Պեքայի շրջանի Զահլէ քաղաքի եւ արուարձաններու 124 նոր ընտրուած քաղաքապետներն ու թաղապետները, կիրակի, 22 յունիս 2025-ին տեղի ունեցած իրենց Ա. ընդհանուր ժողովին միաձայնութեամբ ընտրեցին այդ ամբողջ շրջանի խորհուրդը ներկայացնող վարչութիւն մը, 3 տարուան ժամանակաշրջանի համար` նախագահութեամբ քաղաքապետ Ալի Եուսեֆի: Վարչութեան կը կազմէ նաեւ Այնճարի գիւղապետներէն Յարութ Լագիսեան, որ նաեւ ընտրուեցաւ իբրեւ խորհուրդի ներկայացուցիչ պետութեան մօտ: