Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 11, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՆԱՇՐԱ» կայքը հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի Այթիթ գիւղի բնակիչները արգելք հանդիսացած են առանց լիբանանեան բանակի ընկերակցութեան պարեկութիւն կատարող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժի մը եւ անկէ պահանջած լիբանանեան բանակի ընկերակցութեամբ վերադառնալ:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժը մերժած է եւ քաղաքացիները ցրուելու համար օգտագործած արցունքաբեր ռումբեր: ՖԻՆԻՒԼ յայտարարեց, որ անհատներ քարկոծած են իր ուժը, որուն անդամները ստիպուած եղած են զանոնք ցրուելու համար արցունքաբեր ռումբեր օգտագործել:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը Մանսուրի գիւղին մէջ մոթորսիքլեթ մը հարուածեց: Արձանագրուեցան զոհ մը եւ երկու վիրաւորներ:

. ՆԱԽԱԳԱՀ Աուն եւրոպական պատուիրակութիւն մը եւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու դեսպանները ընդունելով յայտնեց. «Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղեմ` Լիբանանի վրայ հաստատուած եւրոպական պատժամիջոցները վերցնելու եւ աշխատանք տանելու վերաշինութեան համար եւրոպական-արաբական խորհրդաժողով մը գումարելու»:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի հռետորաբանութիւնը որեւէ դրական ցուցանիշ չէր պարունակեր, այլ յստակ կերպով ժխտական էր, երբ նշեց, թէ շրջանը մեծ փոփոխութիւններու փուլէ կ՛անցնի, եւ Լիբանան պարտի անոր հետ քայլ պահել, այլապէս անկէ ետ պիտի մնայ»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Դիմադրութիւնը լաւապէս կը գիտակցի, թէ իսրայէլեան բանակը անկարող է Լիբանանի վրայ համապարփակ պատերազմ շղթայազերծելու, որովհետեւ նշանակալից թիրախներէ զուրկ է, ինչ որ զայն անկարող կը դարձնէ լայնածաւալ դիմակայում մը կառավարելու»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին յայտնած են. «Անվտանգութեան զարգացումներու, հարաւի եւ հիւսիսի մէջ յարձակումներու եւ Իսրայէլի կողմէ յայտարարուած ցամաքային գործողութեան մտավախութիւնները բացասական ցուցանիշեր են, եւ ասիկա որոշ պատկերացում կու տայ լիբանանեան փաստաթուղթի պատասխանի բնոյթին մասին»:

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի պատասխանելով «Ժումհուրիա» օրաթերթի հարցումին, թէ ամերիկեան առաջարկին լիբանանեան պատասխանէն դրական արդիւնք կ՛ակնկալէ՞, ըսած է. «Աստուած ուզէ»:

Պատասխանելով նաեւ այն հարցումին, թէ իր մօտ լաւատեսութեան համեմատութիւնը բա՞րձր է, բաւարարուած է յայտնելով. «Ես երբեք չեմ դադրիր զգուշաւոր ըլլալէ: Սպասենք եւ տեսնենք: Ինչպէս միշտ կ՛ըսեմ` «ծովը չտեսած մի՛ փոպիկնար»:

. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Ամերիկեան նոր քաղաքականութիւնը հիմնուած է որոշ պահու մէկ հարց լուծելու, ապա այլ հարցի լուծման անցնելու վրայ, եւ այդ հիմամբ ալ ներկայիս ամերիկեան կողմի իսկական կեդրոնացումը Սուրիոյ եւ Իսրայէլի հետ անոր յարաբերութիւններու բնականոնացման վրայ է»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ»-ին յայտնած է, թէ Բրիտանիոյ իշխանութիւնները, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամիի անցեալ շաբաթ օր Պէյրութ այցելութեան ընթացքին Լիբանանի պաշտօնապէս առաջարկած են Լիբանանի հարաւային սահմանի երկայնքին աշտարակներ կառուցել եւ շրջանին մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման համար զանոնք լիբանանեան բանակին յանձնել, ճիշդ ինչպէս անցնող տասը տարիներու կատարուած էր Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ:

Աղբիւրը նշած է, թէ Լիբանանը «առաջարկը չմերժեց», սակայն բրիտանական կողմին փոխանցած է, թէ հիմա որեւէ այլ մանրամասնութիւն քննարկելէ առաջ պահանջուածները զինադադարի ամրապնդումը, իսրայէլեան խախտումներու դադրեցումն ու իր գրաւած կէտերէն իսրայէլեան բանակի հեռացումն են»:

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի դիւանն ու վարչութեան եւ արդարադատութեան հարցով յանձնախումբը այսօր ժամը 11:00-ին Այն Թինէի մէջ միացեալ նիստի հրաւիրեց:

 

 

Նախորդը

Համաս Իր Պահանջներուն Վրայ Կը Պնդէ, Իսկ Նեթանիահու Կ՛ուզէ Գործարք Կնքել, «Սակայն Ոչ Որեւէ Գինով»

Յաջորդը

Իզէտտին. «Այն, Ինչ Որ Թշնամին Չկրցաւ Պատերազմի Դաշտին Մէջ Ստանալ, Քաղաքականութեան Միջոցով Պիտի Չստանայ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.