Վերջին շրջանին աւելցած է երկար ժամանակով ինքնաշարժներ եւ այլ մեքենաներ ճամբաներու եզերքը կայանելու եւ երկար ժամանակ հոն ձգելու երեւոյթը, որ կը վերածէ զանոնք աղբակոյտերու, կրծողներու եւ միջատներու բոյներու, եւ ասոր կողքին` անոնք ապօրինի կերպով կայանատեղիներ կը գրաւեն:
Ինչպէս նաեւ վատթարացած է անկանոն մոթոսիքլեթներու երեւոյթը, զանոնք առանց վարորդական արտօնութեան գործածելը, երթեւեկի կանոններուն հակառակ եւ վտանգաւոր անխոհեմութեամբ վարելը, որ կը պատճառէ արկածներ եւ վնասներ:
Ուստի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը կը յայտարարէ հետեւեալ նախազգուշացումը.
Ա.- Քաղաքապետական ոստիկանութիւնը, սկսեալ երկուշաբթի, 7 յուլիս 2025-էն, պիտի ձեռնարկէ իրաւական միջոցառումներու` ճանապարհներու եզերքը երկու շաբաթէ աւելի ժամանակով ձգուած եւ անտէր մեքենաներուն նկատմամբ: Անոնք պիտի գրաւուին, վերցուին եւ փոխադրուին յատուկ պահեստային կառատուն` ըստ ի զօրու կանոններուն եւ օրէնքներուն: Այս առումով, կը խնդրուի այս ինքնաշարժներուն տէրերէն` անյապաղ զանոնք փոխադրել, այլապէս պիտի ենթարկուին նշուած միջոցառումներուն:
Բ.- Պուրճ Համուտի քաղաքապետական ոստիկանութիւնը, նոյն թուականէն, այսինքն` երկուշաբթի, 7 յուլիս 2025-էն, պիտի խստացնէ հսկողութիւնը մոթոսիքլեթներու երթեւեկութեան: Պիտի գրաւուին անկանոն, չգրանցուած եւ առանց օրինական արտօնութեան վարուող մոթոսիքլեթները: Ինչպէս նաեւ պիտի կիրարկուին օրինական միջոցառումներ` հակառակ ուղղութեամբ եւ հանրային անվտանգութիւնը վտանգող անխոհեմութեամբ մոթոսիքլեթ վարելուն դէմ:
Ուստի, կը խնդրուի մոթոսիքլեթներու տէրերէն` սրբագրել իրենց օրինական վիճակը, ինչպէս նաեւ կը խնդրուի վարորդներէն` պահպանել երթեւեկութեան կանոնները եւ հանրային անվտանգութեան կանոնները` իրաւական հետապնդումի չենթարկուելու համար:
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ