Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Առանձին Ահազանգերը Վերածել Համանուագի

Յուլիս 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

25 յունիսը նոր «նուաճում» մը արձանագրեց Հայաստանի ՔՊ-ապետին ու իշխանականներուն տարեգրութեանց մէջ: Ընդդիմադիր ղեկավարներու, նահատակներու ընտանիքներու եւ ՀՅԴ-ի ու այլ կուսակցութեանց անդամներու դէմ հալածանքի, տուներու խուզարկութեան, կալանաւորման եւ շինծու` կաթիլ մը ջուր չվերցնող մեղադրանքներու նոր «ջրհեղեղ» մը ծայր տուաւ: Մանրամասնութիւնները ողողեցին լրատու աղբիւրներու պաստառներն ու էջերը:

Ֆրանսախօսը պիտի ըսէր` «Déjà vu», այսինքն` յաճախ տեսնուած բան: Փաստօրէն նման հալածանք ու հետապնդում ո՛չ աննախընթաց է, ո՛չ ալ անկրկնելի, այնքան ատեն որ…

Ու բնական է, որ ընդդիմադիր ու չէզոք մեկնաբաններ այս բոլորին մէջ տեսան իշխանաւորներուն սարսափահար ու անկայուն վիճակին մէկ (ո՛չ միակ)  արտայայտութիւնը: Քիչեր յիշեցին, որ նախընթացները ընդհանրապէս անփառունակ վախճանի հասած են, մեղադրանքները չեն փաստուած, ձերբակալուածները ազատ արձակուած են որոշ ժամանակ ետք, սակայն նոյնինքն հալածանքին ազդեցութիւնը մնայուն ալիքներ յառաջացուցած է զանգուածին մէջ, զայն մատնած է ահ ու սարսափի (չմոռնանք ցուցարարներու վրայ ձայնային ու արցունքաբեր ռումբերու արձակումները), կրկին ու կրկին ցուցահանելով իշխանաւորներուն ամէնէն մաշած ու սնանկ «մարտավարութիւնը»:

***

Կասկած պէտք չէ ունենալ, որ այս նորագոյն արշաւին ազդանշանը տրուած է ՔՊ-ապետին Թուրքիա այցելութենէն անմիջապէս ետք, որքան ալ անոր քարոզչամեքենան փորձէ ծածկել որոշ իրականութիւններ: Օրինակ, իբր թէ յեղաշրջական ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐ մը բացայայտուած է վերջերս, սակայն արդէն յայտնի է, որ այդ «ծրագիրը»… 2024-ի կէսերուն բացայայտուած էր, եւ անցեալ մէկ տարուան մէջ ո՛չ իշխանութիւնը «զսպիչ-կանխարգելիչ» գործողութիւն կատարած է, ո՛չ ալ, մանաւանդ, մեղադրեալ ընդդիմադիրները այդ «ծրագիր»-ին որեւէ մէկ կէտը իրականացուցած են: Եւ ահա անգամ մը եւս կ՛արդարանան իշխանութեան ուղղուած այն մեղադրանքները, թէ ՔՊ-ի ամբողջ համակարգը կը գործէ թուրք-ազերիական հրահանգներով, պատրաստ է ենթարկուելու (եւ Հայաստանն ալ ենթարկելու) թշնամիին ծրագիրներուն, որոնք Ո՛Չ ՄԷԿ ՇԱՀ կը խոստանան Հայաստանին ու հայութեան: Մէկ խօսքով` հաճոյանալ ու քծնիլ թշնամիին առջեւ, «առիւծ կտրիլ» իր վնասարար քայլերը ցուցահանողներուն դիմաց…

Խորքին մէջ իշխանաւորներուն թրքահաճոյ, թրքանպաստ վարքագիծին դրսեւորումներն ալ նորութիւն չեն, աչք-ականջ-դատողութիւն ունեցող ոեւէ հայ (խօսքը ինքնակամ բթացեալներուն մասին չէ, ի Հայաստան եւ սփիւռքի ափերուն) կրնայ եղածը տեսնել` մտաբերելով ո՛չ միայն վերջին շաբաթներու, այլ առնուազն 44-օրեայ պատերազմէն ասդին եղածները` առանց անտեսելու պատերազմը կանխող ժամանակաշրջանն ալ: Երկար(ող) շղթային նորագոյն օղակները եղան բարերարի մը ձերբակալումը, եկեղեցւոյ դէմ դարձեալ շղթայազերծուած արշաւը, նաեւ «մանրուքներ», ինչպէս` լրագրողներու դէմ բռնարարքներ եւ մասամբ նորին:

***

Հալածանքի եւ ապօրինի հետապնդումներու դիմաց անգամ մը եւս ահազանգեր հնչեցին ու կը շարունակեն հնչել:

Ահազանգեր կը հնչեն եկեղեցւոյ դէմ հալածանքին պատճառով:

Ահազանգեր կը հնչեն ընդդիմադիրներու նախընթաց կալանաւորումներուն եւ դատավարութիւններուն առիթով (ո՞վ կը յիշէ ընդդիմադիր քննադատի մը դատարանին մէջ մահանալը):

Ահազանգեր կը հնչեն քաղաքական բեմէն անդին` տնտեսութեան նահանջին ի տես, Հայաստանի յաւելեալ պաշարման իրականութեան լոյսին տակ (մաս մըն ալ մեզմէ անկախ` ծանօթ պայմաններու բերումով):

Ահազանգեր կը հնչեն, յաճախ հնչած են Արցախի դատին թողլքման դիմաց: Այդ ահազանգերէն մաս մը կապ ունի արցախցի պատասխանատուներու` Պաքուի մէջ սնամէջ դատավարութեան մատնուելուն պատճառով, Արցախի մեր մշակութային ժառանգութեան փոշիացման դէմ (եւ այդ ահազանգերը երբեմն համապատասխան` հայանպաստ արձագանգ կը գտնեն արտաքին աշխարհի մէջ), ՔՊ-ական իշխանաւորներուն անտարբերութեան դէմ (Արցախի մասին ահազանգերու ամբողջ նուագախումբ մը կայ):

Ահազանգեր կը հնչեն սահմանային գիւղերէ, ուր ազերիական ուժերը յաճախակի կրակոցներով ահ ու սարսափի մէջ կը պահեն բնակիչները (իշխանաւորներուն պատասխանները ունին հետեւեալ թարգմանութիւնը. «Դեռ չվարժուեցա՞ք…»):

Ահազանգեր կը հնչեն իշխանաւորներու քարոզած «խաղաղութեան խաչմերուկին» (որքան ալ ցնորական ըլլայ) հասնող իւրաքանչիւր հարուածի դիմաց: Վերջինը իսլամական երկիրներու Պոլսոյ խորհրդաժողովէն բխած հակահայ ծանուցագիրն էր… Ահազանգեր կը հնչեն Երեւանի իշխանաւորներու դիւանագիտական ամլութիւնը փաստագրող իւրաքանչիւր դրսեւորումէ ետք:

Ահազանգերու ամբողջ համանուագ մը կը հնչէ բանակը ջլատումի տանող իւրաքանչիւր քայլէ ետք (նորագոյններէն էր բանակի ծառայութենէն փաստացի կաշառքով զերծ մնալու տխրահռչակ օրինագիծը: Իսկ ո՞վ կը յիշէ խումբ մը բանակայիններու ողջակիզման «մանր» դէպքը, սպանութիւնները, անձնասպանութեան դէպքերը…):

Ահազանգերու այլ համոյթ մը կայ ոստիկանական բռնարարքներու դէմ` ի տես Հայաստանը ոստիկանական բռնապետութեան վերածելու ՔՊ-ականներու աննահանջ արշաւին:

Ահազանգեր… ահազանգեր… ահազանգեր…

***

Եւ համայն հայութիւնը` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի մօտակայ ու հեռաւոր օճախներ, անձկութեամբ կը սպասէ, որ այս ահազանգերը դադրին ԱՌԱՆՁՆԱԲԱՐ հնչելէ, կը սպասէ, որ անոնց ղօղանջները միանան-միաձուլուին իրարու, որպէսզի իրականանայ առանձին-առանձին հետապնդուած միեւնոյն նպատակը` թշնամիին կամակատար ծառան դարձած (ու քանիցս փաստուած է սա) իշխանութեան հեռացումը երկրի ղեկէն:

Ստեղծուած է մօտաւորապէս հետեւեալ վիճակը: Երբ նուագախումբ մը համերգ պիտի տայ, յայտագիրը սկսելէ առաջ նուագախումբի անդամները կը սկսին լարել իրենց նուագարանները, մասնաւորաբար լարային գործիքներ նուագողները կը ճշդեն լարերուն ձայները, կը ստեղծուի խժալուր «համանուագ» մը. ճիշդ է` հանդիսականը կրնայ լսել այս կամ այն նուագարանին ձայնը, սակայն ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ կը մնայ բացակայ: Կու գայ պահը, երբ խմբավարը` մայեսթրոն,  ցպիկը կը զարնէ ձայնագրութիւնը կրող սեղանիկին, լռութիւն կը տիրէ, ապա, նոյն ցպիկին շարժումներուն վրայ, ՀԱՄԱՆՈՒԱԳԸ կը սկսի, հանդիսականը լիարժէք երաժշտութիւն կը վայելէ: Ամէն մարդ բնական կը նկատէ, որ իւրաքանչիւր նուագող իր բաժինը կը կատարէ` համաձայն ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ, ՄԷԿԸ ՄԻՒՍԸ ԼՐԱՑՆՈՂ ձայնագրութեան, այսինքն` լաւապէս «բանաձեւուած» ծրագիրին: Համանուագը կը ձախողի, երբ մէկն ու մէկը թերանայ, լիարժէք մասնակցութիւն չբերէ մատուցման:

Մեր ակնարկած ահազանգերն ալ ցարդ նման են համանուագը կանխող` առանձնակի հնչող նուագարաններու ձայնին: Բոլորս ալ գիտենք, որ իւրաքանչիւր նուագարան, մինչեւ իսկ փոքրագոյն սրինգը իր դերն ու տեղը ունի համանուագին մէջ, մենակատարները` նմանապէս: Հետեւաբար անգամ մը եւս կը շեշտուի ահազանգերը միացեալ համանուագի մը եւ արդիւնաւոր երաժշտութեան վերածելու հրամայականը: Կրկնենք. անհատները` խմբավար թէ նուագողներ, իրենց դերը ունին, սակայն համանուագը կ’իրականանայ բոլորին հնչեցուցածին միացումով, ներդաշնակ միաձուլումով, ո՛վ որ ալ ըլլայ խմբավարը: Վերջին 5-7 տարիներու գահավէժ ընթացքը փաստ է, որ ահազանգերու միացման իւրաքանչիւր յետաձգում (երբեմն ալ` իշխանաւորներու կողմէ խափանում) դուռ պիտի բանայ նոր անկումներու, վնասներու, կորուստներու:

Ահազանգերուն միացումը ե՞րբ պիտի իրականանայ: Պատասխան` այսօ՛ր իսկ, հայրենիքը փրկող նախաձեռնութեան մը ճամբով, վերջ տալով իշխանաւորներու «նախաձեռնութիւններուն»: Մինչեւ յառաջիկայ տարուան ընտրութիւնները այս ձախաւերները պիտի շարունակեն թրքահաճոյ ծրագիրներու իրե՛նց «համանուագը»` փանջունիական «բարիքներ» բերելով Հայաստանի ու հայութեան գլխուն: Հետեւաբար պէտք է կտրել չարիքի ծառն ու բոլոր արմատները` իբրեւ կարճագոյն ճամբայ լուծումի:

Իսկ թէ սփիւռքեան նուագարանները պէ՞տք է բաժին ունենան փրկարար համանուագին մէջ` ո՛չ մէկ կասկած:

25 յունիս 2025

Նախորդը

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?