Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն. «Պէտք Է Առարկայականութեամբ Եւ Պատասխանատուութեամբ Վարուիլ` Լիբանանը Մեր Շուրջ Ընթացող Տագնապէն Հեռացնելու Համար»

Յուլիս 22, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, որ պէտք է լիբանանցիներուն ջանքերը միաւորել եւ առարկայականութեամբ ու պատասխանատուութեամբ վարուիլ` Լիբանանը մեր շուրջ ընթացող տագնապէն հեռացնելու համար:

Ան շեշտեց, թէ իր նպատակը երկրին անվտանգութիւնն է եւ պատերազմի ծագման վտանգի չդիմելը, որովհետեւ կարողութիւնը չունի զայն տանելու:

Նախագահ Աուն երէկ կէսօրին Պաապտայի պալատին մէջ «Լիբանանցի եւ հպարտ կը զգամ» միութեան պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, թէ Սուրիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած ցաւալի դէպքերուն նկատմամբ Լիբանանէն բարձր նշաձողով դիրքորոշումներուն կողքին նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի, տիւրզիներու հոգեւոր պետ Սամի Ապի Մունայի, նախկին նախարար Ուալիտ Ժոմպլաթի, նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթիի, Ֆուատ Սինիորայի եւ Թամմամ Սալամի կողմէ արտայայտուեցան ողջմիտ կեցուածքներ, որոնք «նպաստեցին լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ Լիբանանը հեռացնելու մեր շուրջ ընթացող տագնապէն:

«Ուստի պէտք է լիբանանցիներու ջանքերը միաւորել եւ առարկայականութեամբ ու պատասխանատուութեամբ վարուիլ, ինչ որ առիթ կ՛ընծայէ Լիբանանը պաշտպանելու, ճիշդ ինչպէս պատահեցաւ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ պատերազմի ընթացքին, երբ ջանք թափեցինք Լիբանանը այդ պատերազմէն հեռու պահելու»:

Նախագահը նշեց, թէ օտար պետութիւնները գնահատած են զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու որոշումը:

«Նպատակս երկրի անվտանգութիւնն է եւ պատերազմի վտանգի չդիմելը, որովհետեւ կարողութիւնը չունինք անոր տոկալու: Լիբանանի նկատմամբ հսկողութեան վերականգնումէն ետք հորիզոնին վրայ առիթ սկսած է ուրուագծուիլ, եւ Լիբանանի մէջ ու ներդրողներու համար քաշողական ոլորտներու մէջ ներդրումներու հորիզոններ կը տեսնուին, չենք ուզեր այս առիթը փախցնել», ըսաւ նախագահ Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ ընդգծեց. «Լիբանան սնանկացած չէ, եւ ես չեմ հաւատար սնանկացած պետութեան գոյութեան, այլ` վատ կառավարման գոյութեան»:

Նախագահը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժենին Հենեսի-Պլասխարթի հետ, որուն հետ շրջանին մէջ արագացող դէպքերու եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի պետութիւններուն վրայ անոնց ազդեցութեան լոյսին տակ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային բեմերուն վրայ արձանագրուող զարգացումները:

Ան նաեւ ընդունեց երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշին ու նախկին երեսփոխան Ղազի Արիտին:

Նախորդը

Հոգեւոր Վեհաժողովի Որոշումներու Գործադրութեան Հետապնդման Յանձնախումբը Ազգային Միասնականութեան Կարեւորութիւնը Շեշտեց

Յաջորդը

Պարրաք. «Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյաջողեցաւ, Եւ Այդ Հարցն Է, Որ Կը Փորձենք Լուծել»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?