Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակումբներու Մոնտիալ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Դուրս Ձգեց Մեսսիի Մայեմին. Պայերն Միւնիխ Դուրս Ձգեց Ֆլամենկոն

Յուլիս 1, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակումբներու մոնտիալը շարունակուեցաւ, եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն շատ հանգիստ մրցումէ մը ետք կրցաւ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնել Լիոնել Մեսսիի Ինթեր Մայեմին:

Մրցումը արդէն սկսաւ եւ աւարտեցաւ առաջին կիսախաղին, ուր Փարիզի ակումբը 10-է աւելի առիթներ ունեցաւ` նշանակելով 4 կոլեր Ժոաօ Նեւեշի (2), Թոմաս Աւիլեսի (սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ մարոքցի Աշրաֆ Հաքիմիի շնորհիւ: Ինթեր Մայեմի ոչ մէկ առիթ ունեցաւ այս կիսախաղին:

Բ. կիսախաղին մրցումը աւելի հաւասարակշռուած էր, մանաւանդ որ Լուիս Էնրիքէ կիսախաղին (2) եւ աւելի ուշ փոխարինումներ կատարեց հանգիստ ձգելու իր մարզիկները, նոյն պահուն Ինթեր Մայեմի քիչ մը աւելի լաւ էր եւ միակ լուրջ առիթը ունեցաւ 80-րդ վայրկեանին, այդ ալ Մեսսիի գլխու հարուածով, զոր զսպեց Ճիանլուիճի Տոնարումա:

Փարիզ Սեն Ժերմեն հասաւ քառորդ աւարտական, ուր շաբաթ օր ժամը 19:00-ին պիտի մրցի Պայերն Միւնիխի դէմ:

Պայերն Միւնիխ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց պրազիլցի Ֆլամենկոն:

Ֆլամենկօ, որ 11 մրցումներէ ի վեր պարտութիւն չէր կրած, 6-րդ վայրկեանին քոռնըրէ մը ետք կոլ մը ստացաւ, երբ իր չիլիցի յետսապահ Էրիք Փուլկար գլխու հարուածով նշանակեց Պայերնի առաջին կոլը: 3 վայրկեան ետք, Ուփամեքանոյի թաքըլէն ետք, գնդակը հասաւ Հերի Քէյնի, որուն ձախ ոտքով հարուածը մուտք գործեց Օկուսթին Ռոսիի բերդին մէջ: Պայերնի բերդապահ Մանուէլ Նոյըր 2-3 առիթով զսպելէ ետք ան չկրցաւ զսպել Ճերսընի ռմբային հարուածը, որ անցաւ գլխուն վրայէն: 33-րդ վայրկեանն էր, եւ արդէն 3 կոլեր նշանակած էին յարձակողական այս գեղեցիկ մրցումին: 66 հազար համակիրները ականատես եղան Պայերնի միջնապահ Լէոն Կորեցքայի հարուածին, որ խաբեց բերդապահ Ռոսին:

Արդիւնք 3-1 ի նպաստ Պայերնի: Ֆլամենկօ քիչ մը կարծր ֆութպոլի սկսաւ, եւ Փուլկար դեղին քարտ մը ստացաւ կարծր թաքըլէ մը ետք: Յաջորդին Պայերնի յետսապահ Եոնաթան Թահ դեղին քարտ ստացաւ վէճի մը պատճառով, որմէ ետք Կոնսալօ Փլաթա իր կարգին դեղին քարտ մը ստացաւ: Փուլկար չկրցաւ մրցումը շարունակել վիրաւորուելէ ետք, եւ զինք փոխարինած Ալլան իր կարգին դեղին քարտ մը ստացաւ` կոշտ ֆաուլէ մը ետք:

Քոռնըրէ մը ետք, 53-րդ վայրկեանին գնդակը դպաւ Պայերնի մէկ մարզիկին ձեռքին, եւ անվիճելի փենալթին կոլի վերածեց Ճորճինիօ:

73-րդ վայրկեանին, Եոշուա Քիմիչի փոխանցումէն ետք, Հերի Քէյն նշանակեց Պայերնի 4-րդ կոլը վերջ դնելով պրազիլեան յոյսերուն:

Արոյ Սանէ 97-րդ վայրկեանին առիթ ունէր 5-րդ կոլը նշանակելու, բայց առանձին մնալով բերդապահ Ռոսիի հետ ան չկրցաւ նշանակել:

Նախորդը

Անյետաձգելին

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Լըպրոն Կը Մտածէ…

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կ՛որոշուի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մրցակիցը

Յուլիս 9, 2025
Հեծելարշաւ.  Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր

Յուլիս 9, 2025
Ըմբշամարտ.  Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ըմբշամարտ. Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?