Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ժատիտ»-ի. Ամերիկեան Փաստաթուղթին Լիբանանի Պատասխանը

July 8, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, թէ ամբողջացած է ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքին Լիբանանի պատասխանը, որ կը կեդրոնանայ Իսրայէլի լիբանանեան հողերէն հեռացման դիմաց Լիբանանի պետութեան զէնքը լիբանանեան օրինականութեան մենաշնորհը դարձնելուն վրայ:

Ըստ «Ժատիտ»-ի տեղեկութեան, լիբանանեան պատասխանը կը բովանդակէ հետեւեալ կէտերը.

– Առաջին` Լիբանան յանձնառու է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումէն բխող թշնամական արարքներու դադրեցման փոխադարձ հասկացողութիւններուն:

– Երկրորդ` կարեւորութիւնը լիբանանեան բանակին աջակցելու ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը վերանորոգելու եւ զայն կարող դարձնելու իր առաքելութիւնը լիբանանեան բանակին հետ համակարգաբար կատարելու, եւ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղէ ամրապնդելու լիբանանեան բանակին գումակային եւ ելեւմտական աջակցութիւնը, ինչ որ անոր կ՛արտօնէ ընդլայնել Լիթանիէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ իր տեղակայումը:

– Երրորդ` լիբանանեան պետութեան իշխանութեան ամրապնդման եւ գերիշխանութեան տարածման ծիրին մէջ Հըզպալլայի Լիթանիէն հարաւ գտնուող կառոյցները քանդել եւ հաստատել պետութեան ծիրէն դուրս եղող որեւէ զինեալ երեւոյթէ զուրկ շրջան մը:

– Չորրորդ` հինգ կէտերէն եւ վիճելի տարածքներէ, նախ եւ առաջ` Մազարեհ Շեպաայէն եւ Քֆարշուպայի բարձունքներէն իսրայէլեան հեռացում, եւ կը վերահաստատէ Իսրայէլի մօտ գտնուող լիբանանցի գերիներն ու կալանաւորուածները վերադարձնելու իր պահանջը, ինչպէս նաեւ անհետ կորսուածներուն ճակատագիրը յստակացնել:

– Հինգերորդ` Թաէֆի համաձայնագիրի եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւնը շեշտել:

– Վեցերորդ` կեանքի կոչել «մեքանիզմի յանձնախումբ»-ը, դադրեցնել յարձակումները եւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղել` Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի դադրեցնէ Լիբանանի վրայ իր իրերայաջորդ յարձակումները եւ երաշխաւորէ թշնամական արարքներու դադրեցման փոխադարձ հասկացողութեան յարգումը:

– Եօթներորդ` Լիբանան կոչ կ՛ուղղէ արաբական հովանաւորութեան` Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններու երթին, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ սուրիացի գաղթականներու անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը եւ կը շեշտէ Լիբանան-Սուրիա սահմանի վերահսկողութեան կարեւորութիւնը:

– Ութերորդ` Լիբանան կառչած կը մնայ նախագահի երդման ճառին եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի գերիշխանութեան պաշտպանութեան, բարեկարգումներու գործադրութեան եւ պետութեան ու անոր հաստատութիւններու հեղինակութեան կառչածութեան:

– Իններորդ` յառաջ ընթանալ ելեւմտական ու տնտեսական բարեկարգումներու հոլովոյթին մէջ, եւ այս յանձնառութիւնը կը զետեղուի լիբանանեան տնտեսութեան նկատմամբ վստահութեան վերականգնման ու միջազգային ելեւմտական համակարգին հետ բնականոն յարաբերութիւններու վերականգնման ծիրին մէջ:

– Տասներորդ` վերաշինութեան, Լիբանանի յանձնառութիւնները դիւրացնելու, պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումներու զէնքը Թաէֆի համաձայնութեան եւ թիւ 1701 որոշումի կէտերուն համահունչ լուծման սեղանի վրայ դնելու կարեւորութիւնը:

«Ժատիտ» երէկ հաղորդեց. «Լիբանանեան պատասխանի երէկ սպրդեցուած տարբերակը ուղարկուած էր Պարրաքին, որ խնդրած է անոր վրայ կարգ մը բարեփոխումներ կատարել, ինչ որ նախագահական յանձնախումբը մղած է կարգ մը կէտերու բարեփոխման վրայ աշխատելու»:

«Ժատիտ» նաեւ հաղորդեց. «Յանձնախումբին լիբանանեան պատասխանին վրայ կատարած բարեփոխումները կը վերաբերէին զէնքի նիւթին: Բարեփոխումները կատարուեցան մինչեւ ուշ գիշեր տեւած ժողովի ընթացքին եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի պատուիրակ Ալի Հասան Խալիլի, Հըզպալլայէն Մուհամետ Ռաատի եւ Հիւսէյն Խալիլի հետ հանդիպումէն ետք»:

Նախորդը

Կեպրիըլ. «Թամ Պարրաքը Հըզպալլայի Զինաթափման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Հեռացման Աստիճանական Հոլովոյթ Մը Կ՛առաջարկէ»

Յաջորդը

Պարրաք. «Լիբանանեան Պատասխանը Գաղափարներով Հարուստ Է, Եւ Ես Անկէ Գոհ Եմ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.