ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Սեդօ եւ Սիլվա Թիւթիւնճեան-Էօրտեքեան եւ զաւակները` Զօրի եւ Թենի
Տէր եւ տիկին Սարգօ եւ Ռուբինա Թիւթիւնճեան-Սանտրիք եւ զաւակները` Անդրանիկ եւ Ռազմիկ
Տէր եւ Տիկին Աւօ եւ Քարլա Սիմոնեան-Թիւթիւնճեան եւ զաւակները` Սելիա, Քարեն եւ Սարին
Հանգուցեալ Շահէ Թիւթիւնճեանի դստերք` Քարինա, Թելմա եւ Իրմա
Թիւթիւնճեան եւ Չաքըճեան ընտանիքներ
Էօրտէքեան եւ Սանտրիք ընտանիքներ
Սիմոնեան եւ Պեզճեան ընտանիքներ
Հատիտեան եւ Ամօղլեան ընտանիքներ
Քոնտուրաճեան եւ Մարաշեան ընտանիքներ
Զաքարեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ԿԱՐՊԻՍ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 13 յուլիս 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ չորեքշաբթի, 16 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը, ինչպէս նաեւ հինգշաբթի, 17 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00-ը, նոյն վայրին մէջ:
Ծանօթ. Կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ալեն եւ Միրիել Սապպաղ-Ազարեան եւ զաւակունք` Սերժ Ազարեան եւ Քարլ Ազարեան
Տիկին Լուսի Երամեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Քարլ եւ Նիքոլա Երամեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Քարէն Տօնոյեան եւ դուստրը
Ազարեան եւ Զավզավաճեան ընտանիքներ
Սապպաղ եւ Երամեան ընտանիքներ
Տօնոյեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին եւ հարազատին`
ԱՆԻ ԱԶԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԶԱՎԶԱՎԱՃԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 11 յուլիս 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 15 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա-Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տըպպես հրապարակ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Թահուիթայի (Շեւրոլէ) գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, չորեքշաբթի, 16 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
————————————–
ՏՆՕՐԷՆԻ ԿԱՐԻՔ
Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանը կարիքը ունի տնօրէնի մը, որ ունենայ ուսուցչական նուազագոյնը հինգ տարուան փորձառութիւն եւ հետեւեալ վկայականներէն մէկը. «Մագիստրոս դպրոցական վարչագիտութեան» (MA in School Administration), «Մագիստրոս ուսումնական գիտութեան» (MA in Education) եւ կամ համալսարանական Իժեզէ Թաալիմիէ կամ Իժեզէ Ժամիհիէ:
Թեկնածուները պարտին անձամբ ներկայանալ Ազգային առաջնորդարան եւ իրենց դիմումներն ու կենսագրական տուեալները Ուսումնական խորհուրդի գործավարութեան փոխանցել ամէն օր, երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:00-2:00:
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ