Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Թալին Խաչատուրեաններու եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ու տնօրէնութեան, կիրակի, 29 յունիս 2025-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւարտական դասարաններու աշակերտներու վկայագիրներու եւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական պատասխանատու Սամիկ Կարապետեան, որ նշեց, թէ դպրոցները հետեւողական եւ կազմակերպական բծախնդիր աշխատանքով կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, իսկ հանդէսը լաւագոյն առիթն է ամփոփելու անցնող մէկ տարեշրջանի գործունէութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը (խմբավար` Շողիկ Թորոսեան, դաշնամուրի նուագակցութիւն` Վերոնա Ռուսիալեան), որ ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեանի «Հայրենի կարօտ» ստեղծագործութիւնը: Ապա «Արեգ» թատերական դպրոցէն հինգ աշակերտներ ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Կիկոսի մահը» հեքիաթէն հատուած մը (ղեկավար` Սիլվա Սողոմոնեան), իսկ «Գայեանէ» պարի դպրոցի «Սեւան» պարային խմբակը` Արամ Խաչատուրեանի «Պեպոյի երգը» (պարուսոյցներ` Ժագլին եւ Կարէն Մակինեաններ):
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան արաբերէն խօսքը փոխանցեց Մակի Պօղոսեան, որ նշեց, թէ աշակերտները ընտրեցին արուեստի եւ մշակոյթի ճամբան` ստեղծագործութեան եւ վսեմ արտայայտութեան ուղին, ընտրեցին երաժշտութեան ճամբան` հոգիի լեզուն, եւ նկարչութեան ճամբան` երեւակայութեան հմայքը գոյներու ընդմէջէն, որպէսզի ըլլան միտքի եւ արուեստի դեսպանները իրենց շրջապատին մէջ: Ան ըսաւ, «Մեր ջերմագոյն երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ իր հայրական հովանաւորութեամբ եւ շարունակական աջակցութեամբ կը սատարէ մեր միութեան աշխատանքներուն: Պիտի ուզենք մեր շնորհակալութիւնը յայտնել նաեւ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան` մեզի ցուցաբերած աջակցութեան համար: Կը վերահաստատենք նաեւ մեր պատրաստակամութիւնը` շարունակելու համագործակցութիւնը նախարարութեան հետ` կիրարկելու համար երկու կողմերուն միջեւ ստորագրուած փոխհամաձայնութեան հռչակագիրը»: Իր խօսքի աւարտին Մակի Պօղոսեան նշեց, որ Համազգայինի վսեմ առաքելութիւնը պիտի շարունակէ մնալ լոյսի ջահ մը լիբանանեան հասարակութեան մէջ, որովհետեւ ան կը դաստիարակէ ստեղծագործ եւ նորարար սերունդ մը, որ կը սիրէ արուեստը` իբրեւ կեանքի լեզու, եւ որ կը մասնակցի մեր մշակոյթին եւ ժառանգութեան տարածման ու պահպանման:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով «Մեղեդի» լարային քառեակը ներկայացուց Վիվալտիի չորս ջութակի համար քոնչերթոն (ղեկավար` Արմէն Ճէնտէրէճեան, դաշնամուրի նուագակցութիւն` Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան), «Տամիտոմ» տհոլահարներու համոյթը ներկայացուց «Ռիթմային պատկեր»-ը (ղեկավար` Նարեկ Քէշիշեան), իսկ «Նայիրեան» աշակերտական նուագախումբը` Բարսեղ Կանաչեանի «Փամ փորոտան»-ը (ղեկավար` մայսթրօ Միսաք Պաղպուտարեան):
Ապա հերթաբար ելոյթ ունեցան «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի շրջանաւարտ աշակերտները:
Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան փոխանցեց տնօրէնութեան խօսքը եւ ըսաւ, որ գեղարուեստի դպրոցներու իւրաքանչիւր մասնագիտացած դպրոց, համոյթ, խումբ կամ անհատ աշակերտ, կրթական նոր մշակուած ծրագիրներով սկսաւ իր ուսումնական տարին, հանրութեան ներկայացնելով նոր պատրաստած համերգներն ու ելոյթները` «ահաւասիկ բեղմնաւոր ու հասուն հասկի ծանրութեամբ եւ ոգեւորութեամբ կ՛աւարտենք ուսումնական տարեշրջանը, մաղթելով նոր վերելքներ գալիք փուլերուն: Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Երկանեան ըսաւ. «Հարկ է ուրեմն մարզիկի պէս ամէնօրեայ փորձերով ու վարժանքով յղկել մատներն ու միտքը, իսկ սիրտը լարել երաժշտութեան անծայրածիր աշխարհին դիմաց` քաղելու իրականն ու արժէքաւորը, հոգին ազնուացնողը, որպէսզի ձեզմէ ելած լոյսը վարակիչ եւ ոգեւորող ըլլայ շրջապատին համար: Որպէսզի դուք ալ, օր մը, ձեր կարգին` «Լոյսով լոյսին», ձեր աշակերտներուն փոխանցէք ձեր գիտելիքն ու փորձառութիւնը, նուիրումն ու անոր բարձր գիտակցութիւնը»:
Ապա Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեանի եւ կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեանի ձեռամբ պարգեւատրուեցան 20 տարիներէ ի վեր գեղարուեստի դպրոցներուն մէջ ծառայող ուսուցիչները: Յուշանուէրներ ստացան ուսուցիչներ Յասմիկ Գարաօղլանեան, Ժուզեֆ Լուկա, Յասմիկ Գասպարեան, Վահրամ Էմմիեան, մայսթրօ դոկտ. Զաքար Քէշիշեան, Մկրտիչ Միքայէլեան, Լիանա Աշգարեան, Հուրի Փարթամեան եւ դոկտ. Գայեանէ Մարկոսեան:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ հայր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան, որ նշեց թէ դժուար է պատկերացնել, թէ որքա՜ն մռայլ ու եղերական պիտի ըլլար լիբանանահայութեան մշակութասէր եւ ազգասէր խաւին լինելութեան երաշխիքը, եթէ գոյութիւն չունենար Համազգայինը, որուն մշակույթային գործունէութեան ժառանգութիւնը ինքնին խօսուն է եւ արժէքաւոր: Ան ըսաւ. «Ազգային ու մշակոյթի կարեւորագոյն բաղադրիչը հանդիսացող այս միութեան գործունէութիւնը, սփիւռքի հայապահպանութեան ամէնէն էական կռուանն է: Մեր հարուստ պատմութենէն մեզի ժառանգուած մեր ազգային մշակոյթը տարածելու եւ օտարներուն իսկ ծանօթացնելու ուղղութեամբ անհատում ծրագիրներ մշակած եւ կեանքի կոչած է այս միութիւնը: Ուստի, հեռու պահենք անկէ ամէն տեսակի սպառնալիքներ, որոնք միայն աղէտ կը պատճառեն, ըլլան անոնք գաղափարախօսական կամ քաղաքական, համայնքային կամ քաղաքամասային շահեր հետապնդող: Հետեւաբար, նախանձայոյզ խնամենք մեր միութիւնը եւ բոլորս շարժինք յառաջ առանց կասկածանքի եւ վերապահութիւններու»: Մ. Ծ. վրդ. Զահթէրեան նշեց, որ այլասերումն ու ուծացումի երեւոյթը սփիւռքեան եւ հայրենեաց իրականութեան մէջ որքան ալ խաթարեն մեր հայկական ոգին, միասնականութիւնն ու դիմագիծը, այնուամենայնիւ Համազգայինը պարտի շարունակել հաստատ պահել խարիսխը, իր ջամբած դաստիարակութեամբ օժանդակէ այսօրուան ուժաթափ, սակայն տակաւին կանգուն ու տեսլականի տէր հայ ընտանիքին` կառչած մնալու լեզուին, հաւատալիքներուն, աւանդութիւններուն ու սովորութիւններուն:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մշակոյթի նախարարի ներկայացուցիչ դոկտ. Ալի Սամատ, որ նշեց, թէ Համազգայինը ա՛յն կարեւոր կեդրոններէն է, ուր սերունդներու կը փոխանցուին մշակութային արժէքներ: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի հայութիւնը անցեալին եւ այսօր իր արուեստագէտներով ու իւրայատկութիւններով մեծապէս նպաստած է Լիբանանի արուեստի զարգացման ու բարգաւաճման ճիգերուն: Սամատ գնահատեց դպրոցներու բեղուն գործունէութիւնը եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները` մաղթելով, որ անոնք ձեռք բերեն նորանոր նուաճումներ եւ շարունակեն հետեւիլ ժառանգութեան ու արժէքներու պահպանման առաքելութեան:
Աւարտին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 6 աշակերտներ` (Արազիկ Հայիթեան, Ղատի Լահհամ, Ռատուան Պազզի, Քամիլիա Նուր Ռահմէ, Քրիստ Դարբինեան եւ Քրիսթիան Շալհուպ ստացան վկայական, վկայագիր ստացան 8 աշակերտներ` Ալեք Շիրէհճեան, Անճելօ Զղէյպ, Քէւըն Գասապեան, Էլիօ Պու Սատէր, Ղատի Ղազալի, Նանոր Մխճեան, Տէյվիտ Թաքլա եւ Քրիսթել Մինասեան, իսկ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցէն վկայական ստացան երկու աշակերտներ Մէյ Սալամէ եւ Վահէ Հաճէնեան:
Յայտնենք, որ այս տարեշրջանի եօթնամեայ կրթութիւնը աւարտողները կոչուեցան «Գեղանի Էթիեմէզեան սերունդ», իսկ 10-րդ դասարանի քոլեճի շրջանաւարտները` «Գրիգոր Շահինեան սերունդ»:












