Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Համոյթներու Բարձրորակ Կատարումներ

Յուլիս 5, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Ժան Կարապետեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ու տնօրէնութեան, շաբաթ, 21 յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի համոյթներու ելոյթը:

Ելոյթի սկզբնաւորութեան Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Նայիրա Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ հաւաքուած են վայելելու Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի համոյթներու կատարումները, որոնք առիթ պիտի տան երաժշտութեամբ սնանելու եւ գնահատելու մեր երիտասարդ երաժիշտներն ու նաեւ ուսուցիները, որոնց աշխատանքի ու նուիրումի արգասիքն է այս համերգը: Ան յայտնեց, թէ արուեստի ու մշակոյթի շնորհիւ է, որ ազգ մը կը դառնայ իւրայատուկ, իսկ անոր զաւակները կը կրթուին  ազգային արժէքներով: Խնամակալութեան անդամը ըսաւ, որ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի համոյթներուն առաքելութիւնն է, դասարանային կեանքին զուգահեռ, խմբական կատարումներու ճամբով կրթել փոքր ու պատանի աշակերտները, անոնց նոր փորձառութիւններու առիթ տալ եւ այդպիսով նաեւ արուեստ ու մշակոյթ սերմանել:

Ելոյթի առաջին բաժինով բեմ բարձրացաւ «Մեղեդի» լարային քառեակը, որ նուագեց` Գրիգոր Նարեկացիի երկու ջութակի համար «Տաղ» ստեղծագործութիւնը, Վիվալտիի 4 ջութակի եւ դաշնամուրի համար «Քոնչերթօ»-ն, Կոմիտաս-Ասլամազեանի «Երկինքն ամպել ա», «Ալ այլուղս» եւ «Հոյ նազան» գործերը, Պախի «Ռոնտօ, Մենուէթթօ, Պատիների»-ն (Սրինգ` Կասիա Լեւոնեան), Հենտըլի «Շեպա թագուհիին ժամանումը», Պրամսի «Հունգարական պար թիւ 5»-ը եւ Աշոտ Ճէնտէրէճեանի մշակած «Ֆիննական փոլքա»-ն: Քառեակի ղեկավար` Արմէն Ճէնտէրէճեան:

Ապա «Տամիտոմ» տհոլահարներու խումբը նուագեց «Բերդ» ռիթմային պատկերը եւ «Տամիտոմ» կշռութաւոր պատկերը: Խումբի ղեկավար` Նարեկ Քէշիշեան:

Գեղարուեստական յայտագիրի երրորդ մասը յատկացուած էր «Նայիրեան աշակերտական նուագախումբ»-ին, որ նուագեց Տ. Շոսթաքովիչի «Վալս թիւ 2»-ն, Խաչատուրեանի «Գայեանէ» թատերապարէն «Երիտասարդ աղջիկներու պար»-ը, Խ. Աւետիսեանի «Ծաղկած բալենի»-ն (տուտուկ` Նաթալի Ափոքեան), Բարսեղ Կանաչեանի «Բամ Բորոտան»-ը, Ա. Փիացոլլայի «Մոռացումը», Մ. Մաւիսաքալեանի «Ջան Հայաստան»-ը, Ճ. Պիզէի «Գարմէն» օփերայէն «Հապաներա»-ն, Ռ. Ճաուատի «Գահերու խաղը» եւ Ա. Բաբաջանեանի «Ազգ փառապանծ»-ը: Նուագախումբի նուագավար` մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեան:

Աւարտին համոյթներու ելոյթին նախագահութիւնը ստանձնելուն եւ աջակցութեան համար Գեղարուեստի դպրոցներուն խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեան եւ դպրոցներու կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան հանդիսութեան նախագահ Նշան Կարապետեանին յանձնեցին երախտագիտական յուշանուէր մը:

Ելոյթը փակուեցաւ «Նայիրեան նուագախումբ»-ի կատարողութեամբ Է. Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ»-ով:

Յայտնենք, որ Համազգայինի համոյթներու բարձրորակ կատարումները, նորարարութիւնները, յայտագիրի այլազանութիւնները եւ մեծաթիւ մասնակցութիւնը արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատանքին:

Ելոյթին Մասնակցող Խումբերու Անդամները

 «ՄԵՂԵԴԻ» լարային քառեակ

Ուսուցիչներ` Արմէն Ճէնտէրէճեան, Սարգիս Աւագեան (ջութ)
Դաշնակահար` Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան: Սրնգահար` Կասիա Լեւոնեան:
Ջութակահար աշակերտներ` Ծաւի Թորիկեան, Փելիա Տեմիրճեան, Նարին Խտրեան, Վանայ Թորոսեան: Թաւջութակի աշակերտ` Գէորգ Պալեան:

ՏԱՄԻՏՈՄ տհոլահարներու համոյթի մասնակիցներ
Աշակերտներ` Գրիգոր Շէրնէզեան, Սահակ Տէտէեան, Արէն Մանճիկեան, Հրանդ Կիրակոսեան, Արմէն Թերզեան:

«ՆԱՅԻՐԵԱՆ նուագախումբ»-ի անդամներ

Սրնգահարներ` Լորի Յովսէփեան, Նաթալի Ափոքեան, Շիրազ Փենենեան: Քլարինեթահար` Վարդգես Փենենեան: Շեփորահարներ` Յակոբ Անտոնեան, Հրակ Օհանեան: Տրամզ` Էլիօ Պու Սատեր: Հարուածային նուագարաններ` (տհոլ, եռանկիւնի, թամպուր) Հրանդ Կիրակոսեան, Սահակ Տէտէեան. դաշնակահարներ` Քեւըն Եուսէֆ, Մեղրի Մըսըրլեան, Ռատուան Պազի, Սէրլի Մուղալեան: Ջութակահարներ` Արազ Մազաքեան, Անտրէա Պիթար, Անժելինա Պանտար, Սելին Վարդանեան, Ծաւի Թորիկեան, Կալի Թորիկեան, Կարէն Չափարեան, Ճորճ Բարսեղեան, Ճեսի Աւետիսեան, Նարինէ Խտրեան, Փելիա Տեմիրճեան, Վանայ Թորոսեան: Թաւջութակ` Արմէն Մխճեան, Հրակ Պալեան, Գէորգ Պալեան:

 

Նախորդը

ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Յայտարարութիւնը` Հայաստանի Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Սփիւռք-Հայաստան Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Մէկ Ու Միակ Ուղին Իշխանափոխութիւնն Է

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին
Գաղութային

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով Միջնակարգի Եւ Երկրորդականի Աշակերտները Զմմառու Վանք Այցելեցին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?