Կիրակի, 6 յուլիս 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ կազմակերպուած էր պասքեթպոլի մրցաշարք մը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի մարզադաշտին վրայ:
Մրցաշարքը ընթացաւ ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահան Համամճեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի եւ Անթիլիասի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբի տնօրէն Կի Մանուկեանի եւ համակիրներու:
Ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վեթերան աղջիկներ ընդդէմ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վեթերան աղջիկներու մրցումը, որ աւարտեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին:
Երկրորդ մրցումը ընթացք առաւ ժամը 7:30-ին` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վեթերան տղաքը ընդդէմ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վեթերան տղոց. մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին: Մրցաշարքի իրաւարարութիւնը ստանձնած էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասոնի իրաւարարները:
Տեղին է յիշել, որ զոյգ խումբերը կազմուած էին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի եւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղերու տղոց եւ աղջիկներու վեթերան մարզիկներէ, որոնք տարիներ շարունակ իրենց ներդրումը բերած էին Լիբանանի պասքեթպոլի մարզական կեանքին մէջ` միշտ բարձր պահելով ՀՄԸՄ-ի անունը: Սոյն մրցաշարքին համար, իւրաքանչիւր վեթերան մարզիկի համար պատրաստուած էր իր անունը եւ թիւը կրող տարազը, անոնք այդ տարազներով ներկայացան դաշտ եւ ապրեցան անցեալի իրենց փառքի եւ հպարտութեան օրերը, երբ կը կիրարկէին այս մարզաձեւը. վեթերան մարզիկները ունեցան անմոռանալի եւ յիշատակելի մրցաշարք մը:
Կամաւոր բանակի հաստատ քայլերով` դէպի 100-ամեակ: