Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի հին եկեղեցին ինքզինք քաղաքական փոթորիկի մը կեդրոնը կը գտնէ, երբ կառավարութիւնը անոր շարքերուն մէջ եղող իրեն ընդդիմադիրները կը ճնշէ:   

Այս է «Ռաշա Թուտէյ»-ի 29 յունիս 2025-ի խորագիրն ու ենթախորագիրը Քրիստինա Սիզովայի կողմէ ծաւալուն` 12 լուսանկարներով յօդուածին (1), զոր ստորեւ կը թարգմանեմ:

«27 յունիս 2025-ի առաւօտեան Վաղարշապատի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ շարականներու եւ աղօթքներու ձայնը ընդհատուեցաւ բողոքի ճիչերով եւ աղաղակներով: Հաւատացեալները կանգնած էին եկեղեցւոյ եւ ոստիկաններուն միջեւ` փորձելով կանխել ձերբակալութիւնը Միքայէլ արքեպիսկոպոսին, որ վերջին օրերուն ձերբակալուած հոգեւորականներուն աճող ցանկին մէջ էր: «Վերջին ամիսներուն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան միջեւ վէճը սրած ու հասած է բացայայտ բախումի: Որոշ ժամանակ մը խծբծանքներու փոխանակում էր, որ այժմ վերածուած է խուզարկութիւններու, քրէական մեղադրանքներու եւ ձերբակալութիւններու: Իշխանութիւնները այլեւս չեն քողարկեր այն փաստը, որ եկեղեցին կը նկատեն քաղաքական սպառնալիք:

1. Յօդուածին նկարը, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը կը դիմադրեն ոստիկանութեան` Մայրավանք ներխուժումին:
2. Ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեան վերանորոգ Էջմիածինի բացումին:

«Անցեալ դարուն պետութիւնը եկեղեցւոյ հետ անմիջականօրէն բախում ունեցած է միայն երկու անգամ` Ռուսական կայսրութեան վերջին տարիներուն եւ Ստալինի օրօք: Այսօր Երեւանի սրտին տեղի կ՛ունենայ երրորդ բախումը: Ինչո՞ւ հիմա, եւ ո՞ւր կրնայ տանիլ այս ճգնաժամը: «Ռաշա թուտէյ»-ը աւելի մօտէն կը մեկնաբանէ:

«Այժմ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ. ձերբակալութիւններ եւ քրէական մեղադրանքներ:

«27 յունիսի իրադարձութիւնները – Երբ Էջմիածինի հաւատացեալ ժողովուրդը փորձեց խոչընդոտել Միքայէլ արք. Աջապահեանի ձերբակալութիւնը, անոնք ուղղակի արտայայտեցին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ երկրի ղեկավարութեան միջեւ սաստկացող դիմադրութեան նոր գագաթնակէտը: Թէեւ ցուցարարները փորձեցին արգելք հանդիսանալ ձերբակալութեան, սակայն Միքայէլ արքեպիսկոպոսը կամաւոր ներկայացաւ Քննչական կոմիտէ: Ան ձերբակալուեցաւ սահմանադրական կարգը տապալելու հրապարակային կոչ ուղղելու մեղադրանքով: Յաջորդ օրը Երեւանի դատարանը որոշեց երկու ամիսով նախնական կալանքի տակ պահել զայն: Այդ երեկոյեան ցուցարարները հաւաքուեցան դատարանի շէնքին դիմաց, ուր, յատկապէս, շէնքին արտաքին լոյսերը յանկարծ անջատուեցան:

«Երկու օր առաջ` 25 յունիսին, ձերբակալուած էր նաեւ «Սրբազան պայքար» շարժումին առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոսը (քաղաքացիական անունը` Վազգէն Գալստանեան), ինչպէս նաեւ` քանի մը այլ ընդդիմադիր գործիչներ, որոնց մէջ` հոգեւորականներ: Ըստ քննչական կոմիտէին, անոնք կասկածի տակ են «իշխանութեան տիրանալու ուղղուած ահաբեկչական գործողութիւններ» ծրագրելու մէջ: Իշխանութիւնները անոնց տուները խուզարկեցին, եւ 26 յունիսին դատարանը Բագրատ սրբազանին նկատմամբ երկամսեայ կալանք որոշեց:

«Զուգահեռաբար, Փաշինեանը իր Թելեկրամ ալիքին մէջ հրապարակեց իրեն կողմնակից Civic.am լրատուամիջոցի յօդուածին յղումը, ուր կը նկարագրուէր «Ոճրային սակաւապետական հոգեւորականութեան կողմէ կազմակերպուած զանգուածային դաւադրութիւն»: Վարչապետը կրկնեց յօդուածին պնդումները` փաստօրէն եկեղեցին մեղադրելով երկիրը անկայուն դարձնելու փորձերու մէջ:

«Վերջին տարիներուն ասիկա առաջին դէպքն է, երբ պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ հակամարտութիւնը կը մտնէ բացայայտ քրէական հետապնդման դաշտ: Հոգեւորականութիւնը եւ անոնց հանրային դաշնակիցները այժմ կը թիրախաւորուին իրաւապահ մարմիններուն կողմէ, մինչ կառավարութեան հռետորաբանութիւնը ցոյց կու տայ սաստկացումի պատրաստակամութիւն` առանց որեւէ փոխզիջման նշանի:

«Հակամարտութեան արմատները` Ղարաբաղէն մինչեւ «Սրբազան պայքար»:

«Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Փաշինեանի կառավարութեան միջեւ ճակատումը ոչինչէն չյառաջացաւ. ան խոր արմատներ ունի արժէքներու եւ աշխարհահայեացքի երկարատեւ բախումին մէջ:

«Իշխանութեան առաջին օրէն այս ամբոխավար կառավարութիւնը ընտրանին` վերնախաւը թիրախաւորած է, իսկ եկեղեցին միշտ եղած է հայ հասարակութեան ամէնէն ընտրանի հաստատութիւններէն մէկը: Ամբոխավար կառավարումը եւ եկեղեցին բնական հակառակորդներ են: Առաջին` եկեղեցին կը պաշտպանէ աւանդութիւնները եւ ազգային ինքնութիւնը, միւսը` Փաշինեանի կառավարութիւնը, այդ արժէքները թիրախի կը վերածէ` քայքայելով ինքնութիւնը եւ քանդելով ընկերային բարոյականութիւնը»: Այս մասին «Ռաշա Թուտէյ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ «Պատիւ ունեմ» խորհրդարանական ընդդիմադիր դաշինքի առաջնորդ (2), Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին ղեկավար Արթուր Վանեցեանը:

«Պառակտումը յատկապէս տեսանելի դարձաւ 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն ետք: Զինադադարի համաձայնագիրէն ետք եկեղեցին բացայայտօրէն համաձայնութեան պայմաններուն եւ անձամբ Փաշինեանի դէմ ուղղուած հանրային բողոքի ցոյցերուն կողմնակից էր: Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. կոչ ուղղեց վարչապետին` հրաժարական տալու` «անկարգութիւններէ եւ ողբերգական հետեւանքներէ խուսափելու համար»: Արդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ եկեղեցին բացայայտօրէն միացաւ ընդդիմութեան, եւ կառավարութիւնը այդ մէկը նկատեց:

«Պայքարը աւելի խորացաւ 2024-ին, երբ Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ բողոքի ցոյցեր բռնկեցան Ազրպէյճանի հետ սահմանագծումի վերաբերեալ: Չորս (հայկական*) գիւղերու Ազրպէյճանի վերահսկողութեան յանձնուելէն ետք, ի յայտ եկաւ «Տաւուշը հայրենիքի համար» ժողովրդային շարժումը, զոր կը գլխաւորէր Բագրատ արքեպիսկոպոսը, որ այս շաբաթ ձերբակալուեցաւ: Ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ, ուսանողներ եւ քաղաքացիներ միացան Տաւուշէն դէպի Երեւան բազմօրեայ բողոքի երթին: Շարժումը ի վերջոյ վերածուեցաւ «Սրբազան պայքար» նախաձեռնութեան, որ եկեղեցւոյ կողմէ կառավարութեան բացայայտ դիմադրութեան հիմնական միջոցը դարձաւ:

«Փաշինեանին համար շարժումը կը ներկայացնէր ո՛չ միայն քաղաքական, այլ նաեւ խորհրդանշական մարտահրաւէր: Եկեղեցին, օգտագործելով իր պատմական հեղինակութիւնը եւ մշակութային իրաւասութիւնը, կառավարութեան ընկերային հակակշիռ ըլլալու դերը ստանձնեց: Կարեւորագոյնը այն էր, որ ան մնաց հաստատութենական առումով անկախ եւ պաշտօնական ընդդիմութենէն դուրս, բան մը, որ զայն դարձուց կառավարութեան համար դժուար զսպուող մրցակից:

«Կառավարութիւնը յարձակումի կ՛անցնի. նոր հակակղերական ուղղութիւն:

«2024-ի կէսերուն Հայաստանի առաքելական եկեղեցւոյ եւ Փաշինեանի կառավարութեան միջեւ յարաբերութիւնները մտած էին արմատականացման փուլ: Ինչ որ ժամանակ մը եկեղեցւոյ «քաղաքականութեան միջամտելու» մասին խօսքերու պատերազմ էր, վերածուեցաւ աւելի լայն հակակղերական արշաւի` բացայայտ սպառնալիքներով, եկեղեցւոյ անկախութիւնը սահմանափակելու օրէնսդրական ջանքերով եւ հոգեւորականութեան վրայ աւելի ու աւելի անձնական յարձակումներով:

«2024-ի մայիսին Փաշինեան եկեղեցին մեղադրեց իբրեւ «պատմական ժամանակներէն ի վեր օտարերկրեայ ազդեցութեան գործակալի» դերին մէջ եւ խոստացաւ «զբաղիլ այդ խնդրով երկու-երեք ամիս ետք»: Խորհրդարանի խօսնակ Ալեն Սիմոնեանը առաջարկեց տուրքեր սահմանել եկեղեցւոյ վրայ, մինչ իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան անդամները առաջարկեցին եկեղեցւոյ սեփական կալուածները բռնագրաւել «տարբեր պետական կարիքներու համար»:

«Նոյն գարնան Հայաստանի ոստիկանութիւնը, երկրին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, փորձեց արգիլել Գարեգին Բ. կաթողիկոսին` Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդին մասնակցութիւնը Սարդարապատի մէջ կայանալիք ազգային արարողութեան: Կառավարութիւնը վկայակոչեց «անվտանգութեան հետ կապուած մտահոգութիւններ», սակայն ուղերձը յստակ էր. ան այլեւս չէր ճանչնար եկեղեցւոյ խորհրդանշական դերը:

«Այդ ժամանակ Փաշինեան կը պնդէր, որ մտադրութիւն չունի կաթողիկոսին պաշտօնանկ ընելու` յղում կատարելով եկեղեցւոյ եւ պետութեան սահմանադրականօրէն անջատ ըլլալուն: Սակայն 2025-ի մայիսին ան փոխեց իր դիրքորոշումը` պնդելով, որ կառավարութիւնը պէտք է «որոշիչ լիազօրութիւններ» ունենայ յաջորդ կաթողիկոսի ընտրութեան պարագային, եւ որ` բոլոր թեկնածուները պէտք է ստուգումներէ անցնին: Գործնականին մէջ այս համազօր էր սահմանադրականօրէն անկախ հաստատութեան գործերուն ուղղակի քաղաքական միջամտութեան:

«Փաշինեանի հռետորաբանութիւնը, նոյնպէս, հետզհետէ աւելի թշնամական դարձաւ: Ան եկեղեցին նկարագրեց իբրեւ «աղբով լեցուն փոշոտ պահեստարան», կոշտ մեկնաբանութիւններ ըրաւ հոգեւորականներու մասին եւ նոյնիսկ կասկածի տակ դրաւ կաթողիկոսին կուսակրօնութիւնը` հրապարակաւ ակնարկելով, որ Գարեգին Բ.-ը չի կրնար եկեղեցին առաջնորդել, եթէ զաւակ ունի: Բանաւոր յարձակումները շուտով վերածուեցան քաղաքական դաւերու. վարչապետը առաջարկեց ստեղծել աշխատանքային խումբ` Գարեգին Բ.-ը հեռացնելու եւ փոխարինող ընտրելու համար:

«Ի պատասխան, Հայ առաքելական եկեղեցին հազուադէպ եւ խիստ յայտարարութիւն տարածեց` կառավարութեան գործողութիւնները որակելով իբրեւ ազգային պետականութեան սպառնացող ուղղակի վտանգ: Քաղաքական հակառակորդները Փաշինեանը մեղադրեցին երկիրը մասնատելու մէջ, մինչ խումբ մը հասարակական գործիչներ կոչ ուղղեցին զայն եւ կինը հեռացնելու եկեղեցիէն, քայլ մը, որ նախապէս անհաւանական էր Հայաստանի հասարակական կեանքին մէջ:

«Պատմականօրէն Հայաստանի մէջ եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ ա՛յս ծաւալի հակամարտութիւնները չափազանց հազուադէպ են: Ինչպէս նշած է Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի Կովկասի եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Նիքոլայ Սիլայեւը, վերջին նման բախումները տեղի ունեցած են աւելի քան մէկ դար առաջ: 1903-ին ցարական պաշտօնեայ իշխան Կոլիցինի հրամանով Ռուսական կայսրութիւնը ձեռնարկեց եկեղեցւոյ կալուածները ազգայնացնելու, քայլ մը, որ պատճառեց յեղափոխական անկարգութիւններ: Երկրորդ դէպքը տեղի ունեցաւ 1938-ին, երբ գործող կաթողիկոսը մահացաւ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ: Հայաստանի մէջ շատեր կը կարծեն, թէ զայն սպաննած են:

««Այդ երկուքէն բացի` վերջին հարիւր տարուան ընթացքին չեմ կրնար յիշել այլ դէպք մը, երբ Հայ առաքելական եկեղեցին նման յարձակումի ենթարկուի, – ըսաւ Սիլայեւը, – եւ յիշեցէք` Կոլիցինը կայսերական Ռուսիոյ պաշտօնեայ էր: Զարմանալի է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս անկախ Հայաստանի վարչապետը նման  ճամբով կ՛երթայ»:

2 յուլիս 2025

haroutchekijian.wordpress.com

 

  1. https://www.rt.com/russia/620753-armenia-church-government-standoff/
  2. Յունուար 2022-էն ի վեր Արթուր Վանեցեան հրաժարեցաւ պատգամաւորի աթոռէն եւ դուրս եկաւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութենէն:

(Շար. 1)

Նախորդը

Ակնարկ. Առանձին Ահազանգերը Վերածել Համանուագի

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?