Այսօր տեղի կ՛ունենայ Ռիատի Պարժա-Տըքուանէ վճռական մրցումը, որուն յաղթական խումբը պիտի ըլլայ լեռնալիբանանի աւարտականի խումբը, որ պիտի մրցի տարեշրջանի լաւագոյն խումբին` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի դէմ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ իր առաջին երկու հանգրուաններուն բոլոր մրցումներն ալ յաղթած է, արդէն իսկ ապահոված է նաեւ Գ. դասակարգ բարձրանալու զտումի վերջին հանգրուանին մասնակցելու իրաւունքը:
Պէյրութի շրջանէն Աթլեթիքօ գրաւելէ ետք առաջին դիրքը իր կարգին հասած է աւարտական հանգրուան: Բ. դիրքը գրաւող Սանհարիպ, որ մէկ կէտի առաւելութեամբ գերազանցած էր ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը, փլէյ-օֆի մրցում մը պիտի ունենայ Շապապ Պըրժի կամ այսօրուան մրցումին պարտուող խումբին դէմ: Հիւսիսային Լիբանանի մէջ, Ամալ Սալամ Զղարթա դարձաւ ախոյեան եւ Բ. դիրքը գրաւող Շեքքայի հետ միասին հասաւ աւարտական հանգրուան:
Հարաւային Լիբանանի մէջ Ֆիթիան Ատլուն դարձաւ ախոյեան եւ Լիուաա Սայտայի ու Նահտա Քաֆրայի հետ միասին հասաւ աւարտական հանգրուան:
Կը մնայ Պեքայի շրջանը, ուր Պեքա Սաատնայէլ, Ղատ Աֆտալ Տահր Ահմար եւ Նասըր Պար Էլիաս կը մրցին հասնելու աւարտական հանգրուան: