Երեքշաբթի գիշեր, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան աւարտականի 3-րդ ճակատումին, Սաժես կրցաւ 95-85 արդիւնքով յաղթել Ռիատիին` այս վերջինիս դաշտին վրայ, եւ արդիւնքը 2-1-ի վերածեց` յոյսերը պահելով ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալու:
Սաժեսի մարզիչ Լինոս Կաւրիել տարբեր կազմով դաշտ ներկայացած էր, վերջապէս վստահելով սլովենիացի մարզիկ Մարթին Քրեմփըլի եւ Ժատ Խալիլի, որոնք Սաժեսի լաւագոյն մարզիկներէն էին մանաւանդ մրցումի սկիզբը:
Պէտք է ըսել նաեւ, որ Ռիատիի գրեթէ բոլոր մարզիկները ձախող ելոյթներ ունեցան, ուր մանաւանդ լիբանանցիներ Քարիմ Զէյնուն, Հայկ Կէօքճեան եւ Ամիր Սէուտ չկրցան օգնել Թոն Մէյքըրի, Մարքուս Հանթի եւ Քերոն Շիլտծի:
Առաջին մասին 18-15 արդիւնքով յառաջանալէ ետք կիսախաղին 46-46 էր արդիւնքը, բայց Սաժես 6 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ (66-72) 3-րդ մասին, իսկ Ռիատի վերադարձաւ հաւասարելու 4-րդ մասին (82-82): Երկարաձգումին, Սաժես 13 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Ռիատի 3 կէտ կրցաւ նշանակել միայն, կարծէք փնտռելով Ուայէլ Արաքժին, որուն բացակայութիւնը այս մրցումին շատ զգալի էր: