ՄԱՀԱԶԴ
Ազգային իշխանութիւնը կը գուժէ Ազգային առաջնորդարանին մէջ երկար տարիներու վաստակ ունեցող եւ Ազգային Երեսփոխանական ժողովի անդամ`
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 15 յուլիս 2025-ին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————–
ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՏԱՐԱԳ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կու գանք տեղեկացնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 20 յուլիս 2025-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր անդրանիկ պատարագը պիտի մատուցէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԴԱՒԻԹ ԱԲՂՅ. ԱՍԱՅԵԱՆ
Ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին
Պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆի մահուան 10-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 20 յուլիս 2025-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
ԱԶԳ. ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆ
ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԹԱԼԻՆ ՕՐՏՈՂԼԵԱՆ
Ազգային իշխանութեան որոշումով, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի նոր տնօրէն նշանակուած է Թալին Օրտողլեան:
Թալին Օրտողլեան աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին քառամեայ ընթացքը եւ արժանացած է հիմնարկի վկայականին:
Ան ունի կրթական երկարամեայ փորձառութիւն. 1986-էն ի վեր կը պաշտօնավարէ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ: 1992-2011, ուսուցչութեան առընթեր, ան քոլեճին մէջ վարած է վարչական պաշտօններ: 2015-2018 ստանձնած է քոլեճին միջնակարգի բաժանմունքին ամբողջական պատասխանատուութիւնը: Մասնակցած է մանկավարժական բազմաթիւ սեմինարներու եւ վերաորակաւորման աշխատանիստերու:
Կրթական մշակ մը ըլլալու կողքին, Թալին Օրտողլեան եղած է մամլոյ աշխատակից: Ան մաս կազմած է «Ազդակ»-ի խմբագրութեան` իբրեւ միջազգային լուրերու խմբագիրի օգնական: ՀՄԸՄ-ի մէջ վարած է զանազան պաշտօններ, դառնալով Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ 2019-էն մինչեւ օրս` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–