Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լըպրոն Կը Մտածէ…

July 1, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի տարեշրջանին վերջ գտնելէն ետք եւ Օքլահոմայի ախոյեան դառնալէ ետք, բոլորին կեդրոնացումը այժմ ուղղուած է դէպի ամառնային փոխանցումները:

Կան բազմաթիւ մարզիկներ, որոնք ազատ կարգավիճակ ունին եւ կրնան փոխադրուիլ այլ խումբ, ինչպէս է պարագան Լըպրոն Ճէյմսի, Քայրի Ըրվինկի, Ճէյմս Հարտընի եւ բազմաթիւ այլ աստղերու:

40 տարեկան Լըպրոն Ճէյմս կը մտածէ, թէ ի՛նչ պիտի ընէ, մանաւանդ որ յառաջիկայ տարեշրջանը պիտի ըլլայ իր 23-րդը` «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցանիշ մը եւս հաստատելով:

Ան կ՛ուզէ անպայման ախոյեան դառնալ 5-րդ անգամ ըլլալով, եւ այդ պատճառով է, որ կը մտածէ:

Այժմու խումբը` Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, ապագայի մասին կը մտածէ, բայց Լըպրոն Ճէյմս ժամանակ չունի սպասելու եւ կ՛ուզէ ախոյեան դառնալ ամէնէն կարճ միջոցին:

Անոր 52,6 միլիոն ամ. տոլար արժող պայմանագրութեան սակը որոշուած է, եւ ան քանի մը օրէն վերջնական որոշում պիտի տայ:

Քայրի Ըրվինկ, որ շատ լաւ տարեշրջան մը կը բոլորէր Տալաս Մեւրիքսի հետ, մարտին վիրաբուժութեան ենթարկուած էր ծունկին ետեւի մկանի խաչաձեւ կապերու («Էյ. Սի. Էլ.»): Քայրի 24,7 կէտ կը նշանակէր միջին հաշուով եւ կը մտածէ մնալ Տալասի հետ` սկսելու իր 15-րդ տարեշրջանը «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ: Ան կը մտածէ նոյնիսկ 3 տարուան նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել մօտ 120 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն: Քայրի, որ 2 տարեշրջան անցուց Տալասի հետ` սկսելով Լուքա Տոնչիչի հետ, որ սակայն այս յունուարէն միացաւ Լէյքըրզին: Քայրի Ըրվինկ այժմ խմբակից պիտի ունենայ Տոնչիչի հետ փոխարինուած Անթոնի Տէյվիսը, որ սակայն վիրաւոր էր, երբ միացաւ Տալասին, եւ Քայրիի հետ հազիւ քանի մը մրցում կրցաւ խաղալ, մինչեւ վերջինիս վիրաւորուիլը:

Կ՛ակնկալուի, որ Քայրի Ըրվինկ յառաջիկայ դեկտեմբերէն յունուարի միջեւ վերադառնայ դաշտ խումբի մը, որ ձեռք ձգեց Տիւքի աստղ Քուփըր Ֆլեկը, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «տրաֆթ»-ի (նորեկներու ցանկ) առաջին դիրքը կը գրաւէ:

Տալասի անակնկալ որոշումը (անցեալ յունուարին) Տոնչիչ-Տէյվիս փոխարինումով, Քայրիի համար աւելի արդիւնաւէտ եղաւ, հակառակ անոր որ Տալաս 2023-2024 տարեշրջանին «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական հասած էր Տոնչիչ-Ըրվինկ զոյգին հետ:

Այլ աստղ մը, որ ազատ կարգավիճակ ունի, Ճէյմս Հարտընն է, որ 35 տարեկանին կը մտածէ մնալ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի հետ` 2 տարիով երկարաձգելով իր պայմանագրութիւնը:

Նախկին «Էմ. Վի. Փի.» Հարտըն 81,5 միլիոն ամ. տոլարով կրնայ 2 տարի եւս մնալ Քլիփըրզի հետ:

Ճուլիըս Ռենտըլ իր կարգին իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի հետ, մինչ Եութա Ճեզ Քոլին Սեքսթընը «ղրկեց» Չարլոթ Հորնեթց` անոր փոխարէն ձեռք ձգելով Եուսուֆ Նուրքիչը:

Միլուոքի Պաքս հաւանաբար 3 տարուան պայմանագրութեամբ երկարաձգէ Պոպի Փորթիսի հետ իր պայմանագրութիւնը, մանաւանդ որ Փորթիս Միլուոքիի լաւագոյն թիւ 6 մարզիկն է իր «տինամիք» խաղով, ուր 14 կէտ, 8,4 ռիպաունտ կատարած էր պահեստի աթոռներէն, եւ համակիրներուն մօտ շատ սիրուած է:

Նախորդը

Ակումբներու Մոնտիալ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Դուրս Ձգեց Մեսսիի Մայեմին. Պայերն Միւնիխ Դուրս Ձգեց Ֆլամենկոն

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Պէյրութ – Սաժես 5-րդ Ճակատումը` Այսօր

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.