Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սոպհանի. «Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը Խախտող Շինծու Հասկացութիւնները Չեն Համապատասխաներ Իրանի Դիրքորոշման»

July 9, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտարարած է, որ Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան վերջերս կայացած վեհաժողովի աւարտին որդեգրուած հաղորդագրութեան որոշ կէտեր, ուր օգտագործուած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը խախտող շինծու հասկացութիւններ, չեն համապատասխաներ Իրանի դիրքորոշումին: Իրանը պաշտօնական գրութեամբ իր վերապահումները յայտնած է Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան այս յայտարարութեան վերաբերեալ:

«Արմէնփրես»-ի հարցումին պատասխանելով` դեսպանը նշած է, թէ այդ յայտարարութիւնը ընդամէնը կ՛արտացոլէ վեհաժողովի նախագահի (Ալիեւի, «Ա.») տեսակէտները, եւ պարտադիր չէ, որ ատիկա արտացոլէ վեհաժողովի մասնակից երկիրներու դիրքորոշումները:

«Ինչպէս մենք մեր դիրքորոշումը արտայայտեցինք Պոլսոյ մէջ վերջերս հրապարակուած Իսլամական պետութիւններու համագործակցութեան յայտարարութեան վերաբերեալ, այս յայտարարութեան մէջ ներառուած որոշ կէտեր, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ տարածքային պահանջները կը ներառէ շինծու հասկացութիւններ, որոնք կը հակասեն բարեկամ եւ դրացի երկիրներու` Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սկզբունքային դիրքորոշումներուն եւ հաստատման ենթակայ չեն:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, ինչպէս նախապէս, կ՛աջակցի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու հոլովոյթին եւ կարեւոր կը նկատէ ստորագրումը խաղաղութեան համաձայնագիրի, որուն կէտերը հաստատուած են երկու երկիրներուն կողմէ:

«Մենք պաշտօնական գրութեամբ մեր վերապահումները յայտնած ենք «Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան» այս յայտարարութեան վերաբերեալ», նշած է Մեհտի Սոպհանի:

 

 

Նախորդը

Հաճիեւ. «Կ՛ակնկալենք, Որ Հայաստան Կը Փոխէ Իր Սահմանադրութեան Բնագիրը»

Յաջորդը

Զուիցերիացի Երեսփոխաններ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Քննարկած Են Արցախէն Տեղահանուած Հայերու Իրաւունքները

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.