ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Եկեղեցին իբրեւ քաղաքական գործիչ. բարոյական հեղինակութենէն մինչեւ ընդդիմութեան կեդրոն:
«Պետութեան կողմէ աճող ճնշումին տակ Հայ առաքելական եկեղեցին եւ անոր կողմնակիցները հասարակական կեանքին մէջ աւելի վճռական դեր ստանձնած են: Մինչ եկեղեցին պաշտօնապէս կը մնայ ոչ կուսակցական հաստատութիւն, անոր հոգեւորականները, դաշնակից հասարակական եւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները աւելի՛ ու աւելի կը վերաբերին իբրեւ իրողապէս` քաղաքական ընդդիմութեան կեդրոն:
«Մայիս 2024-ին Բագրատ արքեպիսկոպոսը բեմ բարձրացաւ կառավարութեան շէնքին դիմաց կազմակերպուած հանրահաւաքին ժամանակ եւ յայտարարեց, որ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» ընդդիմադիր դաշինքները պատրաստ են սկսիլ Փաշինեանի դէմ ամբաստանութեան անվստահութիւն յայտնելու գործընթացի: Աւելի ուշ սրբազանին անունը շրջանառուեցաւ իբրեւ վարչապետի այլընտրանքային թեկնածու: Հակառակ անոր որ ան մերժեց անմիջապէս մտնել քաղաքական ասպարէզ, սակայն ան կոչ ուղղեց Փաշինեանին` «խաղաղ հրաժարական տալու» եւ կոչ ուղղեց համազգային ճնշում բանեցնելու կառավարութեան վրայ:
«Ջանքերը, ի վերջոյ, ապարդիւն մնացին. ամբաստանութեան առաջարկը խորհրդարանին մէջ ձախողեցաւ: Սակայն մէկ տարի անց` յունիս 2025-ին, Միքայէլ արք. Աջապահեանի ձերբակալութենէն ետք, օրէնսդիրները վերակենդանացուցին այս հոգեւորականը` իբրեւ այլընտրանքային առաջնորդ առաջադրելու գաղափարը:
«Անկախ պատգամաւորներ Յովիկ Աղազարեանը եւ Յակոբ Ասլանեանը ամբաստանութեան նոր նախաձեռնութեան դիմեցին` Միքայէլ սրբազանը առաջարկելով վարչապետի պաշտօնին: Այս քայլին կողմնակից էին «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները, որոնք առնչուած են համապատասխանաբար նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ: Ինչպէս Բագրատ սրբազանը նախապէս, Միքայէլ արքեպիսկոպոսը նաեւ մերժեց պաշտօնական քաղաքական դեր խաղալ: Սակայն այն իրողութիւնը, որ աւագ հոգեւորականները կրկին կը նկատուէին իբրեւ քաղաքական այլընտրանքներ, կ՛ընդգծէր աւելի մեծ շարժումը` ազգային ճգնաժամի ժամանակ եկեղեցւոյ աւելի՛ ու աւելի ընկալումը` իբրեւ օրինական քաղաքական գործիչ, անկախ անկէ, թէ կը ձգտի՞ այդ դերին, թէ՞ ոչ:
«Ընտրանիին զօրակցութիւնը` Սամուէլ Կարապետեանի պարագան:
«Յունիս 2025-ին ռուսաստանաբնակ հայ գործարար եւ բարերար, «Տաշիր» խումբի նախագահ եւ հիմնադիր Սամուէլ Կարապետեանը հրապարակաւ պաշտպանեց Հայ առաքելական եկեղեցին: Խիստ յայտարարութեամբ, ան մեղադրեց Հայաստանի կառավարութիւնը` հոգեւորականութեան դէմ քաղաքական արշաւ վարելու մէջ: «Փոքր խումբ մը,- ըսաւ ան,- կռնակ դարձուցած է Հայոց պատմութեան եւ սկսած է յարձակիլ Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովրդին վրայ»: Ան աւելցուց, որ` «Եթէ քաղաքական առաջնորդները չկարենան կանխել այս, մենք կը միջամտենք մեր ձեւով»:
«Նոյն օրը հայ իրաւապահ մարմինները խուզարկեցին Կարապետեանին տունը: Քանի մը օրուան ընթացքին ան ձերբակալուեցաւ եւ մեղադրուեցաւ կառավարութիւնը տապալելու հրապարակային կոչ ուղղելու մէջ:
«Կարապետեանը մեղադրանքները որակեց` իբրեւ յօրինուած եւ քաղաքական: Ըստ տեղական լրատուամիջոցներուն, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արմէն Աբազեանը մերժած է ձերբակալութիւնը արտօնել` զայն անհիմն անուանելով: Վարչապետը պաշտօնէն անմիջապէս հեռացուցած է զայն:
«Հայ առաքելական եկեղեցին հրապարակաւ զօրակցեցաւ Կարապետեանին` դատապարտելով անոր դէմ յարուցուած գործը` զայն որակելով իբրեւ քաղաքական դրդապատճառներով հալածանք, կոչ ընելով անյապաղ դադրեցնել «անօրինական գործողութիւնները»:
«Այս պատահարը բացայայտեց, թէ որքա՛ն լայնածաւալ դարձած է եկեղեցւոյ եւ կառավարութեան միջեւ հակամարտութիւնը: Այլեւս սահմանափակուած չէ միայն Հայաստանի ներսը գործող պաշտօնական հաստատութիւններով: Եկեղեցւոյ շուրջ սկսած են համախմբուիլ աջակցութեան նոր ձեւեր` սկսելով ժողովրդական համերաշխութենէն մինչեւ սփիւռքի եւ տնտեսական վերնախաւի անդամները: Կարապետեանին նման գործիչները, որոնք որեւէ քաղաքական կուսակցութեան չեն պատկանիր, կը դառնան Փաշինեանի օրակարգին դէմ դիմադրութեան աւելի լայն ալիքին մէկ մասը:
«Եկեղեցին եւ հասարակութիւնը – Անորոշ ժամանակներու ինքնութեան յենարանը:
«Թէեւ Հայ առաքելական եկեղեցին պաշտօնապէս պետութենէն անջատ է, սակայն անոր դերը հասարակական կեանքին մէջ շատ աւելի մեծ է, քան` կրօնական ծէսը: Բնակչութեան մեծ մասին համար եկեղեցին ոչ միայն իբրեւ հաւատքի հաստատութիւն կը ծառայէ, այլ նաեւ իբրեւ մշակութային եւ պատմական խարիսխ` շարունակականութեան եւ հաւաքական դիմադրողականութեան խորհրդանիշ:
«Ըստ Վանեցեանի, կառավարութեան փորձը` եկեղեցին իր հսկողութեան տակ առնելու, լայնօրէն կ՛ընկալուի իբրեւ յարձակում հայ ժողովուրդի ինքնութեան զգացողութեան վրայ: «Ան կը յուզէ ո՛չ միայն կրօնական հաւատացեալները, այլեւ` աշխարհիկ քաղաքացիներն ալ: … Եկեղեցին մեր մշակութային եւ պատմական հիմքն է: Մեզի` հայերուս համար, խօսքը միայն հաւատքի մասին չէ, այլ մեր ազգային ինքնութեան անկիւնաքարն է, որ դրոշմուած է դարերու ընթացքին: … Հայ առաքելական եկեղեցին այն սիւներէն մէկն է, որ նպաստած է մեր ժողովուրդի պահպանումին` Ցեղասպանութեան, աքսորի, գրաւումի եւ պետականութեան բացակայութեան ժամանակներուն», կ՛ըսէ Վանեցեան:
«Քաղաքական անկայունութեան, տնտեսական ճնշումի եւ աշխարհաքաղաքական անորոշութեան ժամանակաշրջանին եկեղեցին կը նկատուի իբրեւ իրական բարոյական հեղինակութիւն ունեցող վերջին ինքնավար հաստատութիւնը: Պետութենէն անկախ մնալու անոր ջանքերը յատուկ կշիռ եւ աճող հանրային աջակցութիւն կը վայելեն:
«Բագրատ եւ Միքայէլ արքեպիսկոպոսներուն պաշտպանութեան նուիրուած զանգուածային ցոյցերը աչքառու էին ոչ թէ իրենց քաղաքական կարգախօսներով, այլ իրենց խորհրդանիշներով` խաչերով, սրբապատկերներով եւ Էջմիածին տաճարի պատկերով դրօշներով: Շատ հայերու համար եկեղեցին աւանդական ընդդիմադիր ուժ մը չէ: Անիկա աւելի բնազդային բան է` կարգ ու կանոնի, օրինականութեան եւ պատմական շարունակականութեան աղբիւր:
«Վանեցեանը այս կը համարէ հայ հասարակութեան աւելի խորունկ հոգեբանական վիճակին արտացոլացումը: «Այսօր մարդոց մեծ մասը իսկապէս յուսահատած է,- ըսաւ ան: – Եկեղեցին տակաւին վերականգնումի յոյս կը ներշնչէ: Ահա թէ ինչո՛ւ անոր դէմ այս յարձակումը յառաջացուց այսպիսի բուռն արձագանգ: Կարեւոր է, որ այս արձագանգը ըլլայ մտածուած, չափուած եւ համապատասխան, որովհետեւ եթէ եկեղեցին տեղի տայ Փաշինեանի մենատիրական ծանրութեան տակ, հայ հասարակութեան հասած վնասը շատ աւելի մեծ կ՛ըլլայ: Վերականգնումի համար տարիներ չեն բաւեր, տասնամեակներ կը պահանջեն»:
«Յաջորդը ի՞նչ` ընտրութիւններ, անորոշութիւն եւ աւելի ծաւալուն բողոքի շարժումի վտանգ:
«Հայաստանի կառավարութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ ճակատման քաղաքական գրաւները կը մեծնան, քանի որ խորհրդարանական ընտրութիւնները ճշդուած են 2026-ին: Վերլուծաբանները կ՛ենթադրեն, որ Փաշինեանի եւ անոր իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան վարկանիշի անկումը հաշուի առնելով` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ արշաւը կը դառնայ աւելի լայն ռազմավարութեան մէկ մասը, որ նպատակ ունի վերացնել որեւէ այլընտրանք, նոյնիսկ` խորհրդանշական:
««Վարչապետին եւ անոր կուսակցութեան վարկանիշը նուազումի մէջ է: Մինչեւ ընտրութիւնները մնացած է մէկ տարի, եւ անոնք ցոյց տալու որեւէ էական բան չունին, – ըսաւ քաղաքական վերլուծաբան Սիլայեւը: – Ահա թէ ինչո՛ւ Փաշինեանը եւ անոր խումբը ջղագրգիռ են եւ կը փորձեն ճնշել իւրաքանչիւր անձ, որ նոյնիսկ տեսականօրէն կրնայ մրցակից ըլլալ: Նո՛յնիսկ, պարտադիր չէ, որ անձը ընտրութիւններուն մասնակցի, այլ պարզապէս ուրիշ տեսակէտ առաջարկէ»:
«Կառավարութեան կողմէ եկեղեցւոյ վրայ ճնշումը` ձերբակալութիւններու, քրէական ամբաստանութիւններու եւ պետական յեղաշրջումի դաւադրութեան մեղադրանքներու միջոցով, կրնայ ոգեւորել ոչ միայն հոգեւորականութեան կրօնական կողմնակիցները, այլեւ` երկրի այժմու ուղղութենէն հիասթափուած բնակչութեան աւելի լայն շրջանակ մը: Սա յատկապէս ճիշդ է այն ժամանակ, երբ աւանդական ընդդիմադիր կուսակցութիւնները չեն կրցած գործնական այլընտրանք ներկայացնել:
«Փաշինեանը այս հարցին մէջ իրական հանրային կողմնակից չունի,- ըսաւ քաղաքագէտ Հրանդ Միքայէլեանը: – Սակայն անոր կ՛օգնէ այն վիճակը, որ իր հակառակորդները անկազմակերպ են, եւ եկեղեցին ի՛նքը որոշած է թշնամական չվերաբերիլ: Ահա թէ ինչո՛ւ կառավարութեան հետ դիմադրութիւնը առայժմ ուղղակի բախում քիչ կ՛ունենայ, սակայն հանրային տրամադրութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կառավարութեան դէմ է»:
«Ըստ Վանեցեանի, կառավարութիւնը վտանգաւոր կերպով կը թերագնահատէ հետեւանքները, յատկապէս` այն պատճառով, որ հասարակութեան մէջ արդէն իսկ հիասթափութիւնը մեծ է:
«Փաշինեանի հեղինակութիւնը արդէն իսկ խլխլած է իր խումբին աղէտալի քաղաքականութեան` արտաքին սպառնալիքներուն դիմադրելու անոնց անկարողութեան, երկրին մէջ մենատիրական միտումներուն, անիրաւ հարկային տնտեսական միջոցներուն եւ գնողական արժէքի անկումին պատճառով, ըսաւ Վանեցեանը: – Եկեղեցւոյ հետ պայքարին սրումը կրնայ իրեն համար քաղաքական անձնասպանութիւն ըլլալ, յատկապէս-, եթէ ընտրանին եւ լայն հանրութիւնը սկսին միաւորուիլ ազգային արժէքներու եւ աւելի արժանապատիւ ապագայի մը պաշտպանութեան համար: Պարզապէս ճգնաժամ չ՛ըլլար այս, այլ` անդառնալի կէտ»:
«Այս խորապատկերին, եկեղեցւոյ հետ պայքարը այլեւս չի նմանիր կրօնական անկախութեան շուրջ վէճի: Ան Հայաստանի ամբողջ աշխարհիկ իշխանութեան կառուցուածքի նկատմամբ վստահութեան, աւելի լուրջ ճգնաժամի վիճակ ստացած է: Այս հակամարտութեան արդիւնքը կախեալ է ոչ միայն Փաշինեանի եւ անոր քննադատներուն որոշումներէն, այլ թէ ի՛նչ վիճակի մէջ պիտի գտնուի հայ հասարակութիւնը այն պահուն, երբ կը թուի, թէ աւանդական քաղաքական սահմանները կը քանդուին»: Վերջ:
Ռուսական կիսապաշտօնական այս հաստատութեան յօդուածը մեկնաբանութեան չի կարօտիր:
2 յուլիս 2025
(Շար. 2 եւ վերջ)
—-
(Շար. 1)