. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ պաշտօնական մեծ հեղինակութեան մը մօտիկ լաւատեղեակ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած է. «Հակառակ լարուած մթնոլորտին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զէնքի հարցին շուրջ բանակցութիւնները կը պահէ վերահսկողութեան տակ` խուսափելով անել կացութեան հասնելէ:
«Ան այդպիսով կը կրկնէ իր համբերութեամբ եւ ճկունութեամբ արաբական պետութիւններուն եւ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու հետ ղեկավարած նախկին փորձառութիւնները»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ի յայտնած են. «Ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ ունեցած հանդիպումները աւելի փաստաթուղթի պատրաստման համար թափուած ջանքը երեւան հանեցին, քան թէ անոր պարունակութեան վրայ լոյս սփռեցին:
. ԱՐԱԲԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Նաշրա» կայքին յայտնած է, որ արաբական պետութիւնները գոհունակութիւն կը յայտնեն Լիբանանի պաշտօնական միացեալ դիրքորոշման նկատմամբ, որուն արտայայտութիւնը եղաւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաքի յանձնուած փաստաթուղթը, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի նախագահի երդման ճառի եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի պարունակած` զէնքը լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը դարձնելուն նկատմամբ յանձնառութեան:
Աղբիւրը նաեւ դրուատած է դերակատարութիւնը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, «որ իր շիի եւ քաղաքական շրջանակի կշռոյթին կը վերահսկէ եւ անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ վարպետ քաղաքագէտ է: Ան աշխատանք կը տանի պահպանելու Լիբանանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կը պահպանէ յարաբերութիւնները իր շրջանակին եւ արաբական պետութիւններուն հետ, որոնց հետ հոյակապ յարաբերութիւններ ունի»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթը կը գրէ. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Պարրաքի յանձնեց ամերիկեան փաստաթուղթին վերաբերեալ Հըզպալլայի նկատողութիւնները: Ան այդ հարցը ստանձնեց, մինչ կը շարունակէ կուսակցութեան հետ ջանքերը` Լիբանանը պատերազմէ փրկելու համար»:
. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը կը գրէ. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամէնէն շատ զգաց տարողութիւնը ամերիկեան այն ճնշումին, թէ պէտք չէ կորսնցնել առիթը, որ վերջինը պիտի ըլլայ:
«Ան փորձեց տարբեր ձեւերով Հըզպալլան համոզել, թէ անհրաժեշտ է որոշ զիջումներ կատարել, սակայն յաջողեցաւ միայն չնչին բան ստանալ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ շրջանակներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին յայտնած են, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը լիբանանեան պետութեան փոխանցած է խիստ ոճի զգուշացում մը, որ ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի պատգամէն աւելի խիստ էր:
Վերջինս մնայուն կապի մէջ է Պըն Ֆարհան իշխանին հետ եւ անոր փոխանցած է, թէ ասիկա Լիբանանի համար վերջին առիթն է:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեծ հեղինակութեան մը մօտիկ եղող լաւատեղեակ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Միջազգային կողմերը Իսրայէլի տակաւին բռնագրաւումի տակ պահած հողերէն իսրայէլեան ուժերու հեռացման, գերիներու ազատ արձակման, յարձակումն ու համաձայնութեան խախտումները դադրեցնելու մասին որեւէ երաշխիք չտուին»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքը, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընը եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր կացութիւններն ու վերջին զարգացումները:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրները «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներու կառավարութենէն հեռանալու որոշումը տալու ժամանակը տակաւին չեկաւ, եւ երբ գայ, զայն կը քննարկենք: Նախարարական բեմը լքելը իրանամէտ խումբին մատուցուած ծառայութիւն է»:
. ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրները «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի հետ հասարակաց օրակարգեր գոյութիւն ունին, եւ անոր հետ գործակցութեան արգելք չկայ, եթէ դիմէ ազգային ընտրանքներու, որոնք նման են Ազգային ազատ հոսանքի ընտրանքներուն, սակայն պէտք է նկատի ունենալ այն իրողութիւնը, թէ նախագահը ինք հոսանքի ղեկավար Ժըպրան Պասիլի քրիստոնէական երեսփոխանական թիկունքին կարիք ունի, եւ ոչ թէ` հակառակը»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 5000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.575.000 լ.ո.-ի եւ 1.615.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 13000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.574.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 35000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 966000 լ.ո.-ի:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը հիւսիսային Լիբանանի Պըտտաուի գաղթակայանին մօտ գտնուող Այրունիէ շրջանին մէջ ինքնաշարժի մը վրայ յարձակում գործեց: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ թիրախաւորած է Համաս շարժումի մէկ ականաւոր անդամը: