Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զուիցերիացի Երեսփոխաններ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Քննարկած Են Արցախէն Տեղահանուած Հայերու Իրաւունքները

Յուլիս 9, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զուիցերիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ Էրիխ Ֆոնթոպել (Դաշնակցային դեմոկրատական միութիւն) եւ Լուքաս Ռայման (Զուիցերիական ժողովրդական կուսակցութիւն), «Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւն» կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ճոն Այպներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան այս շաբաթ կ՛այցելեն Ուաշինկթըն` ներկայացնելու Արցախի վերաբերեալ Զուիցերիական խաղաղութեան նախաձեռնութիւնը եւ խթանելու Միացեալ Նահանգներու աւելի գործուն ներգրաւուածութիւնը` արդարութեան եւ Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան հաստատման գործին մէջ: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան:

«2025 թուականի մարտին Զուիցերիոյ խորհրդարանը որդեգրեց պատմական բանաձեւ, որով Դաշնակցային խորհուրդին պարտաւորեցուց կազմակերպել միջազգային խաղաղութեան խորհրդաժողով: Խորհրդաժողովի նպատակն է միջազգային վերահսկողութեամբ ուղիղ երկխօսութեան նախաձեռնում Ազրպէյճանի իշխանութիւններու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տեղահանուած հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներու միջեւ` ուղղուած կամաւոր, հաւաքական եւ արժանապատիւ վերադարձի շուրջ բանակցութիւններուն:

«7 յուլիսին, երկուշաբթի առաւօտեան, պատուիրակութիւնը այցելած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ հանդիպած արտաքին գործոց նախարարի տեղակալներու օգնականներ Ճէյք ՄաքԿիի եւ Մոնիքա Ակեր Եաքոպսընի հետ: Քննարկումներու առանցք եղած են Լեռնային Ղարաբաղի տեղահանուած հայերու իրաւունքները, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ եւ աւելի լայն շրջանի մէջ ընթացող զարգացումները:

«Պատուիրակութիւնը Ուաշինկթընի մէջ պիտի շարունակէ հանդիպումները Քոնկրեսի անդամներու, մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւններու եւ վերլուծական կեդրոններու հետ` նպատակ ունենալով ապահովել աջակցութիւն Զուիցերիական նախաձեռնութեան եւ պահպանել հետաքրքրութիւնը տեղահանուած բնակչութեան շարունակուող ճգնաժամին նկատմամբ` միջազգային օրակարգի վրայ», նշած է ան:

 

 

Նախորդը

Սոպհանի. «Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը Խախտող Շինծու Հասկացութիւնները Չեն Համապատասխաներ Իրանի Դիրքորոշման»

Յաջորդը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?