Այսօր Շիյահի դաշտին վրայ Պէյրութ Ֆըրսթ պիտի ճակատի Սաժեսի դէմ, Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտականի 5-րդ ճակատումին:
Շիյահի մէջ յաղթելէ ետք, Սաժես կիրակի գիշեր իր դաշտին վրայ մեծ յոյսեր ունէր աւարտականի տոմսը ձեռք ձգելու, բայց Պէյրութ չյանձնուեցաւ եւ մինչեւ վերջին երկվայրկեան պայքարելով խլեց 4-րդ ելոյթի յաղթանակը Ղազիրի մէջ` 88-87 արդիւնքով:
Սաժես առաջին մասին ետ մնալէ ետք (16-19) կրցաւ 46-41 արդիւնքով յառաջացած աւարտել կիսախաղը:
3-րդ մասը կը նմանէր առաջինին, ուր Սաժես 19 կէտ նշանակեց 15-ին դիմաց:
Սակայն վերջին մասին, Պէյրութ կրցաւ 9 կէտի տարբերութիւնը յաղթանակի վերածել վերջին 5 վայրկեաններուն: 74-69 արդիւնքով յառաջացած Սաժես չկրցաւ զսպել Պէյրութը, որուն մարզիկներէն Մըզհեր, Տարուիշ, Ուիմպուշ եւ Ճօ Եանկ կարեւոր կողովներ նշանակեցին:
Աւարտէն 23 երկվայրկեան առաջ Ալի Մըզհեր 84-84-ի վրայ հաւասարեցուց արդիւնքը: Սերժիօ Տարուիշ ֆաուլի ենթարկեց Սեքու Տումպույան, որ 3 կէտնոց կողով մը կը փորձէր նշանակել մրցումի աւարտէն 6 երկվայրկեան առաջ: Տումպույա 3 ազատ հարուածներն ալ նշանակեց: Թայմ աութէ ետք գնդակը հասաւ Ճօ Եանկի, որ 3 կէտնոց կողով մը փորձեց նոյն պահուն ֆաուլի ենթարկուելով Օմար Ժամալէտտինէն: Գնդակը նշանակուեցաւ: 3 կէտ եւ ազատ հարուածն ալ նշանակելով Պէյրութ 88-87 արդիւնքով յառաջացաւ աւարտէն 5 երկվայրկեան առաջ, վերջին ակնթարթին Մարք Խուէյրի (Պոպօ) փորձեց կողով մը նշանակել, բայց մրցումը վերջ գտաւ անփոփոխ արդիւնքով: