Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեւոր Վեհաժողովի Որոշումներու Գործադրութեան Հետապնդման Յանձնախումբը Ազգային Միասնականութեան Կարեւորութիւնը Շեշտեց

Յուլիս 22, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոգեւոր վեհաժողովի որոշումներու գործադրութեան հետապնդման յանձնախումբը մարոնի պատրիարքութեան ամարանոց Տիմանի մէջ գումարեց իր հերթական ժողովը, որուն աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` անդրադառնալով շրջանին մէջ, մասնաւորաբար Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Պաղեստինի մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներուն:

Յանձնախումբը յիշեցուց. «Մարդու առժանապատուութիւնն ու հիմնարար իրաւունքները իսկական որեւէ խաղաղութեան եւ հայրենիքի կառուցման անկիւնաքարերն են, եւ անիկա կրօնական ու բարոյական յարգանք է, նախքան իրաւական եւ քաղաքական պահանջ ըլլալը»:

«Ազգային միասնականութեան պահպանումը կրօնական եւ բարոյական պարտաւորութիւն է եւ հասարակաց պատասխանատուութիւն մը, որ կ՛իյնայ կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական ղեկավարութիւններու ուսերուն` պահպանելու համար խաղաղութիւնը եւ հայրենիքը ամրապնդելու ընդդէմ անոր գոյացութեան եւ սերունդներու ապագային սպառնացող պառակտումներուն», ընդգծեցին ժողովին մասնակիցները:

«Անհրաժեշտ է, որ լիբանանեան ընկերութեան բաղադրիչ մասերը յարգեն համակեցութեան տարազը, իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու միջեւ հաւասարութեան հասկացողութիւնը եւ պետութեան իր քաղաքացիներուն հետ այս հիմամբ վարուելու անհրաժեշտութիւնը», շեշտեցին անոնք:

Յանձնախումբը Լիբանանի մէջ կարծիքի ձեւաւորման իւրաքանչիւր ղեկավարի կոչ ուղղեց` ազգային պատասխանատուութեան բարձրագոյն գիտակցութիւն ունենալու եւ կացութեան հանդարտեցման ողջմիտ ու պատասխանատու հռետորաբանութիւն օգտագործելու, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներուն յորդորեց` հանդարտութեան, ազգային միասնականութեան եւ քաղաքացիական խաղաղութեան ամրապնդման մէջ դրական դեր ստանձնելու:

Ժողովի մասնակիցները զօրակցութիւն յայտնեցին լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման, պետութեան իշխանութեան տարածման, վերաշինութեան աշխատանքի մեկնարկին եւ մարդոց իրենց գիւղեր տունդարձի, միջազգային որոշումներու, մասնաւորաբար թիւ 1701 որոշումի բոլոր կէտերով գործադրութեան բանակցութիւններուն մէջ Լիբանանի պաշտօնական դիրքորոշման:

Յանձնախումբը նշեց, որ պիտի շարունակէ երկխօսութիւնը խորացնելու, հայրենիքի զաւակներուն համախմբման արժէքները ամրապնդելու եւ լիբանանեան հասարակութեան բաղադրիչ մասերուն միջեւ խաղաղութեան կամուրջներու հաստատման իր ջանքերը:

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը նախագահեց յանձնախումբի ժողովի երկրորդ կիսուն` գնահատելով անոր ջանքերն ու աշխատանքը:

Ան ժողովէն ետք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի, շիիներու գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի եւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունայի հետ` անոնց հետ քննարկելով ներկայ կացութեան զարգացումները: Զրուցակիցները համաձայնեցան գումարելու ընդլայնուած հոգեւոր վեհաժողով մը, որուն պատրաստութեան աշխատանքը պիտի ստանձնէ յանձնախումբը:

 

 

Նախորդը

Պայրաքտարեան. «Նախարարութիւնը Իբրեւ Աջակից Կը Կանգնի Ֆետերասիոններու Կողքին»

Յաջորդը

Աուն. «Պէտք Է Առարկայականութեամբ Եւ Պատասխանատուութեամբ Վարուիլ` Լիբանանը Մեր Շուրջ Ընթացող Տագնապէն Հեռացնելու Համար»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?