կամ «ջնջոցի հովիտ»:
Եայջիէն Պօղոս Տէր Դաւթեան իր ուժերով անցաւ Տաթեւ եւ Գարեգին Նժդեհի զօրքերուն միանալու նպատակով շարժեցաւ դէպի Կապան:
Ճամբան, Մալդաշ (այժմ` Քաշունի) գիւղին մէջ բոլշեւիկեան զօրագունդի մը հանդիպելով` կռուի բռնուեցաւ: Բոլշեւիկները փախուստի մատնելէ եւ բաւական զինամթերք գրաւելէ ետք Պօղոս Տէր Դաւթեան հասաւ Վերին Խոտանան, ուր հանդիպեցաւ Գարեգին Նժդեհի:
Գօտեպնդուած իր յաղթանակներով եւ վստահ իր զինուորներու մարտական ուժին, Պօղոս Տէր Դաւթեան Գարեգին Նժդեհին համամտութիւնը խնդրեց իր յաղթական արշաւը շարունակելու համար:
* * *
Թրքական բանակը հոկտեմբեր 20-էն սկսեալ գրոհի անցաւ Սուրմալուի ուղղութեամբ, նպատակ ունենալով հայերու ուշադրութիւնը շեղել եւ Կարսի ճակատին վրայ իր զօրամասերուն վերախմբաւորուելու ու հանգստանալու հնարաւորութիւն տալ:
Կարաբուլաղի ուղղութեամբ թուրքեր կրցան յառաջանալ մինչեւ Արաքս գետը, բայց յետոյ հայկական զօրքերը ետ շպրտեցին զանոնք:
Հոկտեմբեր 24-ին ծանր մարտեր սկսան Սուլթանապատ – Իգդիր եւ Դաշբուրուն – Մարգարա ուղղութիւններով: Հայկական զօրքերը ծանր կորուստներ կրեցին: Դրոյի հրամանով փութով Քանաքեռէն անոնց օգնութեան շտապեցին Կուռօ Թարխանեանի մարտիկները: Մարգարա հասնելով, անոնք տեսան, որ թուրքեր փակած են ճանապարհը:
Կուռօ Թարխանեանի հրամանով զինուորները բեռնատար մեքենաները նստան եւ իրարմէ յիսուն քայլ հեռաւորութեամբ շարժելով եւ աջ ու ձախ հրացանային ու գնդացիրային կատաղի կրակ բանալով` անոնք ճեղքեցին թուրքերու գիծը եւ օգնութեան հասան Դալիգդաղի մէջ պաշարուած հայկական զօրագունդերուն:
Թշնամին յանկարծակի գալով սկսաւ պահուըտիլ առուներուն մէջ: Մէկ զոհ եւ ութ վիրաւոր տալէ ետք Կուռոյի զինուորները ճեղքեցին թշնամիին շղթան եւ օգնութեան հասան Դալիգդաղի մէջ օրհասական դիմադրութիւն ցոյց տուող մարտիկներուն: