Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններու սրումը կրնայ պատահական չըլլալ, անիկա կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաքի` այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի վարձակալութեան մասին յայտարարութիւններու տրամաբանութեան մէջ:
«Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի հարցերով յանձնախումբի ղեկավարի առաջին տեղակալ Քոնսթանթին Զաթուլին յայտարարած է «Առ.Թի.Սի.Այ.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Պարրաք խօսելով «32 քիլոմեթր ճամբու պատճառով» Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձգձգուող վէճի մասին` տեսականօրէն հաւանական նկատած էր այն բեմագրութիւնը, որուն հիմամբ Միացեալ Նահանգներ կրնան երկարաժամկէտ վարձակալութեան պայմաններով իրենց վերահսկողութեան տակ առնել ճամբու այդ հատուածը:
Զաթուլինի համաձայն, ամերիկացի դեսպանին խօսքերը կրնան ոչ թէ խաբէութիւն ըլլալ, այլ իրական ծրագիր:
«Կը կարծեմ` ատիկա շատ իրական հեռանկար է: Եւ նոյնիսկ կը կարծեմ, որ ռուս-հայկական եւ դեռ ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ բոլոր վերջին սրումները կապուած են ճիշդ անոր հետ, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ արհեստականօրէն լարուածութիւնը աւելցած է, որպէսզի Մոսկուային չհարցնեն «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին», ըսաւ երեսփոխանը:
Զաթուլին յիշեցուցած է, որ նախապէս խօսքը այն մասին էր, որ նման միջանցք ստեղծելու պարագային անոր պիտի հսկեն ռուսական զօրքերը կամ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները: Սակայն հիմա «ոչ ոք այդ մասին կ՛անհանգստանայ ո՛չ Հայաստանի մէջ, ո՛չ ալ Ազրպէյճանի մէջ»:
Ան կը կարծէ, որ Երեւանի եւ Պաքուի համար կարեւոր է, որ շրջանի նոր տէրերը գան եւ իրականացնեն այդ վերահսկողութիւնը: Հետեւաբար, գիտակցաբար կը ստեղծուի կացութիւն մը, երբ յարաբերութիւններու սառեցման պատճառով ձեռնտու չէ այդ մասին հարցնել Ռուսիոյ, այլ ձեռնտու է համաձայնիլ ամերիկացիներուն հետ:
«Ես կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը իսկապէս ըսած է այն, ինչի մասին կը համաձայնին», եզրափակած է ան: