Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իզէտտին. «Այն, Ինչ Որ Թշնամին Չկրցաւ Պատերազմի Դաշտին Մէջ Ստանալ, Քաղաքականութեան Միջոցով Պիտի Չստանայ»

July 11, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն ոչ միայն այս շրջանին, այլեւ ամբողջ աշխարհին տիրել, եթէ առիթը ունենան, «սակայն չենք կարծեր, որ ատիկա կրնան ընել, եւ այն ինչ որ այսօր շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենայ, վերջնական ձեւ պիտի չստանայ, որպէսզի ըսենք, թէ Ամերիկան եւ անոր հետ Իսրայէլը կրցան տիրել»:

«Այն, ինչ որ մեր թշնամիները չկրցան պատերազմի դաշտին մէջ ստանալ պիտի չստանան խաղերու, խարդախութեան, խաբէութեան, սակարկութեան եւ ճնշումներու միջոցով, որոնք կը գործադրուին ներքին կարգ մը կողմերու կամ կարգ մը արաբական եւ օտար պետութիւններու կողմէ», նշեց երեսփոխանը:

«Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը այս ժողովուրդին անբաժանելի մէկ մասը դարձաւ, ըլլայ այդ իր ինքնութեամբ, մշակոյթով, վարմունքով կամ առօրեայ կեանքով, որպէսզի բոլորս անոր հետ ապրինք, որովհետեւ առանց անոր կեանք չկայ, առանց անոր զէնքին չենք կրնար մեր կեանքը արժանապատիւ եւ հպարտ կերպով ապրիլ, ինչպէս Աստուած մեզի համար կ՛ուզէ», ըսաւ Իզէտտին:

«Դիմադրութիւնը այսօր այլեւս մէկ խումբի, կուսակցութեան կամ մարդոց հաւաքականութեան սեփականութիւնը չէ, այլ ամբողջ ժողովուրդին, ուստի ոչ ոք կրնայ անոր բան պարտադրել, եթէ ուզէ այս հայրենիքն ու ժողովուրդը պաշտպանել, որովհետեւ ինքնապաշտպանութիւնը Աստուծոյ արտօնածն է եւ անբաժանելի մասն է մարդու բնոյթին», յայտնեց երեսփոխանը:

Իզէտտին նաեւ նշեց. «Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը այս պատերազմէն դուրս եկաւ իբրեւ հզօր, կարող եւ ուժեղ շրջանային պետութիւն, որուն ոչ ոք կրնայ անտեսել եւ շրջանին մէջ դերը շրջանցել: Աւելի՛ն, այս ճակատումը ժողովուրդին հաւատարմութիւնը ցոյց տուաւ եւ ժողովրդային համախմբուածութիւնը ղեկավարութեան, մասնաւորաբար առաջնորդ սէյիտ Ալի Խամենէիի շուրջ»:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Համատէ. «Այս Շրջանը Սիոնական Եւ Ամերիկեան Ժամանակաշրջան Մուտք Պիտի Չգործէ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.