Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալլաս. «Այն, Որ Ռուսերը Սպառնալիքներ Կը Հնչեցնեն, Նորութիւն Չէ, Անհրաժեշտ Է Կապ Հաստատել Բարեկամական Երկիրներու Հետ, Որովհետեւ Միւս Կողմը Կրնայ Փորձել Վնաս Հասցնել Ձեզի»

Յուլիս 3, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ի հարկէ, այդ որոշումը Հայաստանի ժողովուրդինն է: Սակայն եթէ դիտէք աւելի լայն պատկերը, նայեցէք Եւրոպայի քարտէսին, պիտի տեսնենք, որ ատիկա բոլորին համար շահեկան է, եթէ համագործակցինք իրարու հետ: Այս մասին Պետական պատկերասփիւռի ընկերութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանին կը սպասե՞ն, թէ՞ ոչ:

«Ճիշդ է, անդամակցութեան որոշ հոլովոյթներու մէջ մենք բաւական դանդաղած ենք, թեկնածու երկիրները չափազանց երկար սպասած են, եւ մենք կը փորձենք այդ հոլովոյթները արագացնել, որովհետեւ կը փորձենք այդ երկիրներուն կարելիութիւն տալ մուտք գործել մեր ներքին տնտեսական շուկաներ:

«Հայաստանը մեր անմիջական դրացին է, մեր շահերէն կը բխի, որ մեր դրացնութիւնը զարգանայ, Հայաստանը յառաջընթաց ունենայ եւ ըլլայ տնտեսական աճ եւ բարեկեցիկ կեանք ապահովող երկիր մարդոց համար: Այդ իսկ պատճառով մենք կը փորձենք Հայաստանի հետ որքան կարելի է սերտօրէն աշխատիլ: Մենք պատրաստ ենք ուսումնասիրել նոր կարելիութիւններ` տեսնելու, թէ աւելի ի՛նչ կրնանք ընել», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանը մեծ կախեալութիւն ունի Ռուսիայէն, եւ շատերը կը նշեն, որ դէպի Եւրոպա երթալը Հայաստանի համար ռիսքերով լեցուն է, եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը նշեց. «Այն, որ ռուսերը սպառնալիքներ կը հնչեցնեն, նորութիւն չէ: Մենք ատիկա տեսած ենք նաեւ աշխարհի այլ հատուածներուն մէջ: Կը կարծեմ` այստեղ պէտք է յստակ ըլլայ, թէ ինչ կ՛ուզէ ինքնին ինք` հայ ժողովուրդը: Կախեալութիւն ունենալ այնպիսի երկիրներէ, որոնք թերեւս այնքան ալ բարեկամական չեն, բարդ է: Նաեւ այդ պատճառով պէտք է տնտեսութեան բազմազանացումը: Կը ձգտինք աւելցնել Հայաստանի կարելիութիւնները, որպէսզի դուք ստիպուած չըլլաք Ռուսիայէն ամբողջովին կախեալ ըլլալու:

«Եթէ այդպէս կը ցանկաք` ընտրութիւնը ձերն է: Սակայն մենք տեսած ենք, թէ ինչպէ՛ս կրնայ տնտեսական կախեալութիւնը նաեւ կիրարկուիլ ընդդէմ այդ երկիրներուն: Այդ պատճառով անհրաժեշտ է կապ հաստատել բարեկամական երկիրներու հետ, որովհետեւ միւս կողմը կրնայ փորձել վնաս հասցնել ձեզի»:

 

Նախորդը

Զուիցերիացի Երեսփոխաններ Արցախէն Տեղահանուած Հայերու Վերադարձի Ջանքերը Քոնկրեսին Պիտի Ներկայացնեն

Յաջորդը

3 Տարուան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Փութին-Մաքրոն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?