Այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Մապարրայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Սապիլի դէմ, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան նախավերջին շաբթուան մրցումին:
Անցեալ տարի Սապիլէն 3-1 արդիւնքով պարտուելէ ետք այս տարի տղաքը կը փաստեն որ աւելի լաւ են եւ կը պայքարին 2-րդ դիրքին համար, որ յաջորդ հանգրուանի հասնելու յոյսն է:
Անցեալ շաբաթ տղաքը ցոյց տուին Տինամօ Պէյրութի դէմ մրցումին (որ անցեալ տարի 5-2 արդիւնքով յաղթած էր), որ այս տարի խումբը աւելի լաւ վիճակի մէջ է եւ ֆութպոլի մէջ ամէն բան կարելի է:
Նուժում պիտի մրցի Սանհարիպի դէմ, որ երկրորդ դիրքի վրայ կը գտնուի եւ պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ի վերջին մրցակիցը` վերջին հանգրուանին:
«Պի. Էֆ. Էյ.»-ի ակադեմիայի խումբը` Սանհարիպ, Աթլեթիքոյի նման 19 կէտ ունի, մինչ ՀՄԸՄ 15 կէտեր ունի: Նուժում 11 կէտ ունի եւ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը: Արզ, Սապիլ եւ Պէյրութ Ֆ. Ք. 4-ական կէտ ունին կը պայքարին խուսափելու` 5-րդ դասակարգ իջնելէ: