ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Տաճատ եւ Լուսիկ Իսրապեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Նայիրի Գազճեան եւ զաւակը` Հրանդ-Նժդեհ
Տիկին Ժանեթ Տիլսիզեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Թալալ եւ Լենա Պէյտուն եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Միհրան Աբիկեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Յարութ Աբիկեան եւ ընտանիք (Քանատա)
Տիար Յովիկ Աբիկեան եւ ընտանիք (Ֆրանսա)
Տիար Ռոպեր Շանլեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Շողիկ Կիլոյեան եւ զաւակը` Մոսիկ
Իսրապեան եւ Գազճեան ընտանիքներ
Կիլոյեան եւ Տիլսիզեան ընտանիքներ
Աբիկեան եւ Պէյտուն ընտանիքներ
Շանլեան եւ Հաւունճեան ընտանիքներ
Հայեք եւ Մաժտալանի ընտանիքներ
Ապու Ժաուտէ ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, զոքանչին, մօրաքրոջ, խնամիին եւ հարազատին`
ԵՂԻՍԱԲԷԹ (ԷԼԻԶ) ԻՍՐԱՊԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ, 1935-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 2 յուլիս 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ ուրբաթ, 4 յուլիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ շաբաթ, 5 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին:
————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՄԱՅՔ ՆԷՍԻՄԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 յուլիս 2025-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
————————————–
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ
ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ
Հայ աւետարանական գոլէճը (Քաղաքի հայ սքուլ) կարիքը ունի ուսողութեան (Mathematics) ուսուցիչներու: Համապատասխան վկայականն ու փորձառութիւնը պայման են: Հետաքրքրուողներ կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկել jobsatschool@outlook.com հասցէին: